Կարպիս Ալթընօղլու կը յիշատակուի

Թրքա­հայ անո­ւանի յե­ղափո­խական Կար­պիս Ալ­թը­նօղ­լու մահուան Ա. Տա­րելի­ցին առ­թիւ 14 Հոկ­տեմբե­րին ասու­լի­սով մը կը յի­շատա­կուի Պրուքսե­լի մէջ։ Առ­ցանց ասու­լի­սին կը մաս­նակցին, Ֆի­սուն Էր­տո­ղան, Այ­տըն Չու­պուքչու, Ռե­ճեփ Մա­րաշ­լը, Մե­թին Քա­յաօղ­լու եւ Նա­զըմ Թա­փան։

Կար­պիս Ալթնօղ­լու 1960-ական տա­րեթի­ւերու երկրորդ կէ­սէն սկսեալ աշ­խոյժ մաս­նակցու­թիւն ու­նե­ցած էր Թուրքիոյ ձա­խակող­մեան շար­ժումին։ Եր­կա­րատեւ բան­տարկու­թեան տա­րինե­րուն են­թարկո­ւած էր ամե­նադա­ժան տան­ջանքնե­րու։ Այդ տան­ջանքնե­րուն դի­մադ­րե­լը, ըն­կերնե­րը մատ­նե­լէ խու­սա­փիլը, եւ պա­հած յա­մառ լռու­թիւնը զինք առաս­պե­լի մը վե­րածած էր։ Ինք այս երե­ւոյ­թը մեծ հա­մես­տութեամբ կը բնու­թագրէր. «Սազ­մա­թիւ յե­ղափո­խական­նե­րու մատ­նո­ւած տան­ջանքնե­րը ես քիչ մը աւե­լիովը ապ­րե­ցայ։ Թէ հայ եւ թէ կո­մու­նիստ ըլ­լա­լը կրկնա­կի ար­ժէք մը կ՚ըն­ծա­յէր ին­ծի» ըսե­լով։

«Թէորի եւ Փո­լիթի­քա» պար­բե­րակա­նի կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւած ասու­լի­սը կա­յացաւ Թուրքիոյ ժա­մով երե­կոյեան ժա­մը 20.00-ին Zoom-ի դրութեամբ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ