Երեք հայ պատգամաւորներ Սուրիոյ Խորհրդարանին մէջ

Մօտ տասը տարի է քաղաքացիական պատերազմի ճիրաններուն տակ տառապող Սուրիոյ մէջ 19 Յուլիս կիրակի օր կայացաւ երեսփոխանական ընտրութիւնները։ Ընդդիմութեան կողմէ պոյքոթուած ընտրութիւններու մասնակցութիւնը կը հասնէր յիսուն տոկոսի։ Ընտրութեան արդիւնքին Սուրիոյ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով երկրի հայ համայնքէն երեք հոգի պատգամաւոր ընտրուեցան։ Ժիրայր Ռէիսեան, որ երկար տարիներ վարած էր Պերիոյ Հայոց Առաջնորդարանի բամբերի պաշտօնը, այժմ երեսփոխան ընտրուած է Հալէպէն։ Հալէպէն երեսփոխան ընտրուած երկրորդ անուն մըն է իրաւաբան Լուսի Իսքենեան եւ մայրաքաղաք Դամասկոսէն ալ Նորա Արիսեան։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ