ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՎԱՀԱՆ

Ո՜վ երանելի տէր Վահան,

ընտրեալ յԱստուծոյ։

Այս խօս­­քե­­­րով ող­­բաց Խոս­­րո­­­վիդուխտ Գողթնա­­ցին, երբ 737 թո­­ւակա­­նին Հա­­յաս­­տան հա­­սաւ իր սի­­րելի եղ­­բօր նա­­հատա­­կու­­թեան գոյ­­ժը։ Այդ եղե­­րեր­­գութեան մէջ երա­­ժիշտ ազ­­նո­­­ւու­­հին իւ­­րա­­­յատուկ երաժշտա­­կան ձե­­ւով, ան­­կաշկանդ եւ ծա­­ւալուն մե­­ղեդիով հինգ ան­­գամ կը յի­­շէ իր եղ­­բօր անու­­նը՝ Վա­­հան։ Այս յօ­­դուա­­ծի մէջ մենք ալ պի­­տի յի­­շենք անոր անու­­նը, հինգ ան­­գամ։ «Զար­­մա­­­նալի է ինձ» է այս շա­­րակա­­նին անու­­նը, քան­­զի քոյր երա­­ժիշ­­տը կը զար­­մա­­­նայ, թէ Վա­­հանը, հա­­կառակ աննկա­­րագ­­րե­­­լի չար­­չա­­­րանքնե­­րու, ինչպէ՛ս արիու­­թեամբ եւ հե­­զու­­թեամբ ստա­­ցեր էր մար­­տի­­­րոսա­­կան պսա­­կը։

Այ­­սօր, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, կը զրու­­ցենք «վա­­հան» բա­­ռի եւ Վա­­հան­­նե­­­րու մա­­սին։ Զար­­մա­­­նալով ալ պի­­տի տես­­նենք, թէ որ­­քա՛ն պա­­տուա­­բեր բառ եւ անձնա­­նուն է եղած ան հայ ազ­­գի հա­­մար՝ սկսե­­լով Ե. դա­­րէն։ Սա­­կայն, նախ ձե­­զի կ՚առա­­ջար­­կեմ մտո­­վի ճա­­նապար­­հորդու­­թիւն մը կա­­տարել դէ­­պի Հա­­յաս­­տան, 1214 բնակ­­չութիւն ու­­նե­­­ցող Վա­­հան գիւ­­ղը։ Սե­­ւանի արե­­ւելեան կողմն է ան, մեր հան­­րա­­­պետու­­թեան պե­­տական սահ­­մա­­­նէն միայն 3 քի­­լոմեթր հե­­ռու։ Ահա այս գիւ­­ղը իր մէջ կը պա­­րու­­նա­­­կէ «վա­­հան» բա­­ռի զուտ հայ­­կա­­­կան իմաս­­տը։ Ար­­ցա­­­խեան պա­­տերազ­­մէն ի վեր սահ­­մա­­­նապահ­­ներ այս գիւ­­ղի մէջ տե­­ղակա­­յուած կը պահ­­պա­­­նեն հայ­­րե­­­նի հո­­ղը։ Այս պատ­­ճա­­­ռով ալ 1991 թո­­ւակա­­նին հրա­­ժեշտ տո­­ւած է իր նախ­­կին անուննե­­րուն եւ ար­­ժա­­­նապէս կո­­չուած է Վա­­հան, որ­­պէս երկրի հիւ­­սի­­­սարե­­ւելեան դար­­պաս։ Ահա լեռ­­նա­­­նիստ այս գիւ­­ղէն կա­­րելի է դի­­տել «վա­­հան» բա­­ռի ոդի­­սակա­­նը։

«Վա­­հան» բա­­ռը բուն կը նշա­­նակէ «ծածկ»։ Կը կար­­ծո­­­ւի թէ ու­­նի պարսկա­­կան ծա­­գում։ Նախ­­նա­­­կան ձե­­ւերն են «վար­­հան» եւ «վարհրան»։ Ե. դա­­րուն, Աս­­տո­­­ւածա­­շունչի թարգմա­­նու­­թեան ժա­­մանակ, Մես­­րոպ Մաշ­­տո­­­ցը եւ անոր թարգմա­­նիչ աշա­­կերտնե­­րը զի­­նուած էին «վա­­հան» բա­­ռով։ Սուրբ գիր­­քի մէջ կան 33 «վա­­հան», 8 «վա­­հանա­­ւոր», 5 «վա­­հանակ» եւ 2 «վա­­հանա­­կիր»։ Պատ­­կե­­­րալից են նաեւ Սուրբ Գիր­­քի մէջ «վա­­հան»ով կազ­­մո­­­ւած վեց բա­­ռակա­­պակ­­ցութիւննե­­րը. «Թնդիւն վա­­հանաց», «Վա­­հան հա­­ւատ­­քի», «Վա­­հան ոս­­կի», «Պղնձա­­պատ վա­­հան», «Հա­­զար վա­­հան», «Վա­­հան պղին­­ձի»։ Պատ­­մութիւ­­նը կը յի­­շէ, թէ 451-ին, Աւա­­րայ­­րի դաշ­­տի վրայ երեք Վա­­հան­­ներ պաշտպա­­նեցին հա­­յոց հա­­ւատ­­քը. Վա­­հան Գնու­­նի, Վա­­հան Արծրու­­նի եւ Վա­­հան Ամա­­տու­­նի։ Ըստ գեր­­ման լե­­զուա­­բան Հ. Հիւբշմա­­նի «Վա­­հան» անու­­նը կու գայ «վա­­հան» գո­­յակա­­նէն։ Իսկ Յ. Մար­­կո­­­ւար­­տը կը հա­­մարեր է, թէ ան «Վա­­հագն» անո­­ւան կրճատ ձեւն է։ «Վա­­հան» անու­­նը իր կար­­գին, սի­­րած է աճիլ ու դառ­­նալ Վա­­հանիկ, Վա­­հանա­­նոյշ եւ Վա­­հան­­դուխտ։ Վեր­­ջի­­­նը իս­­կա­­­պէս ըն­­տիր անուն է։ Հա­­յաս­­տա­­­նի մէջ կայ ըն­­դա­­­մէնը 38 Վա­­հան­­դուխտ, որոնցմէ մէ­­կը, Վա­­հան­­դուխտ մա­­միկը, Անի մայ­­րա­­­քաղաք նա­­յող գիւ­­ղի միակ բնա­­կիչն է։

Ո՜վ երա­­նելի տէր Վա­­հան,

ծա­­ռայ Քրիս­­տո­­­սի։

Վաղ- միջ­­նա­­­դարուն ու­­նե­­­ցանք փայ­­լուն ածա­­կան­­ներ. 6-րդ դա­­րուն «վա­­հանա­­մար­­տութիւն», 8-րդ դա­­րուն «վա­­հանա­­փակ», «վա­­հանըն­­կէց», 10-րդ դա­­րուն «վա­­հանա­­կիր», «վա­­հանադ­­րօշ», «վա­­հանա­­վառ», 11-րդ դա­­րուն «վա­­հանա­­ւորիլ»։ Ամե­­նէն զար­­մա­­­նալին «վա­­հանակ­­րիայ» բառն է։ Այժմ ան­­գործա­­ծելի այս գո­­յակա­­նը, ըստ նոյնքան հին բա­­ռարա­­նի մը, կը նշա­­նակէ՝ «Վի­­շապ ձուկն մեծ՝ որ որ­­պէս կղզի իմն երե­­ւի։ Գա­­զան ինչ ՛ի ծո­­վու, որ կո­­չի վա­­նակ­­րեայ. վի­­շապաձ­­կան նման է, յա­­ւազին տե­­ղին իբ­­րեւ կղզի է»։ Կա­­րելի է ըսել, թէ ճկուն բառ է ան։ Յար­­մա­­­րելով ժա­­մանա­­կակից պա­­հանջներուն, առաւ նոր ձե­­ւեր. վա­­հանա­­բոյս, վա­­հանա­­խոտ, վա­­հանա­­ձեւ, վա­­հանա­­ձուկ, վա­­հանա­­միջատ, վա­­հանան­­ման, վա­­հանա­­փայլ։ 20-րդ դա­­րուն իմաս­­տի փո­­փոխու­­թիւններ ալ ու­­նե­­­ցաւ «վա­­հան» բա­­ռը։ Ան դար­­ձաւ տախ­­տակ, որու վրայ կ՚ամ­­րացնեն կամ կը փակցնեն լրա­­գիր կամ յայ­­տա­­­րարու­­թիւն, այն տախ­­տա­­­կը, որուն ամ­­րա­­­ցուած է կո­­ղովագնդա­­կի ցան­­ցը, այն տե­­ղը (սե­­ղան, խցիկ եւ այլն), ուր կեդ­­րոնացած են աշ­­խա­­­տան­­քի մը ղեկ­­վարման սար­­քե­­­րը, ինչպէս՝ «Աստղա­­նաւե­­րու կա­­ռավար­­ման վա­­հան»։ Իսկ մայ­­րա­­­քաղաք Երե­­ւանի պո­­ղոտա­­ներն ու մայ­­թե­­­րը այժմ ողո­­ղուած են նոր տե­­սակի մէկ վա­­հանով՝ «Գո­­վազ­­դա­­­յին վա­­հանակ»։

Ո՜վ երա­­նելի տէր Վա­­հան,

սի­­րող Քրիս­­տո­­­սի։

Դա­­սական մա­­տենագ­­րութեան մէջ «վա­­հան» բա­­ռը մե­­զի տո­­ւաւ նաեւ դար­­ձո­­­ւածքներ։ Երեք հատ են անոնք եւ խիստ պա­­տուա­­բեր։ Հա­­ւատ­­քի պա­­հապան­­նե­­­րը՝ «հա­­ւատոյ վա­­հան», օրէն­­քի պա­­հապան­­նե­­­րը՝ «օրի­­նաց վա­­հան»։ Իսկ հայ մար­­տի­­­կը երբ վա­­հան կը վերցնէր թշնա­­միի դէմ, հայ մայ­­րեր իրենց որ­­դի­­­ներուն հրա­­ժեշտ կու տա­­յին մէկ պայ­­մա­­­նով՝ «Վա­­հանով, կամ՝ վա­­հանի վրայ», այ­­սինքն՝ յաղ­­թա­­­նակ կամ մահ։ «Վա­­հան» գիւ­­ղի բարձրա­­դիր կայ­­քէն զար­­մա­­­նալի է տես­­նել, թէ Հայ­­կա­­­կան լեռ­­նաշխար­­հի մէջ նաեւ կան բազ­­մա­­­թիւ տե­­ղանուններ, որոնք «վա­­հան» բա­­ռով շի­­նուած են։ Յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող յի­­շեմ քա­­նի մը աշ­­խարհագ­­րա­­­կան անուն, քան­­զի հայ­­րե­­­նիքը սի­­րելու հա­­մար, նախ պէտք է ճանչնալ զայն. «Վա­­հանա­­բերդ», Տա­­շիր գա­­ւառ, «Վա­­հանայ ձոր» եւ «Վա­­հանա­­շէն» գիւ­­ղեր, Կա­­րին, «Վա­­հանա­­վանք» բերդ, Սիւ­­նիք, «Վա­­հանի բերդ», Մուշ քա­­ղաքի մօ­­տակայ­­քը, «Վա­­հանո­­վիտ» գիւղ, Տա­­րօն գա­­ւառ, «Վա­­հան­­ցիք»գիւղ, Համ­­շէ­­­նի գա­­ւառակ։

Ո՜վ երա­­նելի տէր Վա­­հան,

ընտրեալ յա­­զատաց։

Հայ­­կա­­­կան ազա­­տագ­­րա­­­կան շարժման օրե­­րուն տպա­­գիր գիրքն էր ազ­­գի «վա­­հան»ը։ Իսկ 1823 թո­­ւակա­­նին ան դար­­ձաւ գիր­­քի տիտ­­ղոս, երբ Մխի­­թարեան հայ­­րե­­­րէն Մի­­քայէլ Չամ­­չեանը Պոլ­­սոյ լու­­սա­­­ւոր­­չա­­­կան եւ կա­­թոլիկ հա­­մայնքնե­­րու մի­­ջեւ ծա­­գած պայ­­քա­­­րը հար­­թե­­­լու նպա­­տակով գրեց «Վա­­հան հա­­ւատոյ» աշ­­խա­­­տասի­­րու­­թիւնը։ Դա­­նիէլ Վա­­րու­­ժա­­­նը, իր կար­­գին, նոյն քա­­ղաքի մէջ հա­­յու­­հիի պա­­տիւը պաշտպա­­նելու հա­­մար պատ­­րաստ էր իր կուրծքը վա­­հան ընե­­լու։ Ահա «Բա­­նուո­­րու­­հին» բա­­նաս­­տեղծու­­թեան այդ ըն­­տիր քա­­ռեակը.

Կուրծքս վա­­հան ընել կուրծքիդ նշա­­ւակ,

Եւ քօղն ըլ­­լալ պա­­տիւիդ,

Կրա­­նիտէ բա­­զու­­կիս տակ պաշտպա­­նել

Սեռդ ու գեղդ անժպիտ։

Նոյն օրե­­րուն, հայ­­կա­­­կան գե­­ղապաշտ գրա­­կանու­­թեան արե­­ւելա­­հայ եւ արեւմտա­­հայ ճիւ­­ղե­­­րը բախ­­տա­­­ւորո­­ւած էր եր­­կու Վա­­հան­­նե­­­րով՝ Վա­­հան Թէ­­քէեան եւ Վա­­հան Տէ­­րեան։

Ո՜վ երա­­նելի տէր Վա­­հան,

Գողթնեացն իշ­­խե­­­ցող։

Յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, երբ առիթ ու­­նե­­­նաք Վա­­հան այ­­ցե­­­լելու, 15 մե­­խակ խո­­նար­­հե­­­ցու­­ցէք գիւ­­ղի պան­­թէոնի 15 կրա­­նիտէ շիր­­մա­­­քարե­­րու վրայ, քան­­զի հոն ամ­­փո­­­փուած են 15 վա­­հան­­ցի ազա­­տամար­­տիկնե­­րու աճիւննե­­րը։ Եւ այժմ «Զար­­մա­­­նալի է ինձ», թէ ինչպէ՛ս բառ մը ան­­շուք, իր եր­­կու վան­­կի մէջ կրցեր է ամ­­փո­­­փել հայ ազ­­գի ոգին եւ հե­­րոսա­­կան ոդի­­սակա­­նը։ Թող հայ­­կա­­­կան «վա­­հան»ը միշտ փող­­փո­­­ղի ու մնայ բարձր։