Թրքահայութիւնը մտահոգ

Պատերազ­մը իս­կա­պէս ալ Թուրքիոյ մի­ջամ­տութեամբ ստա­ցաւ բո­լորո­վին տար­բեր բնոյթ եւ դուրս գա­լով լոկ հայ-ատրպէյ­ճա­նական տա­րակար­ծութեան մը սահ­մա­նու­մէն, վե­րածո­ւեցաւ պատ­մա­կան հա­շուե­յար­դա­րի մը հա­յոց եւ թուրքե­րու մի­ջեւ։ Նման հո­գեբա­նու­թիւնը իր ար­ձա­գան­գը կ՚ու­նե­նայ նաեւ Թուրքիոյ մէջ։ Եր­կուշաբ­թի օր Ատրպէյ­ճա­նական դրօ­շակ­նե­րով ծած­կո­ւած ինքնա­շարժնե­րու կա­րասիւն մը երթ կա­տարե­ցին Պատ­րիար­քա­րանի փո­ղոցէն ընդմիշտ սիկ­նալ տա­լով եւ վան­կարկումնե­րով։ Ապա այդ տե­սանիւ­թը տե­ղադ­րո­ւեցաւ սոց­ցանցե­րու մէջ, ուր պատ­ճառ դար­ձաւ բուռն հա­կազ­դե­ցու­թիւննե­րու։ Երկրի գրա­ւոր մա­մուլն ալ քննա­դատեց այդ եր­թը յատ­կա­պէս մտա­հոգու­թիւն յայտնե­լով Թուրքիոյ հայ քա­ղաքա­ցինե­րու կեան­քի վտան­գո­ւելուն դէմ։ Իս­կա­պէս ալ ան­ցեալի օրի­նակ­նե­րը կ՚ար­դա­րաց­նեն այդ մտա­հոգու­թիւննե­րը, քա­նի որ Թուրքիոյ մէջ բա­ցառո­ւած երե­ւոյթ մը չէ երկրէ դուրս տե­ղի ու­նե­ցող ան­ցուդարձնե­րու հա­մար հա­շիւ լու­ծել քա­ղաքա­ցինե­րէն։ Թուրքիոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րանը վեր­ջին բա­խումնե­րու մա­սին յայ­տա­րարու­թիւն մը ընե­լով փա­ռաբա­նեց Հա­ւաքա­կանութեան մէջ խաղաղութեան անհրաժեշտութիւնը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ