Համավարակը խլեց ազատութեան երգիչը

Պսա­կացեւ ժահ­րը, որ այս օրե­րուս կրկին թափ ստա­ցած է ար­ձա­նագ­րո­ւած նոր վա­րակումնե­րով ու մա­հերով, կեան­քեր կը խլէ նաեւ արուես­տա­կան աշ­խարհէ ներս։ Նա­խորդ շաբ­թո­ւայ ըն­թացքին սրտի դառն կսկի­ծով վե­րահա­սու եղանք ար­ժէ­քաւոր ժո­ղովրդա­կան եր­գիչ Ճա­վիթ Մուրթէ­զաօղ­լո­ւի մա­հուան գոյ­ժին։ Ար­դէն լսած էինք իր վա­րակուելու մա­սին եւ դժբախ­տա­բար յու­սադրիչ չէր իր ընդհա­նուր վի­ճակը։ Այս գիտ­նա­լով հան­դերձ ծան­րօ­րէն ցնցուեցանք իր մա­հով։

Ճա­վիթ Մուրթէ­զաօղ­լու Թավ­րի­զեցի եր­գիչ մըն է, որ Իրա­նի յե­ղափոխու­թե­նէ ետք ստի­պուած եղաւ լքել իր հայ­րե­նի եր­կի­րը եւ ապաս­տա­նիլ Թուրքիա։ Տե­սակ մը ծանր աք­սո­րի պայ­մաններ էին իրեն առ­ջեւ յայտնո­ւածը, որուն դէմ պայ­քա­րելու իբ­րեւ եղա­նակ օտար հո­ղերու վրայ թափ տո­ւաւ իր երկրի մշա­կոյ­թը պան­ծացնե­լու սրբա­զան գոր­ծին։ Ան կարճ ժա­մանա­կի մէջ Թուրքիայէ ներս ու­նե­ցաւ երկրպա­գու­նե­րու հսկայ փա­ղանգ մը, որոնք հա­ղոր­դո­ւելով անոր երաժշտու­թեան հետ անզգա­լաբար կը զար­գացնէին նաեւ իրենց մշա­կու­թա­յին գի­տելիք­նե­րը։

Ար­դա­րեւ Ճա­վիթ Մուրթէ­զաօղ­լու այ­լա­սերած Թուրքիոյ հա­սարա­կու­թեան թրքե­րէնով կը մա­տու­ցէր երաժշտու­թիւն մը եւ գրա­կանու­թիւն՞ որ մար­դիկ կ՚ըն­դունէին իբ­րեւ նոր գիւտ մը։ Ատրպէյ­ճան Թուրքիոյ մէջ կ՚ըն­կա­լուի հա­յատեաց թշո­ւառ քա­ղաքա­կանու­թեան մը սահ­մա­նումնե­րով։ Այս երկրի մէջ հա­սարա­կու­թիւնը դոյզն իսկ գա­ղափար չու­նի Պարսկաս­տա­նի հիւ­սի­սային հա­տուա­ծի Ատրպա­տակա­նի մա­սին, որ ինքնին բա­ւակա­նին լուրջ ըն­կե­րաքա­ղաքա­կան եւ պատ­մա­կան գոր­ծօննե­րով կը տար­բե­րի Ալիեւի գլխա­ւորած եր­բեմնի Խորհրդա­յին Ատրպէյ­ճա­նէն։

Ահա Ճա­վիթ Մուրթէ­զաօղ­լու կու գար այդ մշա­կու­թա­յին հա­րուստ օր­րա­նէն եւ Թուրքիոյ հա­սարա­կութեան կը ծա­նօթաց­նէր բո­լորովին նոր մշա­կոյթ մը։ Անոր այս յատ­կութիւննե­րը առա­ջին նկա­տող­նե­րէն եղաւ «Քար­տէշ Թիւրքիւ­լեր» երաժշտա­կան խումբը, որուն հետ ու­նե­ցաւ բազ­մա­թիւ հա­մերգներ։

«Ակօս» 2012-ին հար­ցազրոյց մը ու­նե­ցած էր իր հետ, որ­մէ կը յի­շենք ազա­տու­թիւնը ջու­րի նմա­նեց­նող նա­խադա­սու­թիւննե­րը, ուր կ՚ըսէր թէ «Ազա­տու­թիւնն ալ ջու­րի նման կա­րելի չէ պա­հել, քա­նի որ ան կը գտնէ իր ճեղ­քը եւ կը շա­րու­նա­կէ հո­սիլ ի դէմ յա­րու­ցուած բո­լոր ար­գելքներու»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ