Էսաեանցիի ուշագրաւ յաջողութիւնը

Էսաեան վարժարանի շրջանաւարտ Արիս Տիգրան Նշան համալսարանական մտից քննութիւններու ընթացքին գերազանց յաջող արդիւնք մը առնելով մաս կազմեց առաջին հազարին։ Այս տարի Թուրքիոյ մէջ համալսարանական մտից քննութիւններուն մասնակցած էր 2 միլիոն 296 հազար ուսանող։ Արիս Տիգրան Նշան այս յաջողութենէ ետք բացատրութիւններ տուաւ «Ակօս»ի թղթակցին։ Երիտասարդ ուսանողը յայտնեց, որ միշտ փայլուն եղած է իր ուսանողական շրջանը։ «Յատուկ պատրաստութիւն մը չէի ըրած։ Արդէն դասապահներուն շատ ուշադիր էի։ Այժմ մտադիր եմ Պողազիչի կամ Իսթանպուլի Թեքինք Համալսարանի մէջ ճարտարագիտական բաժին մը ընտրելու»։ «Ակօս» սրտանց կը շնորհաւորէ Արիս Տիգրան Նշանը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ