Ուսման նոր հայեցակարգը կ՚ենթադրէ նոր մօտեցումներ

Ընկերային կեանքի զարգացումները կը ներկայացնեն նոր ընկալումներ, որոնց հիման վրայ անհրաժեշտութիւն կը դառնայ ուսման ծրագիրներու մէջ ալ բարեփոխումներ կատարել։ Ինչպէս ծանօթ է շատերուն, Հայաստանի ուսման ծրագրի մէջ վերջերս կատարուեցան որոշ փոփոխութիւններ, որոնք պատճառ դարձան զանազան մեկնաբանութիւններու։ Այս առթիւ Կարինէ Փալանճեան հարցազրոյց մը ունեցաւ «Ես եւ իմ հայրենիքը», «Հայոց պատմութիւն», «Համաշխարհային պատմութիւն» եւ «Հասարակագիտութիւն» առարկաներու չափորոշիչներու մշակման խմբի ղեկավար, պ.գ.թ., տոցենթ Լիլիթ Մկրտչեանի հետ։ Ստորեւ մեր ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնենք Մկրտչեանի կատարուած աշխատանքի մասին խորհուրդները։

ԿԱՐԻՆԷ ՓԱԼԱՆՃԵԱՆ

Բարե­­փոխումնե­­րը ժա­­մանա­­կի թե­­լադ­­րանքն են, այ­­սինքն կրթա­­կան հա­­մակար­­գի ար­­դիակա­­նացու­­մը, կրթու­­թեան որա­­կի բա­­րելա­­ւու­­մը ցան­­կա­­­ցած պե­­տութեան զար­­գացման միակ ու­­ղին է, ուստի այս բա­­րեփո­­խումնե­­րով դպրո­­ցին կ՚առա­­ջար­­կո­­­ւի ժա­­մանա­­կակից մի­­ջազ­­գա­­­յին կրթա­­կան չա­­փանիշ­­նե­­­րու հա­­մապա­­տաս­­խան կրթա­­կան ծրագ­­իր։ Այս ծրա­­գիր­­նե­­­րը կը նպաս­­տեն դպրո­­ցի զար­­գացմա­­նը, դպրո­­ցակա­­նի՝ որ­­պէս իրա­­ւագի­­տակից քա­­ղաքա­­ցի, կերտման։ Բա­­րեփո­­խումնե­­րու հիմ­­քը կը կազ­­մէ կրթու­­թեան փի­­լիսո­­փայու­­թեան փո­­փոխու­­թիւնը։ Փո­­փոխու­­թիւննե­­րու ար­­դիւնքին դպրո­ցը կեր­տե­լու է, ազ­գա­յին ար­ժէքնե­րը կրող, մի­ջազ­գա­յին աս­պա­րէզի մէջ իր պե­տու­թեան դե­րակա­տարու­թիւնը գի­տակ­ցող, պա­տաս­խա­նատու, իրա­ւագի­տակից քա­ղաքա­ցի։

Այս ուղղու­թեան գոր­ծող յանձնա­խումբը ձե­ւաւո­րուած է Կրթու­թեան Գի­տու­թեան Մշա­կոյ­թի եւ Սպոր­թի նա­խարա­րու­թեան կող­մէ յայ­տա­րարո­ւած մրցոյ­թի ար­դիւնքով, որուն դի­մած եմ ես, ինչպէս կա­րող էր դի­մել ՀՀ իւ­րա­քան­չիւր քա­ղաքա­ցի։ Ընդհա­նուր խմբին մաս կը կազ­մեն 11 ար­հեստա­վարժ ման­կա­վարժներ ու մաս­նա­գէտ­ներ, որոնց կա­տարած աշ­խա­տան­քը ար­ժա­նի է մեծ գնա­հատան­քի։

Առա­ջար­կո­ւող չա­փորո­շիչ­նե­րը հիմ­նուած են ըլ­լա­լու կա­րողու­նա­կու­թիւննե­րու վրայ, որ­մէ պի­տի բխի վերջնար­դիւնքնե­րը։ Տար­բե­րու­թիւնը այն է, որ գոր­ծող չա­փորո­շիչ­նե­րը կա­ռու­ցո­ւած էին բո­վան­դա­կու­թեան վրայ։ Կա­րողու­­նա­­­կու­­թիւննե­­րու վրայ կեդ­­րո­­­նանա­­լով հնա­­րաւո­­րու­­թիւն կ՚ու­­նե­­­նանք առա­­ւել լայն բո­­վան­­դա­­­կային դաշտ ընդգրկե­­լու եւ փաս­­տերն ու երե­­ւոյթնե­­րը տար­­բեր տե­­սան­­կիւննե­­րէն ու­­սումնա­­սիրե­­լու։ Այ­­սինքն սահ­­մա­­­նելով յստակ տես­­լա­­­կան, թէ ինչպէս քա­­ղաքա­­ցի կ՚ու­­զենք ձե­­ւաւո­­րել դպրո­­ցէ ներս, մենք զար­­գացնե­­լու ենք սո­­վորո­­ղի կա­­րողու­­նա­­­կու­­թիւննե­­րը, որոնք իրեն հնա­­րաւո­­րու­­թիւն կու տան ինքնու­­րոյն հե­­տազո­­տել, վեր­­լուծել, դա­­տողու­­թիւններ ընել։ Եւ ամե­­նակա­­րեւո­­րը՝ առա­­ջար­­կո­­­ւող վերջնար­­դիւնքնե­­րը գոր­­ծող վերջնար­­դիւնքնե­­րու հա­­մեմատ չա­­փելի են։ Այստեղ յատ­­կանշա­­կան է նաեւ ընդգծել, որ առար­­կա­­­ներու ու­­սումնա­­սիր­­ման հա­­մար կա­­րեւոր է ոչ միայն գի­­տելի­­քի, այլ նաեւ հա­­ղոր­­դակցման հմտու­­թիւննե­­րու, հե­­տազօտական մօ­­տեցումնե­­րու, մտա­­ծողութեան ձե­­ւերու գնա­­հատու­­մը։

Ինչպէս, ար­­դէն նշե­­ցի, փո­­փոխո­­ւած են կրթու­­թեան մօ­­տեցումնե­­րը։ Մեր ապա­­գայի հան­­րակրթու­­թեան մօ­­տեց­­ման հիմ­­քը յար­­մա­­­րուիլն է։ Այս մէ­­կը աշ­­խարհի առա­­ջատար կրթա­­կան հա­­մակար­­գե­­­րու մօ­­տեցումն է։ Կը հիմ­­նա­­­ւորո­­ւի այն տե­­սակէ­­տէն, որ հնա­­րաւո­­րու­­թիւն կու տայ սո­­վորո­­ղին առա­­ւել յստակ պատ­­կե­­­րաց­­նել առար­­կա­­­ները, տես­­նել առար­­կա­­­ներու փոխ­­կա­­­պակ­­ցո­­­ւածու­­թիւնը եւ ժա­­մանա­­կի ու տա­­րածու­­թեան մէջ գտնել անոնց զար­­գացման կամ փո­­փոխու­­թեան պատ­­ճա­­­ռահե­­տեւան­­քա­­­յին կա­­պերը։ Բնա­­կանա­­բար պատ­­մութիւ­­նը կամ պատ­­մա­­­կան դէպ­­քե­­­րու ներ­­կա­­­յացու­­մը չի կրնար փո­­խուիլ, բայց այ­­սօր յստակ փաստ է, որ ու­­սուցիչն ու դպրո­­ցը պէտք է դա­­դարին սոսկ տե­­ղեկու­­թիւն փո­­խան­­ցող ըլ­­լա­­­լէ։ Դպրո­­ցը պէտք է սո­­վորո­­ղին հնա­­րաւո­­րու­­թիւն տայ ինքնու­­րոյն մտա­­ծել կա­­րողա­­նալ, սո­­վորո­­ղին պատ­­րաստի գի­­տելիք մա­­տու­­ցե­­­լով։ Գի­­տելիք­­նե­­­րը ան­­գիր անե­­լով, մենք մտա­­ծող քա­­ղաքա­­ցիներ չենք կրնար ձե­­ւաւո­­րել, իսկ այսքան արագ զար­­գա­­­ցող աշ­­խարհի վրայ մեր պե­­տու­­թեան դիր­­քերն ամ­­րացնե­­լու միակ ճա­­նապար­­հը մտա­­ծող ան­­հատներ ու­­նե­­­նալն է, որոնք կը կա­­րողա­­նան դա­­սեր քա­­ղել պատ­­մութե­­նէն, պա­­տաս­­խա­­­նատու կ՚ըլ­­լան այդ պատ­­մութեան ոչ ցան­­կա­­­լի անցքե­­րու չկրկնո­­ւելուն հա­­մար, կը կա­­րողա­­նան ըլ­­լալ պա­­հան­­ջա­­­տէր՝ իրա­­ւագի­­տակ­­ցութեան դրսե­­ւոր­­մամբ։

Մեր առար­­կա­­­յական խմբի դա­­սանիւ­­թե­­­րը կը սկսին 5-րդ դա­­սարա­­նէն եւ կը ներ­­կա­­­յաց­­նենք նոր դա­­սանիւթ՝ «Ես եւ իմ հայ­­րե­­­նիքը», որ ճիշդ մար­­դա­­­սիրա­­կան առար­­կա­­­ներու հիմ­­քը կը կազ­­մէ։ Այս դա­­սանիւ­­թով աշա­­կեր­­տը կը սկսի ճա­­նաչել իր հայ­­րե­­­նիքը, սկսե­­լով իր­­մէ՝ ով է ին­­քը, կ՚ու­­սումնա­­սիրէ շրջա­­պատը, սե­­փական հա­­մայնքը, եր­­կի­­­րը, պե­­տու­­թիւնը։

Գլխա­­ւոր կեր­­պարն ին­­քը՝ երա­­խան է, որ կը ճա­­նապար­­հորդէ Հայ­­կա­­­կան լեռ­­նաշխար­­հի տա­­րած­­քով, կ՚ու­­սումնա­­սիրէ նա­­հանգնե­­րը, մար­­զե­­­րը, հայ­­կա­­­կան հո­գեւոր մշա­­կոյ­­թը։ Կը ճանչնայ քրիս­­տո­­­նէական, եկե­­ղեցա­­կան, ազ­­գա­­­յին տօ­­ները։

6-րդ դա­­սարա­­նի «Ես, իմ հայ­­րե­­­նիքն ու աշ­­խարհը» դա­­սանիւ­­թի շրջա­­նակ­­նե­­­րով «Հա­­յոց պատ­­մութիւ­­նը» յար­­մա­­­րեցուած է «Հա­­մաշ­­խարհա­­յին պատ­­մութիւ­­նը»՝ նիւ­­թի հետ։ Այդ դա­­սանիւթը կը սկսի վաղնջա­­կան ժա­­մանա­­կաշրջա­­նէն՝ նախ­­նա­­­դար, նեոլի­­թեան ժա­­մանա­­կաշրջան, այ­­նուհե­­տեւ Ու­­րարտա­­կան թա­­գաւո­­րու­­թեան ժա­­մանա­­կաշրջան­­նե­­­րը։

7-րդ դա­­սարա­­նէն ար­­դէն անցնե­­լու են՝ «Հա­­յոց պատ­­մութիւ­­ն», «Հա­­մաշ­­խարհա­­յին պատ­­մութիւ­­ն» եւ «Հա­­սարա­­կագի­­տու­­թիւն» առար­­կա­­­ները մին­­չեւ 9-րդ դա­­սարան։

Մի­­ջին դպրո­­ցի ուսման ծրագ­­րի մէջ ժա­­մանա­­կագ­­րութիւ­­նը մենք յստակ պահ­­պա­­­նած ենք՝ սկզբէն մին­­չեւ վերջ, ծա­­գումնա­­բանու­­թե­­­նէն մին­­չեւ մեր օրեր, այ­­սինքն այստեղ ժա­­մանա­­կագ­­րա­­­կան առու­­մով, որե­­ւէ փո­­փոխու­­թիւն չկայ, փո­­խուած է միայն մօ­­տեցու­­մը, մա­­տու­­ցումը, մե­­թոտա­­կան հա­­տուա­­ծը։

10-րդ դա­­սարա­­նին հա­­յոց պատ­­մութեան ու­­սումնա­­սիրու­­թիւնը կը կա­­ռու­­ցո­­­ւի պե­­տու­­թեան գա­­ղափա­­րի շուրջ։ Այստեղ նպա­­տակը պե­­տու­­թիւննե­­րու ձե­­ւաւոր­­ման ու կոր­­ծանման պատ­­ճա­­­ռահե­­տեւան­­քա­­­յին կա­­պերու եւ այլ բա­­զում խնդիր­­նե­­­րու կը վե­­րաբերի։ Տա­­րաբ­­նոյթ աշ­­խա­­­տանքնե­­րու մի­­ջոցով՝ բա­­նավէ­­ճեր, աղ­­բիւրնե­­րու ու­­սումնա­­սիրու­­թիւններ, աշա­­կերտնե­­րը կը ներ­­կա­­­յաց­­նեն իրենց հե­­տազօ­­տումն ու դիր­­քո­­­րոշու­­մը նիւ­­թին։

11-րդ դա­­սարա­­նին կը կա­­ռու­­ցո­­­ւի ինքնու­­թիւն հաս­­կա­­­ցու­­թեան շուրջ, եւ այստեղ ինքնու­­թիւն նկա­­տի կ՚ու­­նե­­­նանք ազ­­գա­­­յին-ազա­­տագ­­րա­­­կան պայ­­քա­­­րը իր բո­­լոր բա­­ղադ­­րիչնե­­րով։

12-րդ դա­­սարա­­նը նո­­րարա­­րու­­թեան գա­­ղափա­­րի վրայ է հիմ­­նո­­­ւած։

Աւագ դպրո­­ցի աշա­­կերտնե­­րը ու­­սուցումն ամ­­բողջու­­թեամբ կազ­­մա­­­կեր­­պե­­­լու են հե­­տազօ­­տու­­թիւննե­­րու, ու­­սումնա­­սիրու­­թիւննե­­րու, վեր­­լուծու­­թիւննե­­րու հի­­ման վրայ։

Պատ­­մութեան ինստի­­տու­­տի տնօ­­րէն Աշոտ Մել­­քո­­­նեանի «Հա­­յոց պատ­­մութիւ­­ն» դա­­սագրքե­­րին օգ­­տա­­­գոր­­ծո­­­ւած են բա­­ցառա­­պէս թրքա­­կան եզ­­րեր յայ­­տա­­­րարու­­թիւն կեղծ մե­­ղադ­­րանք է։ Պատ­­մութեան չա­­փորո­­շիչ­­նե­­­րու նա­­խագ­­ծի մէջ նման տեր­­միններ չկան, իսկ նոր դա­­սագրքեր դեռ չկան տպո­­ւած։ Այդ մե­­ղադ­­րանքնե­­րու հա­­մար որ­­պէս ապա­­ցոյց կը ներ­­կա­­­յաց­­նեն, մի ու­­րիշ աշ­­խա­­­տու­­թեան մէջ առ­­կայ այդ բա­­ռամ­­թերքը, որոնք թուրքա­­կան դա­­սագրքի հա­­տուած­­ներ են եւ բնա­­կանա­­բար, որե­­ւէ կապ չու­­նին չա­­փորո­­շիչ­­նե­­­րու նա­­խագ­­ծի հետ։ Յու­­սամ այդ շփոթ­­մունքի առա­­ջացու­­մը կան­­խամտա­­ծուած չէ յար­­գարժան պատ­­մա­­­բան­­նե­­­րու կող­­մէ եւ նպա­­տակ չէ ու­­նե­­­ցած հան­­րութեան մօտ դի­­տաւո­­րեալ ապա­­տեղե­­կատո­­ւու­­թիւն տա­­րածել։

Գի­­տէք որ որոշ շրջա­­նակ­­ներ զիս Թուրքիայի գոր­­ծա­­­կալ կը հա­­մարեն։ Կը յայ­­տա­­­րարեն թէ հա­­մագոր­­ծակցած եմ թուրք գոր­­ծիչնե­­րու հետ։ Աւե­­լին Աշոտ Մել­­քո­­­նեանը ըսած է, որ կա­­րող է դի­­մել Ազ­­գա­­­յին Անվտան­­գութեան Ծա­­ռայու­­թեան։ Ես կը ցա­­ւիմ կեղծ մե­­ղադ­­րանքնե­­րու եւ զրպար­­տութիւննե­­րու հա­­մար։ Այո՛, ես մաս­­նակցած եմ նման ծրագ­­րե­­­րու որ­­պէս ան­­հատ փոր­­ձա­­­գէտ։ Ծրագ­­րի ըն­­թացքին եղած են փո­­խադարձ այ­­ցե­­­լու­­թիւնններ՝ Իս­­թանպուլ եւ Երե­­ւան։ Մենք ու­­նե­­­ցած ենք հան­­դի­­­պումներ թուրք գոր­­ծընկեր­­նե­­­րու հետ։ Անոնք մար­­դիկ են, որոնք եկած են Հա­­յաս­­տան, ըն­­դունո­­ւած են Ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւնը, գա­­ցած են Ծի­­ծեռ­­նա­­­կաբերդ, ծա­­ղիկ­­ներ խո­­նար­­հած ու աւե­­լին՝ իրենց պե­­տու­­թեան կող­­մէ հա­­լածո­­ւած են։ Կար մի ժա­­մանակ, երբ իրենց պե­­տու­­թեան ղե­­կավա­­րը հա­­ւաքած էր անոնց անձնագ­­րե­­­րը եւ զրկած աշ­­խա­­­տան­­քէ։ Այն, ինչ որ ես որ­­պէս ան­­հատ փոր­­ձա­­­գէտ-գիտ­­նա­­­կան իրա­­կանա­­ցու­­ցած եմ, որեւէ կապ չու­­նի այս ամ­­բողջ գոր­­ծընթա­­ցի՝ կրթա­­կան բա­­րեփո­­խումնե­­րու հետ։

Այդ ծրագ­­րի ար­­դինքով ստեղ­­ծո­­­ւած է մի աշ­­խա­­­տու­­թիւն, որ Թուրքիայի եւ Հա­­յաս­­տա­­­նի պատ­­մութեան դա­­սագրքե­­րու վեր­­լուծու­­թիւն է։ Ան չու­­նի եւ չի կա­­րող ու­­նե­­­նալ, որե­­ւէ կապ չա­­փորո­­շիչ­­նե­­­րու նա­­խագ­­ծի հետ։

Ի հար­­կէ, ես ինքս բազ­­միցս յայ­­տա­­­րարած եմ, որ հրա­­ւիրեմ հա­­մապա­­տաս­­խան մար­­միննե­­րու ու­­շադրու­­թիւնը, կեղծ զրպար­­տութեան, բա­­րի համ­­բա­­­ւը ոտ­­նա­­­հարե­­լու հիմ­­քով եւ կը խնդրեմ, որ իրենք ու­­շադրու­­թեամբ ու­­սումնա­­սիրեն եւ իմ եւ մե­­ղադ­­րանքը ներ­­կա­­­յաց­­նող գոր­­ծընկեր­­նե­­­րո ան­­ցած ճա­­նապար­­հը, կեն­­սագրու­­թիւնը եւ եթէ կը գտնեն որե­­ւէ բան, ես պատ­­րաստ եմ պա­­տաս­­խան տա­­լու։

Կը ցան­­կա­­­նամ մեր զրոյ­­ցը ամ­­փո­­­փելով, եւս մէկ ան­­գամ շեշ­­տել, որ կրթա­­կան բա­­րեփո­­խումնե­­րը մեր կրթա­­կան հա­­մակար­­գի ար­­դիակա­­նաց­­ման հա­­մար խիստ անհրա­­ժեշտ են։ Իւ­­րա­­­քան­­չիւր գի­­տակից ան­­հատ, ով մտա­­հոգ է իր պե­­տու­­թեան ապա­­գայով, ան­­շուշտ կը գի­­տակ­­ցի, այդ կա­­րեւո­­րու­­թիւնը։ Կը ցան­­կա­­­նամ կոչ ընել բո­­լոր մտա­­հոգ ան­­հատնե­­րուն, զերծ մնալ կեղծ մե­­ղադ­­րանքնե­­րէ, բա­­րեփո­­խումնե­­րը արա­­տաւոր կեր­­պով ներ­­կա­­­յաց­­նե­­­լէ, գալ գի­­տական մի­­ջավայր, քննա­­դատու­­թիւննե­­րը ուղղել գի­­տական հիմ­­նա­­­ւոր­­մամբ, եւ չքննա­­դատել երե­­ւոյթն առանց հա­­յեցա­­կարգն ու­­սումնա­­սիրե­­լու, քան­­զի յա­­ճախ կը լսո­­ւի քննա­­դատու­­թիւններ, օրի­­նակ պէտք է ամ­­բողջ փաս­­տա­­­թուղթը փո­­խել եւ այլն։ Յար­­գե­­­լիներս կը փո­­խուի կրթու­­թեան մօ­­տեց­­ման հիմ­­քը, հա­­յեցա­­կար­­գը, նոր հա­­յեցա­­կար­գը կ՚են­թադրէ նոր մօ­տեցումներ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ