Տնօրէնի նշանակումներ Էսաեանի մէջ

Պոլսոյ պատմական Էսաեան վար­ժա­րանը իր դա­րաւոր ան­ցեալին մէջ ան­գամ մը եւս դուրս կու գայ հետզհե­տէ ճգնա­ժամի վե­րածո­ւած տնօ­րէնի նշա­նակ­ման հար­ցէն։ Ուսման նա­խորդ տա­րեշրջա­նի աւար­տին, Ս. Եր­րորդու­թիւն եկե­ղեց­ւոյ թա­ղական խոր­հուրդի անակնկալ որո­շու­մով վերջ տրո­ւած էր վար­ժա­րանի զոյգ տնօ­րէնու­հի­ներու պաշ­տօ­նին։ Նա­խակրթա­րանի բաժ­նի տնօ­րէնու­հի Ար­լին Եշիլ­թե­փէի եւ երկրոր­դա­կան բաժ­նի տնօ­րէնու­հի Սա­թենիկ Նշա­նի հան­դէպ այս ան­պատշաճ վե­րաբե­րու­մը ընդվզում յա­րաջա­ցու­ցած էր վար­ժա­րանի նախ­կին շրջա­նաւարտնե­րու եւ հա­սարա­կու­թեան մօտ։

Թա­ղակա­նու­թեան որ­դեգրած լուռ պա­հուած­քը տե­ղի տո­ւած էր զա­նազան բան­բա­սանքնե­րու։ Մա­նաւանդ որ չէր յստա­կացած պաշ­տօ­նազրկո­ւած տնօ­րէն­նե­րու յա­ջոր­դողնե­րու անուննե­րը։ Ընդհա­կառակ, մա­մու­լի էջե­րուն յայտնո­ւող տնօ­րէն փնտռե­լու մա­սին ծի­ծաղա­շարժ ծա­նու­ցումով թա­ղակա­նու­թիւնը ան­գամ մը եւս դի­րախը դար­ձաւ ըն­կե­րային ցան­ցե­րու վրայ յայտնո­ւած քննա­դատու­թիւննե­րուն։

Այս զար­գա­ցումնե­րու հե­տեւան­քով կարգ մը ծնող­ներ նա­խընտրած են իրենց զա­ւակ­նե­րուն ար­ձա­նագ­րութիւ­նը փո­խադ­րել այլ դպրոց­ներ։

Այս պա­հուն թէեւ թա­ղակա­նու­թիւնը պաշ­տօ­նական յայ­տա­րարու­թիւն մը չէ կա­տարած, սա­կայն ար­դէն իսկ յստա­կացած է պաշ­տօ­նակո­չուած եր­կու անուններ։ Այսպէս նա­խակրթա­րանի բաժ­նի տնօ­րէն նշա­նակո­ւած է Տա­տեան վար­ժա­րանի նախ­կին ու­սուցչու­հի Անիլ­տա Մե­նեք­շէ եւ երկրոր­դա­կան բաժ­նի տնօ­րէն նշա­նակուած է Էսաեան, Պէզ­ճեան եւ Տա­տեան վար­ժա­րան­նե­րու երաժշտու­թեան ու­սուցիչ Մու­րատ Իչ­լի­նալ­չա։

Նա­խակրթա­րանի նո­րան­շա­նակ տնօ­րէնու­հի Անիլ­տա Մե­նեք­շէ ինք եւս Էսաեանի շրջա­նավարտ է։ Աւար­տած է Հա­սան Ալի Եիւ­ճե­լի անո­ւան ման­կա­վար­ժա­կան բաժ­նի ուղղոր­դութեան եւ հո­գաբա­նու­թեան բա­ժին­նե­րը։ Եր­կար տա­րիներ պաշ­տօ­նավա­րած է Տա­տեան վար­ժա­րանի մէջ։

Իչ­լի­նալ­չա իր ու­սուցչա­կան վաս­տա­կի կող­քին ծա­նօթ է նաեւ Ս. Եր­րորդու­թիւն եկե­ղեց­ւոյ մէջ կա­տարած դպրու­թեան պաշ­տօ­նով։ Այս կէ­տը յատ­կա­պէս նշե­լու ար­ժա­նի է, քա­նի որ Մու­րատ Իչ­լի­նալ­չա իր դպրու­թեան կո­չու­մը յա­ջողած է բարձրաց­նել ակա­դէմա­կան մա­կար­դա­կի, մաս­նա­գիտա­նալով Համ­բարձու­մեան ձայ­նա­նիշե­րու վեր­ծանման աշ­խա­տան­քին մէջ։ Մու­րատ Իչ­լի­նալ­չա ան­ցեալին ար­տա­սահ­մա­նեան եր­կիրնե­րու մէջ իր ներ­կա­յացումնե­րով ծա­նօթ է նաեւ յատ­կա­պէս տոհ­միկ երաժշտու­թեան շրջա­նակ­նե­րուն, որոնց ծա­նօթա­ցու­ցած էր հայ հո­գեւոր երաժշտու­թեան աւան­դա­կան կա­տարումնե­րը եւ շա­րական­նե­րը։

Կը տե­ղեկա­նանք թէ Անիլ­տա Մե­նեք­շէի տնօ­րէնու­թիւնը 3 Սեպ­տեմբե­րին վա­ւերա­ցուած է Կրթու­թեան նա­խարա­րու­թեան կող­մէ, իսկ Իչ­լի­նալ­չա­յի տնօ­րէնու­թիւնն ալ կ՚ակնկա­լուի որ շու­տով վա­ւերանայ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ