Ուխտաւորներու բացակայութեամբ ուխտագնացութիւն դէպի Աղթամար

Այս տա­­րի եւս կա­­տարո­­ւեցաւ այ­­լեւս աւան­­դա­­­կան դար­­ձած Աղ­­թա­­­մարի ուխտագ­­նա­­­ցու­­թիւնը։ Ս. Պա­­տարա­­գը կա­­մատուցո­­ւեցաւ ան­­ցեալ շա­­բաթա­­վեր­­ջին՝ 6 Սեպ­­տեմբեր 2020, Կի­­րակի առա­­ւօտ։

Սա­­հակ Բ. Պատ­­րիար­­քի ճամ­­բորդու­­թեան կ՚ըն­­կե­­­րակ­­ցէին Պատ­­րիար­­քա­­­կան Փո­­խանորդ Արժ. Տ. Գրի­­գոր Աւ. Քհնյ. Տա­­մատեան, եւ Գա­­ւազա­­նակիր Արժ. Տ. Շիր­­վան Քհնյ. Միւրզեան։

Աթո­­ռոյ Լու­­սա­­­րարա­­պետ Գերպ. Տ. Թա­­թուլ Ծ. Վրդ. Անու­­շեան ըն­­կե­­­րակ­­ցութեամբ Ս. Պա­­տարա­­գի ըն­­թացքին սպա­­սար­­կե­­­լիք քա­­հանայ հայ­­րե­­­րու եւ սար­­կա­­­ւագ­­նե­­­րու, առա­­ւօտ ար­­դէն ժա­­մանած էր Վան՝ հսկե­­լու արա­­րողու­­թեան պատ­­րաստու­­թիւննե­­րուն։ Խումբին մաս կը կազ­­մէին Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ու­­զունեան, Բրշ. Սար­­կա­­­ւագ­­ներ Ռո­­պէր Քիւ­­չիւքաք­­պուլութ, Էտ­­վին Յա­­րու­­թիւն Կա­­լիբեան, Ար­­մե­­­նակ Գա­­զան­­ճեան, բրկ. կի­­սասար­­կա­­­ւագ­­ներ Ար­­տա Փնար­­ճը, Ղա­­զար Սա­­պունճու, Գրի­­գոր Էր­­քան Կա­­րապե­­տեան, դպիր­­ներ Յով­­սէփ Գու­­յումճո­­ւեան, Ար­­թիւր Պաղ­­տա­­­սարեան, Սէր­­ճան Կա­­զէրօղ­­լու, Գրի­­գոր Թէր­­զեան նաեւ թէք­­նիք պա­­տաս­­խա­­­նատու­­ներ Կա­­րօ Վրամ Պա­­պաեան, Ռաֆ­­ֆի Էթ­­յէ­­­մէզ եւ Դա­­նիէլ Տին­­չէր։

5 Սեպ­­տեմբեր Շա­­բաթ օր Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թիւնը կու­­սա­­­կալու­­թեան պաշ­­տօ­­­նարա­­նին մէջ քա­­ղաքա­­վարա­­կան այ­­ցե­­­լու­­թիւն մը տո­­ւաւ Վա­­նի կու­­սա­­­կալ՝ Մէհ­­մէտ Էմին Պիլ­­մէ­­­զին։ Պատ­­րիարք Հօր կ՚ըն­­կե­­­րանա­­յին Արժ. Տ. Գրի­­գոր Աւ. Քհնյ. Տա­­մատեան եւ Արժ. Տ. Շիր­­վան Քհնյ. Միւրզեան։ Կու­­սա­­­կալը բա­­րի գա­­լուստ մաղ­­թեց Սրբա­­զան Հօր, շնոր­­հա­­­ւորեց զինք Պատ­­րիարք ըն­­րութեան առ­­թիւ եւ կա­­րողու­­թիւն մաղ­­թեց իր պաշ­­տօ­­­նավա­­րու­­թեան մէջ։ Կու­­սա­­­կալը շեշ­­տեց, թէ կա­­րեւոր է, որ սոյն պա­­տարագ­­նե­­­րը անընդհատ շա­­րու­­նա­­­կուին։ Սրբա­­զան Հայրն ալ իր կար­­գին նշեց թէ եկած է գլխա­­ւորե­­լու ծա­­նօթ ուխտագ­­նա­­­ցու­­թիւնը, որուն ըն­­թացքին պար­­տա­­­կանու­­թիւն հա­­մարած է նա­­հան­­գի պե­­տական բարձրա­­գոյն ներ­­կա­­­յացու­­ցի­­­չին քա­­ղաքա­­վարա­­կան այ­­ցե­­­լու­­թիւն տալ։ Ան, շնոր­­հա­­­կալու­­թիւն յայտնեց թէ ըն­­ծա­­­յուած ըն­­դունե­­լու­­թեան, եւ թէ արա­­րողու­­թեան կա­­տար­­ման կա­­պակ­­ցութեամբ ըն­­ձե­­­ռուած դիւ­­րութեանց հա­­մար։ Իբր յի­­շատակ այս այ­­ցե­­­լու­­թեան, կու­­սա­­­կալին նո­­ւիրեց փայ­­տեայ փո­­րագ­­րո­­­ւած պտղա­­ման մը։

Իսկ Վա­­նի կու­­սա­­­կալը Նո­­րին Սրբազ­­նութեան նո­­ւիրեց յախ­­ճա­­­պակեայ պնակ մը։

Պատ­­րիարք Հայ­­րը նաեւ այ­­ցե­­­լեց Պաշ­­քա­­­լէ գա­­ւառա­­կի մէջ (պատ­­մա­­­կան՝ Աղ­­բակ) գտնո­­ւող Ս. Բար­­թո­­­ղոմէոսի տա­­ճարը, ուր ըստ աւան­­դութեան կը գտնո­­ւի Ս. Բար­­թո­­­ղոմէոս Առա­­քեալի նշխար­­նե­­­րը։ Տեղ­­ւոյն վրայ կա­­տարո­­ւած ուխտի աղօթ­­քէն ետք, Պատ­­րիարք Սրբա­­զանն ու ըն­­կե­­­րակից­­նե­­­րը ան­­ցան Սօ­­րատէ­­րի շրջա­­նը, ուր թա­­ղուած են Արծրու­­նեաց Տոհ­­մի ան­­դամնե­­րը եւ աղօ­­թեցին տեղ­­ւոյն Ս. Էջ­­միածին մատ­­րան մէջ, որ մե­­ծաւ մա­­սամբ կան­­գուն վի­­ճակի մէջ կը գտնո­­ւի։

6 Սեպ­­տեմբեր 2019, Կի­­րակի առա­­ւօտեան ժա­­մը 07.00-ին սպա­­սար­­կողնե­­րու խումբը, առաջ­­նորդու­­թեամբ Լու­­սա­­­րարա­­պետ հայր սուրբին, ուղղո­­ւեցաւ դէ­­պի Աղ­­թա­­­մար Կղզի։

Ժա­­մը 10.30-ին Կղզի հա­­սաւ Ն.Ա.Տ. Սա­­հակ Ս. Պատ­­րիարք Հայ­­րը եւ կա­­տարո­­ւած Հրա­­շափա­­ռի արա­­րողու­­թեամբ մուտք գոր­­ծեց պատ­­մա­­­կան տա­­ճար եւ կա­­տարեց կա­­նոնա­­կան ուխտի աղօթ­­քը։ Պէտք է ընդգծել, թէ Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թիւն Տ. Սա­­հակ Բ. Պատ­­րիարք Հայ­­րը 1895 թո­­ւակա­­նէն ետք առա­­ջին Աթո­­ռակալն էր, որ Հրա­­շափա­­ռի արա­­րողու­­թեամբ, ցուպ ի ձե­­ռին մուտք կը գոր­­ծէր Աղ­­թա­­­մարայ Կա­­թողի­­կոսու­­թեան նստա­­վայր՝ Ս. Խաչ Մայր Տա­­ճար։

Դժբախ­­տա­­­բար հա­­մաճա­­րակի պատ­­ճա­­­ռով այս տա­­րի ուխտա­­ւոր­­ներ եւ ժո­­ղովուրդ ներ­­կայ չգտնո­­ւեցան Ս. Պա­­տարա­­գի ըն­­թացքին։ Այս պատ­­ճա­­­ռով ալ բո­­լոր արա­­րողու­­թիւնը հա­­մացան­­ցի վրայ կեն­­դա­­­նի սփռո­­ւեցաւ։

Ս. Պա­­տարա­­գին ներ­­կայ եղան Վա­­նի Կու­­սա­­­կալ Մէհ­­մէտ Էմին Պիլ­­մէզ եւ Վա­­քըֆ­­նե­­­րու Ընդհա­­նուր Տնօ­­րէն Պուրհան Էր­­սոյ եւ այլ պաշ­­տօ­­­նական ան­­ձեր։

Ս. Պա­­­տարա­­­գի աւար­­­տին կա­­­տարուեցաւ Հո­­­գեհանգստեան Պաշ­­­տօն Հայ Եկե­­­ղեց­­­ւոյ եւ ի մաս­­­նա­­­­­­­ւորի Աղ­­­թա­­­­­­­մարայ եր­­­բեմնի Կա­­­թողի­­­կոսու­­­թեան հան­­­գուցեալ սպա­­­սաւոր­­­նե­­­­­­­րուն։ Յի­­­շատա­­­կուե­­­ցան Ս. Խաչ Հայ­­­րա­­­­­­­պետա­­­նիստ Տա­­­ճարի կա­­­ռուցման բա­­­րերար Գա­­­գիկ Արծրու­­­նի թա­­­գաւո­­­րը, տա­­­ճարի ճար­­­տա­­­­­­­րապետ Մա­­­նուէլ Վար­­­դա­­­­­­­պետը, Աղ­­­թա­­­­­­­մար գա­­­հակա­­­լող Ամե­­­նայն Հա­­­յոց Կա­­­թողի­­­կոս­­­նե­­­­­­­րը, Մե­­­ծի Տանն Աղ­­­թա­­­­­­­մարայ կա­­­թողի­­­կոս­­­նե­­­­­­­րը եւ հա­­­մայն միաբան­­­նե­­­­­­­րը, Վա­­­նի եր­­­բեմնի թե­­­մի եւ ի Քրիս­­­տոս հան­­­գուցեալ հա­­­մայն հա­­­ւատա­­­ցեալ­­­նե­­­­­­­րը։

Ապա սրբա­­­զան հօր տո­­­ւած օրհնու­­­թեամբ իր աւար­­­տին հա­­­սաւ հան­­­դի­­­­­­­սաւոր ու պատ­­­մա­­­­­­­կան արա­­­րողու­­­թիւննե­­­րը եւ ուխտագ­­­նա­­­­­­­ցու­­­թիւնը։

Նո­­­րին Սրբազ­­­նութիւնն ու ըն­­­կե­­­­­­­րակից­­­նե­­­­­­­րը նոյն երե­­­կոյեան վե­­­րադար­­­ձան Իս­­­թանպուլ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ