Մերժուեցաւ փաստաբաններու պահանջը

16Սեպտեմբերին Իսթանպուլի 14-րդ Եղեռնադատ Ատեանի մէջ կայացաւ Հրանդ Տինքի սպանութեան հերթական նիստը։ Նախորդ նիստին Ազգային Լրաքաղութեան Կազմակերպութեան (ՄԻԹ) Իսթանպուլի շրջանային տնօրէն Ահմետ Քէօքսոյի հայցը լսելու համար դիմում կատարուած էր։ Այս նիստին յայտնի դարձաւ որ կազմակերպութիւնը որեւէ պատասխան չէ փոխանցած։ Հրանդ Տինքի ընտանիքի իրաւապաշտպան Հաքան Պաքրճըօղլու կրկնեց այս մասին իր պահանջը, սակայն մերժուեցաւ դատակազմի կողմէ։

Ընդմիջումէ ետք դատակազմի պետ Աքըն Կիւրլեք նախ նշեց, որ բոլոր որոշումները կայացած են դատակազմի միաձայնութեամբ։ Ապա ըսաւ որ մերժուած է փաստաբաններու պահանջը եւ թղթածրարը վերջնական եզրակացութեան համար պիտի փոխանցուի դատախազութեան։

Դատակազմը մերժեց նաեւ ձերբակալեալներու ազատ արձակման պահանջը։ Յաջորդ նիստը պիտի կայանայ 24,25 եւ 26 Նոյեմբեր թուականներուն։

76 պետական պաշտօնեաներու դատուած դատավարութիւնը սկսած էր 2016 թուի Մայիս ամսուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ