Աստուածածնի Տաղաւարը համավարակի շուքին տակ

Ինչպէս Սուրբ Զա­տիկը եւ Վար­դա­վառը, Աս­տո­ւածած­նի տա­ղաւարն ալ այս տա­րի կը նշո­ւի պսա­կացեւ ժահ­րի հա­մավա­րակի շու­քին տակ։ Պատ­րիար­քա­րանը որոշ սահ­մա­նափա­կումներ յայ­տա­րարեց եկե­ղեցի­ներու մէջ մա­տու­ցուելիք տա­ղաւա­րի պա­տարա­գին հա­մար։ Սոյն սահ­մա­նափա­կումնե­րու հա­մաձայն Սուրբ Պա­տարա­գը պի­տի սկսի կա­րելի եղա­ծին չափ կա­նուխ։ Տե­ղի պի­տի չու­նե­նայ եկե­ղեց­ւոյ բա­կին մէջ Ան­դաստան եւ Խա­ղողօրհնէք։ Խա­ղող­նե­րու օրհնու­թիւնը պի­տի կա­տարո­ւի խորհրդան­շա­կան ձե­ւով խո­րանին վրայ։ Այս տա­րի պի­տի չկա­յանայ Աս­տո­ւածած­նի առ­թիւ Վա­քըֆ­լը գիւ­ղի շրջա­գայու­թիւնը։ Ինչպէս ծա­նօթ է, Մու­սա Լե­րան Հայ­րե­նակ­ցա­կան Միու­թիւնը նա­խորդ տա­րինե­րուն կը կազ­մա­կեր­պէր ուխտագ­նա­ցու­թիւն եւ մեծ թի­ւով ուխտա­ւոր­ներ կը մաս­նակցէին այդ կազ­մա­կեր­պութեան, այ­ցե­լելով Իս­քենտե­րու­նի Քա­ռասուն Մա­նուկ եւ Վա­քըֆ­լը գիւ­ղի Սուրբ Աս­տո­ւածա­ծին եկե­ղեցի­ները։

Այս տա­րի միայն մէկ կաթ­սայ հա­րիսայ պի­տի եփի գիւ­ղի եկե­ղեց­ւոյ բա­կը եւ պի­տի բաժ­նո­ւի գիւ­ղի բնա­կիչ­նե­րուն։

Ջնջո­ւած է նաեւ Պոլ­սոյ Գնա­լը Կղզիի մէջ նա­խատե­սուած Սուրբ Աս­տո­ւածա­ծանի խրախ­ճանքը։ «Մեր հա­յեր» հար­թա­կին, Իս­թանպու­լի եւ կղզիաց քա­ղաքա­պետա­րան­նե­րու աջակ­ցութեամբ կազ­մա­կեր­պո­ւած խրախ­ճանքն ալ ջնջո­ւեցաւ թէ հա­մավա­րակի կրկին ան­գամ թափ ստա­նալուն եւ թէ Պէյ­րութի պայ­թումին սու­գը պա­հելու պատ­ճառնե­րով։

Սա­հակ Բ. Պատ­րիարք յար­գե­լով իր նա­խորդնե­րուն աւան­դութիւ­նը այս տա­րի եւս ներ­կայ կը գտնո­ւի Վա­քըֆ­լը գիւ­ղի արա­րողու­թիւններուն։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ