Հրաժեշտ Ալպերթ Սեւինչ Հատոտոյին

ՔԵՄԱԼ ԵԱԼՉԸՆ

Ամէն մահ կան­խա­հաս է։ Եղ­բօրս Ալ­պերթին մա­հը իս­կա­պէս վա­ղաժամ էր։ Հա­զիւ 60 տա­րեկա­նին, իր ստեղ­ծած գե­ղեց­կութիւննե­րը վա­յելե­լու առանց առիթ գտնե­լու հե­ռացաւ մեզ­մէ։ Դուստրե­րուն, ամուսնա­լու­ծո­ւած կնոջ եւ բո­լոր սի­րող­նե­րուն ցա­ւակ­ցութիւն կը յայտնեմ։

2009-ին «Անա­տոլիայի որ­դի­ները» գրքիս նա­խապատ­րաստու­թեան օրե­րուն հան­դի­պած էի իրեն։ Մտքիս դրոշ­մուած է «Ես խա­ղաղու­թեան, բա­րեկա­մու­թեան կողմնա­կից եմ։ Խա­ղաղու­թեան եւ բա­րեկա­մութեան հա­մար կը կա­րօտինք փո­խադարձ յար­գանքի ու վստա­հու­թեան։ Ես կը փո­րձեմ հասկնալ իմ թուրք բա­րեկամ­նե­րը։ Թուրքերն ալ պէտք է զիս որ­պէս ասո­րի տես­նեն եւ հասկնա­լ ջա­նան։

Մայրս Մա­րի հայ էր, իսկ հայրս ասո­րի։ Մայրս աւե­լի ետք մուսլու­մա­նի մը հետ ամուսնա­ցաւ ու դար­ձաւ Սեմ­րա։ Խորդ եղ­բայրներս թուրք եւ մուսլու­ման են։ Իմ անու­նը Ալ­պերթ է, ազ­գա­նու­նը Սե­ւինչ։ Անու­նով ասո­րի եմ, ազ­գա­նու­նով թուրք։ Այսքան հա­կասու­թիւն դժուար թէ պա­տահի։

Թրքե­րէն ազ­գա­նու­նը Գեր­մա­նիոյ մէջ որոշ դժո­ւարու­թիւններ ստեղ­ծեց։ Կրնա­յի փո­խել ազ­գա­նունս, բայց այդ մէ­կը ինքնու­թեանս մէկ մա­սը ու­րա­նալ պի­տի նշա­նակեր։ Հի­մա կ՚ու­զեմ թէ ըն­տա­նիքիս հետ խա­ղաղ ու եր­ջա­նիկ կեանք մը վա­յելեմ։ Զա­ւակ­նե­րուս ապա­հով ապա­գայ մը թո­ղուլ կ՛ու­զեմ։ Իմ ապ­րած դժբախ­տութիւննե­րը իրենք չապ­րին»։

Ալ­պերթ Սե­ւինչ Հա­տոտո­յի հետ ծա­նօթա­ցայ 14 Փետ­րո­ւար 2001-ին, երբ կը պատ­րաստո­ւէի Քէօլ­նի հայ եկե­ղեց­ւոյ առաջ­նորդա­րանին մէջ «Սիրտս քեզ­մով կը խայ­տայ» գրքիս ըն­թերցման մի­ջոցա­ռու­մին։ Այդ հան­դի­պու­մէն ետք Ալ­պերթ իմ ըն­կե­րը, հա­րազա­տը, մտե­րիմը դար­ձաւ։ Իր բա­րեկա­մու­թիւնը միշտ ուժ ներշնչեց։

Ծնած էր 20 Հոկ­տեմբեր 1960-ին Իս­թանպուլ։ Ման­կութիւ­նը ան­ցած էր Միտ­յաթ։ Ու­սա­նած էր Իս­թանպուլի Աթա­թիւրքի անո­ւան երկրոր­դա­կան դպրո­ցը։ Դպրոցական տա­րինե­րուն դա­սըն­կերնե­րուն ձայ­նե­րով ընտրո­ւած էր դա­սարա­նի ներ­կա­յացու­ցիչ։ Սա­կայն զի­նուո­րական նա­խագի­տելիք­ներ առար­կա­յի ու­սուցիչ գնդա­պետ մը առար­կած էր այս ընտրու­թեան. «դա­սարա­նը ներ­կա­յաց­նե­լու հա­մար թուրք մը չէ՞ք կրցած գտնե­լ» ըսե­լով։ Այս դէպ­քը Ալ­պերթին հա­մար համ­բե­րու­թեան բա­ժակը յոր­դեցնող նշա­նակու­թիւն ու­նե­ցաւ։ 1978-ին աւար­տեց դպրո­ցը։ 28 Յու­նիս 1978-ին, 17 տա­րեկան էր երբ իր գլխուն մեկ­նե­ցաւ Գեր­մա­նիա։ Հա­կեն հա­մալ­սա­րանի ճար­տա­րապե­տու­թեան բա­ժինը աւար­տեց 1988-ին։ 30 տա­րիներ չի կրցաւ եր­թալ ծննդա­վայր եր­կի­րը։

Սրտանց կա­պուած էր ծննդա­վայ­րին՝ Թուր Ապ­տի­նին, Միտ­յա­թին։ «Ման­կութեան տա­րինե­րուս Միտ­յա­թը շատ կա­րօտած եմ։ Չեմ մո­ռացած մեր տան այ­գիի եզ­րին թզե­նին։ Կը մագլցէի ճիւ­ղե­րուն եւ թուզ կ՚ու­տէի»։

Թէ քիւրտ, թէ մահ­տե­սի եւ թէ եօթ պոր­տով հայ, Քիւրտ Հա­ճի Մեհ­մետ Տե­միր­ճիեան եւ կի­նը Քատ­րի­յէ Պա­գըր­ճըեան գի­տէին Ալ­պերթի այդ կա­րօտը եւ Միտ­յա­թէն իրենց բե­րած թզե­նիի տունկը տնկե­ցին անոր պար­տէ­զը։

2009-ի Ապ­րիլն էր։ Ասո­րինե­րու մա­սին ու­սումնա­սիրու­թիւններ ընե­լու հա­մար Միտ­յաթ պի­տի եր­թամ։ «Ի՞նչ կ՚ու­զես որ բե­րեմ» հար­ցուցի Ալ­պերթին։ «Ափ մը հող ու քա­րի կտոր մը» պա­տաս­խա­նեց։ 1915-ին ասո­րինե­րու դի­մադ­րութեան կեդ­րոննե­րէն Այնվար­տօ գիւ­ղէն ափ մը հող ու քա­րի կտոր մը բե­րի իրեն։ Հո­ղին բուրմունքը շնչեց, շո­յեց քա­րը ու դրաւ սե­ղանին վրայ։

Ալ­պերթ զգա­յուն էր բայց զգա­ցումնե­րը յայտնի չէր ըներ։ Ներ­քուստ կ՚ապ­րէր իր զրկանքնե­րը, կա­րօտ­նե­րը։ Շատ աշ­խա­տեցաւ, ինք կեր­տեց իր կեան­քը։ Տու­սելտորֆ քա­ղաքի ամե­նայայտնի ճար­տա­րապետ­նե­րէն մէկն էր։

Գի­շեր մը զիս իր տու­նը հրա­ւիրած էր։ Զրոյ­ցի ըն­թացքին հարց տո­ւի թէ ինչպէ՞ս կը գտնէ աշ­խա­տելու այդ կո­րովը իր մէջ։ Զիս առաջ­նորդեց շրջա­նակո­ւած գծագ­րութեան մը մօտ։ «Սա իմ տոհ­մա­ծառն է։ Հա­լէպաբ­նակ ողոր­մած հօ­րեղ­բայրս պատ­րաստած է 1990-ին։ Իմ պա­պերս սե­ռած են բազ­մանդան ասո­րի գեր­դաստա­նէ մը։ Բայց կը տես­նես թէ տոհ­մա­ծառին կարգ մը ճիւ­ղե­րը հա­տուած են։ Թէ մօ­րենա­կան եւ թէ հօ­րենա­կան կող­մէ բա­ւակա­նին զոհ տո­ւած ենք ցե­ղաս­պա­նու­թեան շրջա­նին։ Մեծ­մօրս հայ­րը եկե­ղեց­ւոյ զան­գա­կատան մէջ սպա­նած են։ Այս ծա­ռը շատ աւե­լի խիտ ճիւ­ղեր կ՚ու­նե­նար, եթէ այդքան ծանր չապ­րէինք մեծ եղեռ­նի ար­հա­ւիր­քը։

Շնոր­հա­լի էր ու երախ­տա­պարտ։ Հա­ւատա­րիմ էր իր ազ­գա­յին ու հա­մամարդկա­յին բար­քե­րուն։ 2008-ին ձեռ­նարկեց իր անու­նով հիմ­նադրա­մի մը հաս­տատման գոր­ծին։ Հիմ­նադրա­մի պաշ­տօ­նական բա­ցու­մը կա­յացաւ 20 Մա­յիս 2017-ին Տու­սելտորֆ, Մաքսհաու­զի մէջ յա­տուկ մի­ջոցա­ռու­մով մը։ Հիմ­նադրա­մը կը նպաս­տէ ասո­րի, հայ եւ գեր­մա­նացի­ներու, յատ­կա­պէս ալ իս­լա­մական ահա­բեկիչ­նե­րու կող­մէ առե­ւան­գուած, բռնա­բարո­ւած եզ­տի կա­նանց։

«Որ­դիկ Կիւլպեն­կեան Հանգստեան Տան» բաց­ման մաս­նակցե­լու հա­մար 17 Օգոս­տոս 2018-ին Գեր­մա­նիոյ Եզ­դի­ներու Խոր­հուրդի նա­խագահ Տոքթ. Իր­ֆան Օր­թաչ, ասո­րինե­րու պար­բե­րակա­նի եւ «Սու­րոյօ» հե­ռուստա­կայա­նի հիմ­նա­դիր ան­դամ, Եւ­րո­պայի Ասո­րինե­րու Միու­թեան վար­չութեան ան­դամ Եասեֆ Պեթ Թու­րո­յի հետ Հա­յաս­տան գա­ցինք։ Յա­ջորդ օր Կիւմրիի մէջ կա­յացող բաց­ման հան­դէ­սին Ալ­պերթ շատ ու­րախ կ՛երե­ւէր։ Բա­ցու­մը կա­տարած հանգստեան տու­նը պի­տի ծա­ռայեր կիւմրե­ցի ան­պատսպար տա­րեց­նե­րուն։ Չէինք գի­տեր թէ այս անոր իր ըն­կերնե­րուն, հա­րազատ­նե­րուն հետ վեր­ջին հան­դի­պումն է։ Հոն էին իր ամե­նամ­տե­րիմ­նե­րը՝ Փրոֆ. Միհ­րան Տա­պաղ, Ռա­քել Տինք, մայ­րը Մա­րի, քոյ­րը Նա­տիա եւ տա­կաւին ու­րիշներ։

Ալ­պերթ Սե­ւինչ Հա­տոտո­յի հետ բո­լոր զրոյցներս, իր փո­խան­ցած յու­շե­րու ձայ­նագրու­թիւննե­րը յա­տուկ թղթած­րա­րի մը մէջ փո­խան­ցած եմ Տոյսպուրկ- Էս­սե­նի հա­մալ­սա­րանի մէջ տե­ղակա­յուած Քե­մալ Եալ­չը­նի ար­խի­ւին։

Նոյն 2018-ին, իր բե­րած ծա­ռայու­թիւննե­րուն իբր գնա­հատանք, Ալ­պերթ Սե­ւինչ Հա­տոտօ Գեր­մա­նիոյ մէջ պար­գե­ւատ­րուեցաւ «Շե­մուն Հան­նէ Հայ­տօ» շքան­շա­նով։

Այս զար­գա­ցումնե­րէն կարճ ժա­մանակ անց իմ բա­րեկա­մը ին­կաւ անո­ղոք հի­ւան­դութեան ճի­րան­նե­րուն եւ յոգ­նա­տանջ մար­մի­նը հան­գաւ սոյն տա­րուայ 16 Յու­լի­սին։

Ես իմ վրայ պար­տա­կանու­թիւն կը հա­մարեմ անոր տես­լա­կան­նե­րուն իրա­կանաց­ման հա­մար աշ­խա­տիլը։ Չի­մացողը ի՞նչ գիտ­նայ քեզ, հա­զար ող­ջոյն իմա­ցող­նե­րուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ