«Արաս»էն երկու նոր հրատարակութիւն

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Հա­մավա­րակի այս օրե­­րուն երբ կեան­­քի զա­­նազան բու­­լե­­­րու նման հրա­­տարակ­­չա­­­կան աշ­­խարհն ալ մատ­­նուած էր սպաս­­ման անո­­րոշ շրջա­­նկի մը, «Արաս» հրա­­տարակ­­չա­­­տուն այդ օրե­­րու ըն­­թացքին թափ տո­­ւած հա­­մացան­­ցա­­­յին հրա­­տարա­­կու­­թիւննե­­րու զու­­գա­­­հեռ ըն­­թերցո­­ղին կը մա­­տուէ նոր լոյս տե­­սած եր­­կու հե­­տաքրքրա­­կան գոր­­ծեր եւս։

Անոնցմէ առա­­ջինն է «Ախն ին­­կաւ հա­­յու օճա­­խին մէջ» տես­­թաննե­­րու հա­­ւաքա­­ծոն, որ հրա­­տարա­­կու­­թեան պատ­­րաստո­­ւած է ծա­­նօթ պատ­­մա­­­բան Այ­­հան Աք­­թա­­­րի ջան­­քե­­­րով։ Կա­­րելի է ըսել, թէ այս ու­­սումնա­­սիրու­­թիւնը իր տե­­սակին մէջ եզա­­կի երե­­ւոյթ մըն է, քա­­նի որ պատ­­մա­­­բանը քննար­­կե­­­լով հա­­յատառ թրքե­­րէն այս յան­­գա­­­ւոր պա­­տումնե­­րը կը յայտնա­­բերէ նաեւ յե­­տեղեռ­­նեան շրջա­­նի բա­­ւակա­­նին ըն­­դարձակ պատ­­կեր մը։

Իբ­­րեւ ու­­րոյն գրա­­կան ոճ տես­­թաննե­­րը մեր պատ­­մագրու­­թեան մէջ շատ յա­­տուկ նշա­­նակու­­թիւն ու­­նին, քա­­նի կը ներ­­կա­­­յաց­­նեն տո­­ւեալ ժա­­մանա­­կահա­­տուա­­ծի մը ստոյգ դէպ­­քե­­­րը ուղղա­­կի ակա­­նատե­­սի վկա­­յու­­թեամբ։ Ար­­դա­­­րեւ տես­­թաննե­­րը ու­­նին նաեւ վա­­ւերագ­­րա­­­կան բնոյթ։ Հե­­ղինա­­կին յատ­­կութիւննե­­րու հա­­մապա­­տաս­­խան կեր­­պով անոնք փաս­­տա­­­ցի կեր­­պով կը նկա­­րագ­­րեն դէպ­­քե­­­րը, բայց նաեւ կը փո­­խան­­ցեն այդ դէպ­­քե­­­րուն տե­­ղի տո­­ւած զգա­­ցակա­­նու­­թիւնը եւս։ Ընդհան­­րա­­­պէս Հա­­լէպի մէջ գրի առ­­նո­­­ւած այս տես­­թաննե­­րու շնոր­­հիւ մենք իրա­­զեկ կը դառ­­նանք Այնթա­­պի, Եդե­­սիոյ կամ Մա­­րաշի նման քա­­ղաք­­նե­­­րու մէջ ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան ըն­­թացքին պա­­տահած­­նե­­­րուն։ Բայց կայ աւե­­լին Այ­­հան Աք­­թա­­­րի մշա­­կած տես­­թաննե­­րը կը ցո­­լաց­­նեն նաեւ վե­­րապ­­րածնե­­րու մատ­­նո­­­ւած դժո­­ւարու­­թիւննե­­րը նոր ու օտար քա­­ղաքի մը մէջ կեանքը վերստին ձե­­ւաւո­­րելու դժո­­ւարին ճա­­նապար­­հին մէջ։

Աք­­թար նիւ­­թե­­­րու այս ըն­­դարձակ պա­­շարը պատ­­մա­­­բանի յա­­տուկ ման­­րակրկիտ ու­­սումնա­­սիրու­­թեամբ կը փո­­խան­­ցէ թրքե­­րէն ըն­­թերցող զան­­գո­­­ւածին։

Նշենք որ «Ակօս»ի աշ­­խա­­­տակից Ֆեր­­տա Պա­­լան­­ճար նա­­խորդ շա­­բաթ այս հրա­­տարա­­կու­­թեան առ­­թիւ բո­­վան­­դա­­­կալից հար­­ցազրոյց մը ու­­նե­­­ցած էր թեր­­թիս էջե­­րուն վրայ։

«Արաս»ի մա­­տենա­­շարէն վեր­­ջերս լոյս տես­­նող ու­­շագրաւ հա­­տոր մըն է նաեւ Անտրէյ Պի­­թովի յու­­շագրու­­թիւններ եւ տպա­­ւորու­­թիւննե­­րը 1967 թո­­ւին այ­­ցե­­­լած Խորհրդա­­յին Հա­­յաս­­տա­­­նէն։ Գիր­­քը առա­­ջին ան­­գամ 1969-ին ռու­­սե­­­րէնով հրա­­տարա­­կուե­­ցաւ «Հա­­յաս­­տա­­­նեան սեր­­տո­­­ղու­­թիւններ՝ ճամ­­բորդու­­թիւն դէ­­պի շատ ալ փոքր չե­­ղող եր­­կիր»։ Գիր­­քը՝ որ կը բո­­վան­­դա­­­կէր ըն­­դա­­­մէնը տա­­սը օրե­­րու տպա­­ւորու­­թիւննե­­րը գրաքննա­­դատ­­նե­­­րու կող­­մէ ող­­ջունո­­ւեցաւ իբ­­րեւ գրա­­կանու­­թեան գլուխ գոր­­ծոց։ Յստակ է որ Պի­­թով նման յա­­ւակ­­նութիւն մը չէր ու­­նե­­­ցած, երբ թերթ մը զինք պաշ­­տօ­­­նակո­­չեց Հա­­յաս­­տա­­­նի ար­­դի քա­­ղաքա­­շինու­­թիւնը ու­­սումնա­­սիրե­­լու հա­­մար Երե­­ւան ու­­ղարկե­­լով։ Պի­­թով այստեղ իր ստանձնած առա­­քելու­­թե­­­նէն աւե­­լի, վա­­ղեմի բա­­րեկա­­մին՝ Հրանդ Մա­­թէոսեան եւ անոր ըն­­տանեկան մի­­ջավայ­­րի շնոր­­հիւ թա­­փան­­ցեց Հա­­յաս­­տա­­­նի կեն­­ցա­­­ղին, որուն մա­­սին առ­­հա­­­սարակ պատ­­կե­­­րացում մը չէր ու­­նե­­­ցած նա­­խապէս։ Տար­­բեր մշա­­կոյթ, տար­­բեր կե­­րակ­­րա­­­տեսակ, ամ­­բողջո­­վին ան­­ծա­­­նօթ լե­­զու, պատ­­մութիւն, բնու­­թիւն եւ ան­­շուշտ արո­­ւեստ։ Պի­­թով անդրա­­դար­­ձած է թէ այս ան­­ծա­­­նօթ եր­­կի­­­րը ու­­սումնա­­սիրե­­լը դա­­սանիւ­­թի մը վրայ աշ­­խա­­­տելու հա­­մազօր պի­­տի ըլ­­լար։ Այդ իսկ պատ­­ճա­­­ռաւ, թէ գիր­­քը շա­­րադ­­րեց նոր սեր­­տո­­­ւած դա­­սանիւ­­թի մը նման եւ թէ անո­­ւանեց «Հա­­յաս­­տա­­­նեան Սեր­­տո­­­ղու­­թիւններ» խո­­րագի­­րով։

Գիր­­քի են­­թա­­­խորա­­գիրը՝ «Ճամ­­բորդու­­թիւն Դէ­­պի Տա­­ռերու Եր­­կի­­­րը» Վա­­սիլի Կրոս­­մա­­­նին «Ճամ­­բորդու­­թիւնն Դէ­­պի Քա­­րերու Եր­­կի­­­րը» (2018) եւ Օսիփ Ման­­տերշթա­­նյի «Ճամ­­բորդու­­թիւն Դէ­­պի Գոյ­­նե­­­րու Եր­­կի­­­րը» (2018) գիր­­քե­­­րուն հետ եռեակ մը կը կազ­­մէ, որուն մէջ կը հան­­դի­­­պինք ռուս հե­­ղինակ­­նե­­­րու Խորհրդա­­յին Հա­­յաս­­տա­­­նի մա­­սին տպա­­ւորու­­թիւննե­­րուն։ Սոյն հա­­տորին մէջ տե­­ղադ­­րո­­­ւած է նաեւ թարգմա­­նիչ Սապ­­րի Կիւրսէ­­սի կող­­մէ գրո­­ւած նա­­խաբան մը, ուր ծա­­ւալուն կեր­­պով կը ներ­­կա­­­յացո­­ւի հե­­ղինա­­կի գրա­­կան եւ ան­հա­տական կերպարը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ