Սահմանը խաղաղ, իրավիճակը լարուած

ԱԼԻՆ ՕԶԻՆԵԱՆ

12Յուլիսի բախումներէն այս կողմ մինչեւ օրս կը շարունակուի սահմանագծի խախտումները փոքր տրամաչափի զէնքերու գործածութեամբ։ Վերջին անգամ 3 Օգոստոսին Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը յայտնեց թէ Ատրպէյճան գիշերուայ ժամերուն ութը անգամ խախտած է զինադադարը, 95 կրակոցներ արձակելով Գօտի եւ Զանգակատուն գիւղերու ուղղութեամբ։ Թուրքիա պաշտօնապէս Հայաստանը կը մեղադրէ բախումներու պատճառաւ եւ ռազմատենչ յայտարարութիւններ կ՚ընէ երկրի ազգայնական շրջանակները շոյելու միտումով։ Սակայն կարգ մը միջազգային դիտորդներ նկատի կ՚ունենան հաւանական բախումի մը ընթացքին Թուրքիոյ միջամտութեան վարկածը։ Անոնք ուշադրութեան կիզակէտին կը դնեն Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ համատեղ գործադրած ռազմափորձը։ Թուրքիոյ Ազգային Անվտանգութեան խորհուրդի ժողովէն ետք կատարուած յայտարարութեան մէջ կ՚ըսուէր հետեւեալը. «Հայաստան պէտք է հրաժարի իր յարձակողական կեցուածքէն եւ լքէ ատրպէյճանական գրաւեալ տարածքները։ Թուրք ազգը իր առած բոլոր որոշումներուն մէջ պիտի զօրակցի եղբայր Ատրպէյճանին»։

24 Յուլիսին Ռուսիոյ Դաշնութիւնը եւ Հայաստան օդային պաշտպանութեան սահմանումով համատեղ ռազմափորձ մը կատարեցին։ Ռազմափորձի կիզակէտին էր անօդաչու թռչող սարքերու դէմ նոր կանխամիջոցներու հետազօտութիւնը։ Ռուսական մամուլը բաւականին լայն արձագանգեց այս լուրը։ Յաջորդող օրերուն Գրեմլինի նախաձեռնութեամբ Ռուս եւ Թուրք նախագահներու ու Արտ. Գործ. Նախարարներու հեռախօսազրոյցով լարուածութիւնը մեղմացաւ։

Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ կնքուած զինուորական համագործակցութեան շրջանակներով 29 Յուլիս- 10 Օգոստոս թուականներու միջեւ համատեղ ռազմափորձեր կը կատարուին Ատրպէյճանի մէջ։ Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին Գործոց Նախարարի բանբերի տեղակալ Ալէքսէյ Զայտսէր դիտել տալով սահմանագծի բախումները Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կոչ ըրաւ ռազմափորձերու ընթացքին զգոյշ ըլլալու համար։

Կարգ մը ռուս մասնագէտներու համաձայն հաւանական է, որ Թուրքիա առիթէն օգտուելով ռազմախարիսխ մը կազմէ Նախիջեւանի մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ