Կոմիսարներու կոչը Հայ ժողովուրդին

ՌԱԿԸՊ ԶԱՐԱՔՕԼՈՒ

Երբ 1917-ին բռնկո­ւեց Փետ­րո­ւարեան յե­ղափո­խու­թիւնը, Ցա­րի բա­նակը հա­սած էր Սու­շեհրի գա­ւառի մօ­տակայ­քը։ Աւե­լի ներ­քեւ ար­դէն Տէր­­սի­­­մի մօ­­տերն էին։ Տրա­­պիզո­­նը վաղուց գրա­­ւուած էր 1916-ի Ապ­­րի­­­լին։

«Փրկիչ»ի դե­­րը ստանձնած ռու­­սա­­­կան կայսրու­­թիւնը իրենց սպառ­­նա­­­լիք մը ըլ­­լա­­­լով տե­­սած հայ կա­­մաւոր­­նե­­­րու ջո­­կատ­­նե­­­րը ցրո­­ւած էր եւ Իտ­­տի­­­հատա­­կան կա­­ռավա­­րու­­թեան հա­­յաթափ ըրած տա­­րած­­նե­­­րուն սկսած էր Տօն­­նա­­­յի Ղա­­զախ­­նե­­­րը բնա­­կեց­­նել։

Այդ ճա­­կատի վրայ թուրքե­­րը յաղ­­թա­­­նակ մը չեն ար­­ձա­­­նագ­­րած։ 1917-ի յե­­ղափո­­խու­­թեան շրջա­­նին ռու­­սա­­­կան ար­­շա­­­ւիչ միաւումնե­­րու ետ­­դարձով քա­­ղաք­­նե­­­րը իբ­­րեւ թէ փրկո­­ւած եղան։

1917-ի յե­­ղափո­­խու­­թիւնը առիթ հա­­մարող ռազ­­մա­­­տենչ Գեր­­մա­­­նիա հա­­սած էր Մոս­­կո­­­ւայի մօ­­տակայ­­քը։ Միւս կող­­մէն ծա­­գած էր ներ­­քին պա­­տերազ­­մը։ Պոլ­­շե­­­ւիկեան կա­­ռավա­­րու­­թիւնը այդ պայ­­մաննե­­րու տակ հար­­կադրո­­ւեցաւ Պրեսդ-Լի­­թովսք-ի հա­­մաձայ­­նութիւ­­նը ստո­­րագ­­րե­­­լու 1918-ին։ Առի­­թէն օգ­­տո­­­ւելով Իտ­­տա­­­հատա­­կան կա­­ռավա­­րու­­թիւնը որ­­պէս Գեր­­մա­­­նիոյ զի­­նակից ստա­­ցաւ Կարս, Ար­­տա­­­հան եւ Պա­­թու­­մը։ Այ­­սինքն այս քա­­ղաք­­ներն ալ դիւ­­րութեամբ ձեռքբե­­րուե­­ցան իտ­­տի­­­հատա­­կան­­նե­­­րու կող­­մէ։ Անոնց յար­­ձա­­­կողա­­կան եւ ար­­շա­­­ւիչ փա­­փաք­­նե­­­րը Գեր­­մա­­­նեան ալ չէր կրցած սան­­ձել։ 15 Սեպ­­տեմբեր 1918-ին 26 կո­­միսար­­նե­­­րը անգլիացի­­ներու կող­­մէ սպի­­տակ­­նե­­­րուն յանձնո­­ւած Պա­­քուի կո­­միւ­­նը Էն­­վեր փա­­շայի եղ­­բօր Նու­­րի Քըլ­­լը­­­կիլի եւ հօ­­րեղ­­բօր Հա­­լիլ Քու­­թի հրամ­­նա­­­տարու­­թեամբ Իս­­լա­­­մի Արե­­ւելեան Բա­­նակի կող­­մէ գրա­­ւուած էր։

Նոյն Սեպ­­տեմբե­­րին անգլիացի­­ներ Հա­­լէպ մտած էին եւ Մուսթա­­ֆա Քե­­մալ հրա­­ժեշտ առած էր նշա­­նաւոր «Պա­­րոն Հո­­թել»էն։ Անոր փո­­խարէն Հի­­ճազը հրկի­­զող Լաու­­րենս տե­­ղափո­­խուած էր հա­­մար 202 սե­­նեակը։

1918-ին ծա­­գած Գեր­­մա­­­նական յե­­ղափո­­խու­­թիւնը, երբ կար­­գա­­­զուրկ կ՚ընէր Քայ­­զե­­­րը Պրեսդ- Լի­­թովսքի հա­­մաձայ­­նութիւնն ալ ինքնա­­բերա­­բար վե­­րացած կ՚ըլ­­լար։ Թրքա­­կան կա­­ռավա­­րու­­թիւնը այդ առի­­թէն ալ օգ­­տո­­­ւեցաւ գրա­­ւեալ պա­­հելով Կար­­սը եւ Ար­­տա­­­հանը։

Իսկ Պոլ­­շե­­­ւիկ կա­­ռավա­­րու­­թիւնը ի՞նչ որո­­շում կա­­յացու­­ցած էր Օս­­մա­­­նեան երկրի մէջ տե­­ղահա­­նու­­թեան եւ ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան են­­թարկո­­ւած հայ ժո­­ղովուրդի հա­­մար։ Ահա թարգմա­­նաբար կը ներ­­կա­­­յաց­­նեմ. «Ռուս կո­­միսար­­նե­­­րու խոր­­հուրդը հայ ժո­­ղովուրդին կը յայտնէ թէ Ռուս Բա­­նուոր­­նե­­­րու եւ Գիւ­­ղա­­­ցինե­­րու Կա­­ռավա­­րու­­թիւնը կը զօ­­րակ­­ցի Թրքա­­կան Հա­­յաս­­տա­­­նի գրա­­ւուած հո­­ղերուն վրայ հայոց իրա­­ւունքնե­­րը կը յայ­­տա­­­րարէ ճանչնալ նե­­րառեալ ան­­կա­­­խու­­թիւն անոնց բո­­լոր իրաունքնե­­րը։

Կո­­միսար­­նե­­­րու Խոր­­հուրդը կ՚երաշ­­խա­­­ւորէ ներ­­քե­­­ւի պայ­­մաննե­­րուն իրա­­կանա­­ցու­­մը.

Ա) Ռու­­սա­­­կան բա­­նակին Թուրքիայէն հե­­ռացու­­մով թրքա­­հայոց իրա­­ւունքնե­­րը պաշտպա­­նելու հա­­մար քա­­ղաքա­­ցիական բա­­նակի մը կազ­­մութիւ­­նը։

Բ) Տար­­բեր եր­­կիրներ ցրո­­ւած հայ գաղ­­թա­­­կան­­նե­­­րու Հա­­յաս­­տան վե­­րադար­­ձի ապա­­հովու­­մը։

Գ) Թուրքիոյ իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րու կող­­մէ բռնի կեր­­պով աք­­սո­­­րուած հա­­յոց վե­­րադար­­ձը։ Կո­­միսար­­նե­­­րու Խոր­­հուրդը թրքա­­կան պա­­տուի­­րակու­­թեան հետ բա­­նակ­­ցութիւննե­­րու ըն­­թացքին պա­­հան­­ջա­­­տէր պի­­տի ըլ­­լայ այս խնդի­­րով»։

Դ) Թրքա­­­կան Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի մէջ ժա­­­մանա­­­կաւոր կա­­­ռավա­­­րու­­­թեան մը կազ­­­մութիւ­­­նը։ Ժո­­­ղովուրդի ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցիչնե­­­րը ժո­­­ղովրդա­­­վար սկզբունքնե­­­րով պի­­­տի ընտրո­­­ւին։ Ամբողբ Կով­­­կա­­­­­­­սի մէջ ար­­­տա­­­­­­­կարգ լիազօ­­­րու­­­թիւններ ու­­­նե­­­­­­­ցող Կո­­­միսար Ստե­­­փան Շա­­­հու­­­մեան թրքա­­­հայոց Բ եւ Գ յօ­­­դուած­­­նե­­­­­­­րու իրա­­­կանաց­­­ման եւ Ա յօ­­­դուա­­­ծին մէջ նշո­­­ւած ռու­­­սա­­­­­­­կան զօր­­­քին վե­­­րադար­­­ձի թո­­­ւակա­­­նը եւ ճա­­­նապա­­­րը ճշդե­­­լու գոր­­­ծե­­­­­­­րը կար­­­գադրող Խառն Յանձնա­­­խումբի կազ­­­մութեան պի­­­տի նպաս­­­տէ։ Թուրքիոյ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի սահ­­­մաննե­­­րը բա­­­նակ­­­ցութիւննե­­­րով ճշդե­­­լու պաշ­­­տօ­­­­­­նը յանձնո­­ւած է Կո­­միսար Շա­­հու­­մեանին»։

29 Սեպ­­տեմբեր 1917/ 11 Յու­­նուար 1918

Յ.Գ. Շա­­հու­­մեան չէ կրցած իրա­­կանաց­­նել այս պաշ­­տօ­­­նը, քա­­նի որ 20 Սեպ­­տեմբեր 1918-ին անգլա­­ցինե­­րու ձե­­ռամբ յանձնո­­ւած է Սպի­­տակ­­նե­­­րուն եւ անոնց կող­­մէ ալ գնդա­­կահա­­րուած։ Անոր եւ 25 կո­­միսար­­նե­­­րու յի­­շատա­­կին Պա­­քուի մէջ կանգնած յու­­շարձա­­նը 2009 թո­­ւակա­­նին փլո­­ւեցաւ Ալիեւ կրտսե­­րի վար­­չութեան կող­­մէ։ Լեռ­­նա­­­յին Ղա­­րաբա­­ղի Հան­­րա­­­պետու­­թեան մայ­­րա­­­քաղաք Ստե­­փանա­­կեր­­տի հետ կը յա­­ւեժա­­նայ իր անու­­նը ու յի­­շատա­կը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ