Գարեգին Քալայճըի յաջող ցուցահանդէսը

Հայոց յա­­տուկ աւան­­դա­­­կան աս­­պա­­­րէզ մըն էր պղնձա­­գոր­­ծութիւ­­նը։ Երբ նա­­խորդ դա­­րու երկրորդ կէ­­սէն սկսալ պղին­­ձը իբ­­րեւ տնա­­յին անօթ վե­­րանալ խո­­հանոց­­նե­­­րէն, պղնձա­­գոր­­ծութիւնն ալ մտաւ մո­­ռացու­­թեան մատ­­նո­­­ւող ար­­հեստնե­­րու շար­­քին։

Շնոր­­հիւ պա­­պենա­­կան ար­­հեստը շա­­րու­­նա­­­կող նո­­ւիրեալ­­նե­­­րու, մարդկա­­յին պատ­­մութեան մշա­­կած հնա­­գոյն մե­­տաղը վեր­­սին կ՚ապ­­րի փառ­­քի օրեր։ Այսպի­­սի արո­­ւես­­տա­­­գէտ մըն է Գա­­րեգին Քա­­լայ­­ճը, որուն ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութիւննե­­րը կը ցու­­ցադրուին Սկիւ­­տա­­­րի քա­­ղաքա­­պետու­­թեան նա­­խաձեռ­­նութեամբ կա­­յացող փա­­ռաւոր ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սով մը։ Քա­­ղաքա­­պետա­­րանի «Նեւ­­մե­­­քան» սրա­­հին մէջ կա­­յացող ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սին կա­­րելի է հե­­տեւիլ մին­­չեւ 18 Հոկ­­տեմբեր։ Այս առ­­թիւ հրա­­տարա­­կուած է գե­­ղատիպ ալ­­պոմ մը, որ կը ծա­­նօթաց­­նէ Գա­­րեգին Քա­­յա Քա­­լայ­­ճըի գոր­­ծե­­­րէն նմոյշներ։ Նշենք որ ան պղին­­ձը մեծ վար­­պե­­­տու­­թեամբ գոր­­ծե­­­լու կող­­քին ու­­նի ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծե­­­լու ձիրք, որու հե­­տեւան­­քով կը ձե­­ւաւո­­րուին յար­­դարման զգլխե­­ցու­­ցիչ նմոյշներ։ Այդ առու­­մով շատ հե­­տաքրքրա­­կան օրի­­նակ մը ըլ­­լա­­­լով կը ներ­­կա­­­յանայ Շա­­քիրին մզկի­­թը, որուն պա­­տերը զար­­դա­­­րուած են Քա­­լայ­­ճըի պղնձեայ նախ­­շե­­­րով։

Գա­­րեգին Քա­­լայ­­ճը պղնձա­­գոր­­ծութեան կող­­քին կը զբա­­ղի նաեւ սի­­լիքոն նիւ­­թով սար­­քո­­­ւած ար­­ձաննե­­րու շի­­նու­­թեամբ։ Ան ան­­ցեալին պատ­­րաստած էր Քա­­զազ Ար­­թին Ամի­­րայի եւ Մես­­րոպ Բ. Պատ­­րիար­­քի սի­­լիքոն ար­­ձաննե­­րը, որոնք իրենց նոյ­­նութեամբ զար­­մանք կը յա­­ռաջաց­­նէին բո­­լոր տես­­նողնե­­րուն։ Գա­­րէգին Քա­­լայ­­ճըի այս եր­­կու գոր­­ծե­­­րը տե­­ղադ­­րո­­­ւած են Սուրբ Փրկիչ Հի­­ւան­­դա­­նոցի թան­գա­րանը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ