Իսթանպուլի համաձայնութիւնը պահպանողականներու թիրախ

Թուրքիոյ մէջ ներքաղաքական օրակար­գի ամե­նափխրուն նիւ­թե­րէն մէ­կը դար­ձած կը թո­ւի Իս­թանպու­լի հա­մաձայ­նա­գիրը։ Առա­ջին ան­գամ Պոլ­սոյ մէջ հրա­պարա­կուե­լուն պատ­ճա­ռաւ այս անու­նով կո­չուած հա­մաձայ­նա­գիրը երաշ­խիք մը ըլ­լա­լով կը դի­տուի կի­ներու դէմ բռնու­թեան դէպ­քե­րուն ըն­դա­ռաջ։ Ինչպէս ծա­նօթ է Թուրքիոյ մէջ վեր­ջին տա­րինե­րուն զգա­լիօրէն աճած է կի­ներու դէմ գոր­ծադրուած բռնու­թիւննե­րը, որոնք հա­մարեա ամէն օր պատ­ճառ կը դառ­նան մար­դասպա­նութեան։ Ցա­ւալի է այն երե­ւոյ­թը թէ նման յան­ցա­գոր­ծութիւննե­րը մե­ծաւ մա­սամբ չեն են­թարկո­ւիր ար­ժա­նի պատ­ժին, այ­րիշխան խոր­հուրդնե­րէ տա­րուած դա­տակազմնե­րու քմա­հաճոյքնե­րուն բեր­մամբ։ Դա­տարան­ներ շատ ան­գամ պատ­շաճ պա­տիժը մեղ­մացնե­լու ծա­ռայող պատ­րո­ւակ­ներ կը գտնեն եւ այդպէ­սով ալ կը զեղ­ջէն վճռուած պա­տիժը։ Իս­թանպու­լի հա­մաձայ­նա­գիրը կի­ներու այս հաս­կա­ցողու­թեան դէմ եր­կար տա­րինե­րէ ի վեր վա­րած պայ­քա­րին ար­գա­սիքն է, որ այժմ կը մատ­նո­ւի կրօ­նամոլ­նե­րու եւ ազ­գայնա­կան­նե­րու դժկա­մու­թեան։ Անոնք կը պնդեն թէ նման հա­մաձայ­նութիւ­նը սպառ­նա­լիք մըն է հայրիշ­խա­նու­թեան դէմ եւ կը մի­տի հա­լածել ըն­տա­նիքի խոր­հուրդը։ Անոնք նաեւ կը պնդեն թէ սոյն հա­մաձայ­նութիւ­նը ըն­դունե­լի կը դարձնէ նոյ­նիսկ կը խրա­խու­սէ միասե­ռակա­նու­թիւնը։ Այս պատ­ճա­ռաբա­նու­թիւննե­րով Թուրքիոյ կա­ռավա­րու­թիւնը կը փոր­ձէ չե­ղեալ հա­մարել իր իսկ ստո­րագ­րած հա­մաձայ­նութիւ­նը։ Զար­մա­նալի է, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ ալ նոյն շրջա­նակ­նե­րը գրե­թէ նոյն պատ­ճա­ռաբա­նու­թիւննե­րով կը բո­ղոքեն այս հա­մաձայ­նութեան դէմ եւ կոչ կ՚ընեն Հա­յաս­տա­նի կա­ռավա­րու­թեան, որ ան եւս չըն­դունի այս հա­մաձայ­նութիւ­նը։ Փո­խան այս բո­լորին կի­ներու իրա­ւունքնե­րու պաշտպան­ներն ալ մեծ վճռա­կամու­թեամբ կը պայ­քա­րին ի նպաստ այս հա­մաձայ­նագրին։

Թուրքիոյ իշ­խա­նու­թիւննե­րը բա­ցի երկրի մատ­նո­ւած տնտե­սական ճգնա­ժամին պար­տա­ւոր են նաեւ յաղ­թա­հարել այս բնոյ­թի ըն­կե­րային խնդիր­ներ, որոնք հետզհե­տէ շատ աւե­լի մտա­հոգիչ հա­մեմա­տու­թիւննե­րու կը հաս­նին։

Ար­դէն օրա­կար­գի վրայ է ըն­կե­րային ցան­ցե­րու սահ­մա­նափակ­ման մի­տող որոշ օրէնքնե­րու ձե­ւաւո­րու­մը։ Զան­գուածա­յին լրա­տուա­միջոց­նե­րու կա­ռավա­րութեան հսկո­ղու­թեան մատ­նո­ւելէն ետք աչ­քի փուշ դար­ձած է «Թո­ւիթըր»ը, Դի­մատետ­րը, «Ինսթակ­րամ»ը եւ այս բնոյ­թի այլ լրա­տուա­միջոց­նե­րը, որոնք ու­նին հա­մեմա­տաբար աւե­լի ազատ դաշտ մը եւ այժմ կա­ռավա­րու­թիւնը կը փոր­ձէ այդ դաշտն ալ սահ­մա­նափա­կել։ Ըստ երե­ւոյ­թի նիւ­թը յա­ռաջի­կայ օրե­րուն ալ աւե­լի այժմէական պի­տի թո­ւի երկրի օրակարգին վրայ։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ