Թշնամու երգերը՝ Հայ-Ատրպէյճանական տաղերու նմանութիւն

ԼԷՈՆ ԱՍԼԱՆՈՎ

Քանի մը տա­­րի առաջ Լոն­­տո­­­նի տար­­բեր վայ­­րե­­­րուն դաշ­­նա­­­մուրներ տե­­ղաւո­­րուած էին պար­­զա­­­պէս անցնող­­նե­­­րէն ցան­­կա­­­ցողը նո­­ւագէ ըսե­­լով։ Ան­­գամ մը «Քինկս Քրոս» կա­­յարա­­նէն անցնե­­լու ժա­­մանակ դաշ­­նա­­­մու­­րի մե­­ղեդին ու­­շադրու­­թիւնս գրա­­ւեց։ Ճա­­զային երանգներ ու­­նե­­­ցող հայ­­կա­­­կան երաժշտու­­թիւն մըն է կար­­ծե­­­ցի։ Թե­­րեւս Առ­­նօ Պա­­պաճա­­նեան կամ Լե­­ւոն Մալ­­խա­­­սեալ։ Ուղղո­­ւեցայ դէ­­պի ձայ­­նին, նո­­ւագա­­ծուին մօ­­տենա­­լով հար­­ցուցի. «Բա­­րեւ ձեզ, Պա­­պաճա­­նեան կը նո­­ւագէ՞ք»։ Ժխտա­­կան էր պա­­տաս­­խա­­­նը։ Հայ է՞ք։ «Ոչ» պա­­տաս­­խա­­­նեց։ «Ազե­­րի եմ» «Վա­­քըֆ Մուսթա­­ֆազա­­տէի գործն է նո­­ւագածս Պա­­քուի Գի­­շեր­­նե­­­րը»։

Շո­­ւարած էի ինչպէս եղած էր, թէ Ատրպէյ­­ճա­­­նական դա­­սական երաժշտա­­կան կտոր մը հայ­­կա­­­կան երաժշտու­­թեան հետ շփո­­թած էի։ Դաշ­­նա­­­կահա­­րին պատ­­մե­­­ցի թէ ամ­­բողջ ման­­կութեան տա­­րինե­­րուս լսած եմ Առ­­նօ Պա­­պաճա­­նեանի հայ­­կա­­­կան ժո­­ղովրդա­­կան երաժշտու­­թե­­­նէ ներշնչո­­ւած դաշ­­նա­­­մու­­րա­­­յին գոր­­ծե­­­րը։ Ինք ալ զար­­մա­­­ցած էր այս նմա­­նու­­թեան։ Մի­­ջոց մը զրո­­ւեցինք այդ նիւ­­թի շուրջ։ Սա իմ առա­­ջին հան­­դի­­­պումն էր Ատրպէյ­­ճա­­­նական երաժշտու­­թեան հետ, որ­­մէ ետք սկսաւ այդ նմա­­նու­­թիւնը փաս­­տող բազ­­մա­­­թիւ գոր­­ծե­­­րու ուղղեալ ճամ­­բորդու­­թիւնս։

Հա­­յեր ու Ատրպէյ­­ճանցի­­ներ դա­­րեր շա­­րու­­նակ կողք կող­­քի ապ­­րե­­­լով հան­­դերձ զի­­րարու հա­­կադ­­րո­­­ւած ժո­­ղովուրդներ եղան։ «Եու­­թուպ» կայ­­քի վրայ, երբ կը հան­­դի­­­պինք հայ­­կա­­­կան կամ ատրպէյ­­ճա­­­նական երաժշտա­­կան օրի­­նակ­­նե­­­րուն, ներ­­քե­­­ւի մեկ­­նա­­­բանու­­թեան բաժ­­նին մէջ կը գտնենք ան­­հա­­­մար պնդումներ, այդ նոյն եր­­գը այս կամ այն ազ­­գին վե­­րագ­­րե­­­լու նպա­­տակով։ Երե­­ւի թէ կող­­մե­­­րը իրենց քա­­ղաքա­­կան հա­­կադ­­րութիւննե­­րը օրի­­նակա­­նաց­­նե­­­լու հա­­մար կը փոր­­ձեն հա­­սարա­­կական մշա­­կոյ­­թը մեր­­ժել։ Ի. դա­­րու տե­­ւողու­­թեամբ հայ-ատրպէյ­­ճա­­­նական յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րը ընդ միշտ թշնա­­մական հո­­ղի մը վրայ զար­­գա­­­ցան։ Նոյն քա­­ղաք­­նե­­­րու բնա­­կիչ­­ներ էին, նման աւան­­դութիւններ կը բաժ­­նէին եւ նմա­­նու­­թիւննե­­րը տար­­բե­­­րու­­թիւննե­­րէն շատ աւե­­լի ծանր կը կշռէին։ Հա­­յեր եւ Ատրպէյ­­ճանցի­­ներ ԺԹ. եւ Ի. դա­­րերուն ձե­­ւաւո­­րեցին իրենց ազ­­գա­­­յին ինքնու­­թիւնը եւ այդ ձե­­ւաւոր­­ման մէջ ալ մի­­մեանց հան­­դէպ ատե­­լու­­թիւնը գլխա­­ւոր դե­­րակա­­տար եղաւ։ Խորհրդա­­յին միու­­թեան եր­­կու ան­­կախ հան­­րա­­­պետու­­թիւններ ներ­­քուստ շա­­րու­­նա­­­կեցին մի­­մեանց հան­­դէպ մրցակ­­ցութիւ­­նը։

Եւ սա­­կայն մշա­­կու­­թա­­­յին ար­­տա­­­յայ­­տութեան եղա­­նակ­­նե­­­րը ժո­­ղովուրդի մը ան­­ցեալին մա­­սին բազ­­մա­­­թիւ վկա­­յու­­թիւններ կը ներ­­կա­­­յաց­­նէ եւ անջնջե­­լի հետ­­քեր կը թո­­ղու այ­­սօ­­­րուայ ապ­­րումնե­­րուն եւ ապա­­գայի տես­­լա­­­կանին վրայ։ Հա­­յոց ու Ատրպէյ­­ճանցի­­ներու նմա­­նու­­թիւնը ցո­­լաց­­նող լե­­զու, խո­­հանոց, գե­­ղարո­­ւեստ եւ այլ մշա­­կու­­թա­­­յին ար­­տա­­­յայտչա­­միջոց­­ներ եր­­կար ժա­­մանա­­կէ ի վեր ան­­հե­­­տացած յի­­շողու­­թիւնը կրնան վե­­րակեն­­դա­­­նաց­­նել։ Եր­­կար տա­­րինե­­րու ծա­­ւալող ան­­ցեալը կ՚ապա­­ցու­­ցէ թէ հա­­յեր ու ատրպէյ­­ճա­­­ցիներ իրենց կար­­ծա­­­ծէն շատ աւե­­լի հա­­սարա­­կական կէ­­տեր կը բաժ­­նեն։

Երաժշտու­­թիւնը այս իրո­­ղու­­թիւնը ապա­­ցու­­ցող դաշ­­տե­­­րէն մէկն է։ Հա­­յեր եւ ատրպէյ­­ճանցի­­ներ ընդհան­­րա­­­պէս կ՚օգ­­տա­­­գոր­­ծեն դու­­դուկ, զուրնա կամ թա­­րի նման երաժշտա­­կան գոր­­ծիքներ։ Կը նո­­ւագեն 6/8 կշռոյ­­թով եւ մերթ ընդ մերթ ալ նոյն եղա­­նակը կ՚եր­­գեն իրենց մայ­­րե­­­նի լե­­զու­­նե­­­րով։

Հա­­րաւա­­յին Կով­­կա­­­սի ժո­­ղովուրդնե­­րու երաժշտա­­կան նմա­­նու­­թեան ամե­­նածա­­նօթ օրի­­նակն է ԺԸ. դա­­րու բա­­նաս­­տեղծ Աշուղ Սա­­յաթ Նո­­վան է։ Ան կա­­տարած է հա­­յերէն, վրա­­ցերէն եւ ար­­պէյճա­­ներէն բազ­­մա­­­թիւ ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութիւններ։ Դար­­ձեալ քա­­ղաքա­­կան դրդա­­պատ­­ճառնե­­րով Սա­­յաթ Նո­­վայի ատրպէյ­­ճա­­­ներէն եր­­գե­­­րը դի­­տումնա­­ւոր կեր­­պով կը թաք­­նո­­­ւին։ Այսպէ­­սով Սա­­յաթ Նո­­վան կը ներ­­կա­­­յանայ իբ­­րեւ հայ երա­­ժիշտ։ Իր տա­­րածաշրջա­­նի տար­­բեր երաժշտա­­կան աւան­­դութիւննե­­րէն ներշնչո­­ւած տա­­ղերը մա­­հանա­­լէն տա­­րիներ ետք հայ­­կա­­­կան ազ­­գա­­­յին երաժշտու­­թիւն մը ստեղ­­ծե­­­լու ծրագ­­րով ձայ­­նագրո­­ւեցան եւ այսպէ­­սով լոկ հայ Սա­­յաթ Նո­­վա մը ձե­­ւաւո­­րուե­­ցաւ։

Եր­­գե­­­րը կը շրջին առանց իրենց մեկ­­նա­­­կէտին մա­­սին յստակ հետ­­քեր թո­­ղելու։ Օրի­­նակի հա­­մար գի­­տենք թէ «Մեճ­­լումի Պէս» հա­­յերէն եր­­գը Սա­­յաթ Նո­­վայի յօ­­րինում մըն է, բայց նոյն մե­­ղեդին տար­­բեր բա­­ռերով կը գոր­­ծադրո­­ւի նաեւ ատրպէյ­­ճա­­­նական երաժշտու­­թեան մէջ։ Նոյն եղա­­նակը ու­­նե­­­նալու հան­­դերձ տար­­բեր երաժշտա­­կան ոճե­­րով կա­­տարո­­ւած, տար­­բեր բա­­ռերով եր­­գո­­­ւած բազ­­մա­­­թիւ օրի­­նակ­­ներ կան։ Կարգ մը եր­­գե­­­րու հե­­ղինակ­­նե­­­րը եր­­կու լե­­զու­­նե­­­րու հա­­մար ալ ծա­­նօթ են։ Սա­­կայն այս ալ բա­­ւարար փաստ չի հա­­մարո­­ւիր եր­­գի պատ­­կա­­­նելիու­­թիւնը հաս­­տա­­­տելու առու­­մով։ Օրի­­նակ մը եւս նշենք «Ալ­­վան Վար­­դեր» եւ «Զով Գի­­շեր» անուն հա­­յերէն եր­­գե­­­րը գի­­տենք որ կը պե­­տակա­­նի կիւ­­մերցի աշուղ Գու­­սան Շե­­րամին։ Այս եր­­գե­­­րու ատրպէյ­­ճա­­­ներէն փո­­խանորդներն են «Սիւ­­սեն Սիւմպիւլ» եւ «Կէօզե­­լիմ Սենսեն» եր­­գե­­­րը։ Կիւմրի նա­­խապէս Հայ-Ատրպէյ­­ճա­­­նական խառն բնակ­­չութիւն մը ու­­նե­­­նալով պատ­­ճա­­­ռաւ եր­­գե­­­րուն պատ­­կա­­­նելու­­թիւնը ստու­­գե­­­լը հա­­ւանա­­բար ան­­կա­­­րելի պի­­տի ըլ­­լայ։ Եր­­կու եր­­կիրնե­­րէ ներս ալ աշու­­ղա­­­կան աւան­­դութիւ­­նը յե­­ղաշրջե­­ցաւ եւ կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւեցաւ, որու հե­­տեւան­­քով հետզհե­­տէ աւե­­լի դժո­­ւար պի­­տի հան­­դի­­­պինք երկլե­­զու աշուղնե­­րուն։ Անոնց մա­­սին յի­­շողու­­թիւնը հետզհե­­տէ կոր­­սո­­­ւեցաւ, բայց եր­­գե­­­րը իբ­­րեւ վկա­­յու­­թիւն կը շա­­րու­­նա­­­կեն գո­­յատե­­ւել։

Եր­­կու ժո­­ղովուրդներն ու­­նին հե­­ղինա­­կը ան­­յայտ բազ­­մա­­­թիւ երգ ու պա­­րեղա­­նակ։ Նոյ­­նիսկ անոնցմէ ոմանց անուններն ալ նոյնն են։

Այս նմա­­նու­­թիւննե­­րուն աւե­­լի յա­­ճախ կը հան­­դի­­­պինք հար­­սա­­­նեկան խրախ­­ճանքնե­­րուն։ Եր­­կու ժո­­ղովուրդներն ալ կը գոր­­ծադրեն 6/8 կշռոյ­­թը, որ շատ յար­­մար է «Շա­­լախօ»ի նման պա­­րերու։ Արե­­ւելա­­հայոց եւ ատրպէյ­­ճանցի­­ներու երաժշտա­­կան փո­­խազ­­դե­­­ցու­­թեան պատ­­մութեան մէջ յա­­տուկ տեղ ու­­նի ռա­­պիզ կո­­չեալ ոճը։ Բա­­ռերու եւ մե­­ղեդի­­ներու առու­­մով մե­­լամաղ­­ձոտ այս երաժշտու­­թեան մէջ ընդհան­­րա­­­պէս միւ­­նէօր կա­­մերը կը գոր­­ծա­­­ծուին։ Ռա­­պիզ ան­­ցեալին շատ աւե­­լի մեղմ հնչո­­ղու­­թիւն ու­­նե­­­ցող դու­­դուկ եւ դհո­­լի մի­­ջոցաւ կը կա­­տարուէր։ Այ­­սօր «Սինթսայ­­զըր»ի մի­­ջոցաւ աւե­­լի արագ երաժշտու­­թիւն մը կը կի­­րար­­կո­­­ւի։ Ռա­­պիզ կա­­տարող մե­­նակա­­տար­­նե­­­րու մէջ հա­­յերէ­­նէ եւ ատրպէյ­­ճա­­­ներէ­­նէ ան­­ցումնե­­րուն կը հան­­դի­­­պինք։ Կը կի­­րար­­կո­­­ւի ձայ­­նը դռդռաց­­նե­­­լով եր­­գե­­­լու ոճ մը, որ ատրպէյ­­ճանցի­­ներ կ՚անո­­ւանեն «զեն­­կուլէ» իսկ հա­­յեր «կլկլոց»։

Ռա­­պիզ ժա­­մանա­­կի ըն­­թացքին եւս փո­­փոխու­­թիւններ ապ­­րե­­­ցաւ։ Այժմ Հա­­յաս­­տա­­­նի բա­­նակը փառաբա­­­րող հա­­յոց եր­­կի­­­րը սրբաց­­նող եւ թուրքե­­րուն ուղղեալ նա­­խատինք պա­­րու­­նա­­­կող եր­­գեր կան։ Սա­­կայն այս բո­­լորը ունկնդրի մօտ ակնկա­­լուած փո­­խադար­­ձը չեն ու­­նե­­­նար։

Հա­­յոց եւ ատրպէյ­­ճանցի­­ներու մի­­ջեւ այ­­սօր ալ շա­­րու­­նա­­­կուող թշնա­­մու­­թիւնը չի կրնար ան­­տե­­­սել եր­­կու ժո­­ղովուրդնե­­րու երաժշտա­­կան գետ­­նի վրայ տա­­րինե­­րու ըն­­թացքին գո­­յացու­­ցած սերտ յա­­րաբե­­րու­­թիւնը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ