ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՎԷՐՔ

Ո՞վ խոցեց մեր մար­մի­նը ու բա­ցաւ հա­յու առա­ջին վէր­քը։ Ո՞վ աղ ցա­նեց մեր վէր­քե­րու վրայ։ Ապա ո՞ր բա­րի ձեռ­քը սպե­ղանի քսեց ու վի­րաբու­ժեց այդ վէր­քե­րը։ Յար­գե­լի ըն­թերցող, այ­սօր նշդրա­կի ճշգրտու­թեամբ ներ­թա­փան­ցենք «վէրք» բա­ռի պատ­մութեան ու տես­նենք, թէ գրա­կան եւ լե­զուա­կան ի'նչ ցա­ւեր կարծրա­ցեր են անոր սպիին տակ։ Իսկ այս զրոյ­ցը յար­մար կը տես­նեմ կա­տարել Կիւմրի քա­ղաքի քա­ռագմբէթ «Եօթ Վէրք» մայր տա­ճարի մէջ, քան­զի այդ կա­րեւոր քա­ղաքը դեռ ու­նի չսպիացած վէր­քեր։ Իսկ որ­պէսզի շուտ ամո­քուին անոնք, ար­տօ­նեցէք հա­տուած­նե­րու մի­ջեւ «վի­րաւո­րէ եր­գե­րու խօս­քեր մէջ­բե­րեմ։

«Վէրք» բա­ռը նա­խապէս եղեր է «վէր»։ Բայց, մեր նախ­նի­ները ըստ երե­ւոյ­թին նա­խատե­սելով հա­յու ապա­գան, որո­շեր են մե­զի աւան­դել յոգ­նա­կի՝ «վէրք» ձե­ւը։ Աս­տո­ւածա­շունչի մէջ 44 ան­գամ գոր­ծա­ծուեր է «վէրք» բա­ռը։ Ահա քա­նի մը նմոյշ. «վէր ընդ վի­րի, հա­րուած ընդ հա­րուա­ծոյ», «Նե­խեցան եւ փտե­ցան վէր իմ», «Վէրք եւ հա­րուածք պա­տահեն չա­րաց», «Թա­րախե­ցան վէրք քո, եւ չիք բժշկու­թիւն», «Հա­րուածք նեն­գա­ւորի առա­ւել են քան զվէ­րե, «Շունք եւս գա­յին եւ լի­զուին զվէրս նո­րա»։

Սե­ւուկ աղ­ջիկ, սպի­տակ հա­գիր,

Ա՛ռ այ­լուղդ, վէրքս կա­պիր։

Ամէն ան­գամ, որ մեր պե­տակա­նու­թիւնը հա­րուած ստա­ցաւ, աւե­լի ու աւե­լի կը խո­րացան հա­յու վէր­քե­րը ու մեր վշտա­հար մա­տենա­գիր­նե­րը «վէրք» ար­մա­տը գոր­ծա­ծելով հնա­րեցին նոր բա­ռեր, որ­պէսզի կա­րենանք նկա­րագ­րել ու ող­բալ հայ­կեան տոհ­մի ճա­կատագ­րի վրայ։ Այս պատ­ճա­ռով մեր մայ­րե­նին աշ­խարհի ամե­նէն «վի­րաւիր» լե­զու­նե­րէն մէկն է։ Ու­նինք տաս­նեակ մը պատ­կե­րալից բա­ռեր, որոնք շի­նուած են «վէրք» ար­մա­տով։ Այժմ քե­րենք «վէրք»ի կե­ղեւը ու տես­նենք այդ բա­ռերը. «Կա­րեւէր», ծանր վէր­քեր ստա­ցած, խոր վիշտ պատ­ճա­ռող։ Այս ածա­կանը 5-րդ դա­րուն գոր­ծա­ծեցին պատ­միչներ Ագա­թան­գե­ղոսը եւ Ղա­զար Փար­պե­ցին։ «Դառ­նա­վէր», «խստա­վէրէ եւ բազ­մա­վէր», այս ածա­կան­նե­րը նոյն դա­րուն գոր­ծա­ծեց վար­դա­պետ եւ հայ­րա­պետ Յով­հաննէս Ման­դա­կու­նին։ 10-րդ դա­րուն Արծրու­նեաց տան պատ­միչ Թով­մա Արծրու­նին գոր­ծա­ծեց «մե­ծավէր» բա­ռը, իսկ 13-րդ դա­րուն գիտ­նա­կան եւ օրէնսդիր Մխի­թար Գո­շը հնա­րեց «վի­րել» բա­յը։ Անոր «Դա­տաս­տա­նագիրք»ը կ՚ըսէ. «Զձեռնն հա­տանեն զվի­րողին»։

Ով դու գու­սան...

Սի­րուց խփո­ւած վի­րաւոր ես,

Քո առա­ջուայ հա­լը ո՞ւր է։

Ո՞րն էր հայ­կա­կան գրա­կանու­թեան առա­ջին աշ­խարհիկ «վէրք»ը։ 7-րդ դա­րու բա­նաս­տեղծ Դաւ­թակ Քեր­թո­ղի «Ողբ ի մահն Ջե­ւան­շե­րի մե­ծի իշ­խա­նին» ստեղ­ծա­գոր­ծութեան մէջ է ան, ուր Քեր­թո­ղը հայ­րե­նասի­րական ոգիով կը պատ­մէ, թէ ինչպէս դա­ւաճա­նու­թեամբ նա­հատա­կուե­ցաւ Աղո­ւան­քի վե­հազն Ճե­ւան­շեր զօ­րավա­րը. «Անո­ղորմ խո­ցոտ­մամբ վի­րաւո­րեաց զվե­հազնն» ու բա­նաս­տեղծի վի­րաւոր աչ­քե­րը ար­տա­սուե­ցան. «Ուստի վշտա­գին վի­րօք աչք իմ / Ծօ­րէն յար զաղ­բիւրս ար­տա­սուաց»։

«Վէրք» բա­ռը վե­րածե­ցինք նաեւ դար­ձո­ւածքնե­րու. «Վէրք բա­նալ», «Վէր­քի վրայ աղ ցա­նել»։ Անոնք մեր լե­զուն եւ զրոյցնե­րը դար­ձուցին աւե­լի պատ­կե­րաւոր։ Հա­յերէ­նը նաեւ կը վա­յելէ երեք ժա­մանա­կակից բա­ռեր. վի­րաբոյժ, վի­րահատ, վի­րակապ։

Սի­րաւոր լո­րիկ,

Վի­րաւոր լո­րիկ,

Լո­րիկ ջան։

Միջ­նա­դարու հայ մա­տենա­գիրը ու­նէր շատ զգա­յուն գրիչ։ Ան «վէրք» բա­ռը յա­ճախ գոր­ծա­ծեց հո­գեւոր տո­ղիկ­նե­րու մէջ։ Սուրբ գիր­քե­րու յի­շատա­կարան­նե­րու մէջ երբ գրո­ղը կը ող­բար իր զա­ւակի կո­րուստի մա­սին, կը դի­մէր «վէրք»ին։ 1355 թո­ւակա­նի ձե­ռագ­րի մը մէջ Յով­հան գրի­չը նկա­րագ­րեց այդ խոր սու­գը. «Վի­րաւո­րեալ սգով ան­փա­րատ, վասն զի թռաւ աղաւ­նեկն յա­չաց իմոց եւ կո­րուսց եթող մօրն իւ­րոյ սուգ անմխի­թար եւ վէրք անող­ջա­նալի»։ Նոյնքան ցա­ւալի է Թու­մար գրի­չի տո­ղիկը. «Որ­դին իմ զԽա­չատուր պա­տանին, որ փո­խեցաւ առ Քրիս­տոս եւ եթող ինձ սուգ անմխի­թար մին­չեւ ի մահ, վէրք անող­ջա­նալի եւ խոց անբժշկե­լի»։ 16-րդ դա­րու տա­ղասաց Ասա­պովը Մա­րիամ Աս­տո­ւածա­նին աղա­չեց. «Խա­ւարեալ Ասա­պովիս, / Վի­րաւո­րեալ գե­րիս, / Փրկեա ի հրոյն զհո­գիս. / Է՝, անա­պական կոյս»։ Իսկ Գրի­գոր Վա­նեցին գրեց. «Գե­րի Գրի­գոր Վա­նեցի, վա՛յ ասա միշտ անդրդո­ւելի, / Տե՛ս, թէ քա­նի վէրք ու­նիս ի հո­գիդ քո ան­թուելի»։ Ապա եկաւ Անդրէաս Արծկե­ցին ու առա­ջին ան­գամ գոր­ծա­ծեց «վի­րաւոր սիրտ» ար­տա­յայ­տութիւ­նը. «Սրտիկս իմ վի­րաւո­րեալ է»։

Եարի ղրկած ըն­ծայ խնձոր.

Մահ­լամ դրի վէր­քե­րիս խոր։

Միջ­նա­դարեան տրա­մադ­րութիւննե­րը եկան ու վի­րաւո­րեցին 19-րդ դա­րու գե­ղապաշտ սե­րունդի քնա­րը. «Զով ու մա­քուր ջուր բե­րէ՛ք, / Վէր­քէս արիւն կը յոր­դէ. / Չը պիտ՚ եր­կար փնտռէք, / Մար­մին՝ հո­գի, հա­մա՜կ վէրք», Եղիա Տէ­միր­ճի­պաշեան, «Դու, որ գի­տես լոկ բու­րել, / Գիրգ սրտե­րու վէրք փո­րել», Պետ­րոս Դու­րեան, «Մարմնի վէր­քը՝ ար­տա­բացուած դա­նակէ՝/ Ի՜նչ ար­ցունքներ դառ­նա­կայ­լակ կը քա­մէ... Սրտի վէ՞րքը, ո՜հ, դառ­նա­գոյն է... Մարմնի վէր­քը սպե­ղանի ու­նի բոյժ... Սրտի վէր­քը մինչ գե­րեզ­մանն եր­կա­րած ու­ղի մ՛ու­նի», Մի­սաք Մե­ծարենց, «Իմ սիրտս թող ան­հունին մէջ վէրք մ’ըլ­լայ, / Հսկա­յական ու տխրօ­րէն քաղցր վէ՜րք», «Սրտիս վէրքն հին դեռ կ՚արիւ­նէր... / Ալ դժո­ւար էր ին­ծի հա­մար / Ցոյց տալ վէր­քերս ան­հա­մար», Մատ­թէոս Զա­րիֆեան, «Եղեգ­նեայ գրչով եր­գե­ցի վէր­քեր», Դա­նիէլ Վա­րու­ժան, «Եւ սէրդ սիրտս կա­րեւէր խո­ցեց», Աւե­տիք Իսա­հակեան։ Իսկ Զա­պէլ Եսա­յեանը իր վէ­պերու մէջ ու­նի «վէրք»երով լի ար­տա­յայ­տութիւններ. «Վի­րաւո­րիչ խօս­քեր», «Վի­րաւո­րիչ յո­ռետե­սու­թիւն», «Վի­րաւո­րիչ պա­րագա­ներ»։

Ին­չու՞ եմ տխուր, ին­չո՞ւ չեմ կա­րող

Վէր­քերս թող­նել ձիւ­նե­րի վրայ։

1848 թո­ւակա­նին, երբ հայ ազ­գը խոր վէր­քե­րու մէջ էր, Խա­չատուր Աբո­վեանը գրի առաւ «հայ­րե­նասէ­րի ողբ» մը ու զայն անո­ւանեց «Վէրք Հա­յաս­տա­նի»։ «Վէրք» բա­ռը առա­ջին ան­գամ այս վէ­պի մէջ դար­ձաւ գիր­քի խո­րագիր։ Անոր հե­տեւե­ցան մեր վէր­քե­րը նկա­րագ­րող երեք այլ հրա­տարա­կու­թիւններ. «Հին ու նոր վէր­քե­րից», 1902, Պա­գու, «Կով­կա­սեան վէր­քեր», 1903, Ժնեւ, ու «Ժահ­րոտ վէր­քեր», 1905, Թիֆ­լիս։ Եղի­շէ Չա­րեն­ցը եւ Պա­րոյր Սե­ւակը եղան Հա­յաս­տա­նի վէր­քե­րու եր­գի­չը. «Հա­զար ու մի վէրք ես տե­սել, - էլի՛ կը տես­նես», «Պանդխտու­թեան քո կսկի­ծը դարձրել «Կռունկ» / Եւ «Հո­րովե­լ» դարձրել վէրքդ, ցաւդ խո­րունկ»։ Կը յի­շէ՞ք հին ար­տա­յայ­տութիւ­նը՝ «վէր­քի վրայ աղ ցա­նել»։ Ահա օր մը, Սե­ւակի՝ այժմ եր­գի վե­րածո­ւած «Ահա նո­րից գի­շերէ բա­նաս­տեղծու­թեան մէջ, ան եկաւ ու նկա­րագ­րեց բա­նաս­տեղծի խոր վիշ­տե­րը. «Այդ ո՞վ եւ ին­չո՞ւ էր բաց դուռն իմ դէմ փա­կում / Ու զղջման աղ ցա­նում իմ վէր­քե­րի վրայ»։

1988 թո­ւակա­նի մեծ երկրա­շար­ժին Եօթ Վէր­քի խո­նար­հած եր­կու գմբէթ­նե­րը այժմ տե­ղադ­րո­ւած են բա­կի մէջ, որ­պէս յի­շատակ հին վէր­քե­րու։ Բու­ժո­ւած կ՚երե­ւի անոր վէր­քը։ Իսկ մենք հա­ւատանք, թէ հայ բա­նաս­տեղծի բա­րի ձեռ­քերն են, որ սպե­ղանի կը դնեն մեր վէր­քե­րու վրայ ու կը վի­րաբու­ժեն զա­նոնք։ Մինչ նոր հան­դի­պում՝ մնա­ցէք առողջ եւ ապահով։