Քամանչայի Դիւցազն՝ Մհեր

ՊՕՂՈՍ ԵՂԻԱԶԱՐ

...

Եր­գով եկաւ,

Վէր­քով գնաց Սա­յաթ-Նո­վան.

Սի­րով եկաւ,

Սու­րով գնաց Սա­յաթ-Նո­վան.

Սի­րով մնաց Սա­յաթ-Նո­վան։

Յ. Թու­մա­նեան 1913թ.

Երե­ւի մա­նուկ հա­սակին Թու­մա­նեանի այս տո­ղերուն սի­րահա­րուած էր Մհերը։ Երե­ւի անոր հա­մար էր, որ դա­սագիր­քե­րուն հետ նաեւ փոքր ու­սե­րուն վրայ շալ­կեց Սա­յաթ-Նո­վայի հսկայ ժա­ռան­գը՝ քա­ման­չան։ Մեր ազ­գա­յին ար­ժէքնե­րու տար­բեր շրջան­նե­րու բո­լոր գաղտնա­գիրե­րը կա­յին անոր ճա­կատագ­րին մէջ։ Դիւ­ցազն Միհ­րի՝ Մհե­րի անու­նը անոր քա­ջու­թիւն եւ ար­դա­րադա­տու­թիւն, Սա­յաթ-Նո­վայի քա­ման­չան տա­ղան­դը ներ­կա­յաց­նե­լու հնա­րաւո­րու­թիւն եւ Նա­րեկա­ցի նո­ւագա­խումբը անոր Նա­րեկեան իմաս­տութիւն էր շնոր­հած։ Իսկ հա­յու ճա­կատագ­րի ամե­նածանր պսա­կը՝ հայ­րե­նասի­րու­թիւնը, որ անոր ճա­կատին զե­տեղո­ւած էր ի ծնէ, մեղմ, բա­րի, ազ­նիւ հո­գիով աշ­խա­տասէր եւ մար­դա­սէր Մհե­րին այս ան­գամ յա­նուն հայ­րե­նեաց պաշտպա­նու­թեան զէնք գրկել տո­ւաւ։ Տիեզե­րակա­նացած այդ շնոր­հա­լի եռան­կիւնը հայ­րե­նեաց պաշտպա­նու­թեան ժա­մանակ չկրցաւ Մհե­րին լոյսէ վա­հան դառ­նալ եւ ան լոյս դար­ձաւ, տիեզե­րակա­նացաւ։

2017-ի աշ­նա­նամու­տին, Նա­րեկա­ցի Արո­ւես­տի Միու­թեան 13-ամեակին, միու­թիւնը վստա­հելով իր ու­ժե­րուն՝ իր նո­ւագա­խումբի երա­ժիշտնե­րուն, պա­տաս­խա­նատո­ւու­թիւն ստանձնեց Խա­չատուր Աւե­տիսեանի հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 70-ամեակին նո­ւիրո­ւած օրա­թօրիօն կա­տարել։ Աւե­տիսեանի երաժշտու­թեամբ, Լու­դո­ւիկ Դու­րեանի խօս­քե­րով Տա­ղեր՝ Սի­րոյ, Պանդխտու­թեան եւ Հայ­րե­նեաց կո­թողա­յին այս գոր­ծը, երի­տասարդ երա­ժիշտնե­րու ձեռ­քե­րուն մէջ կրկին կեանք առաւ։ Եւ ես այդ հա­մեր­գի ժա­մանակ պա­տիւ ու­նե­ցայ այս երի­տասարդնե­րու հետ բեմ բարձրա­նալու։ Վճիտ, փայ­լուն երի­տասարդ երա­ժիշտնե­րու հսկայ բա­նակ մը կար բե­մին վրայ, որոնք իրենց «հրա­մանա­տարի»՝ Ար­տեմ Խա­չատ­րեանի գլխա­ւորու­թեամբ գի­տէին ըստ ար­ժա­նուոյն ինչպէս պէտք է նո­ւագէին։ Սա ոչ միայն տա­րեդար­ձի մը ոգե­կոչում կամ վրան ծած­կո­ւած կո­թողա­յին գոր­ծի մը վե­րակեն­դա­նացումն էր, այ­լեւ պա­տերազմ էր հա­րիւ­րա­ւոր անար­դար տա­րինե­րու դէմ, ոչ միայն պարզ հա­մերգ մըն էր, այ­լեւ՝ ար­դա­րու­թեան պա­հանջ։

Բե­մի ան­կիւնին աս­պետ մը կար զէնքն ի ձե­ռին։ Հա­յեաց­քը եւ լսո­ղու­թիւնը հայ­կեան կտրիչ ար­ծի­ւի մը նման սուր էր։ Ան իր խրա­մին մէջ անա­ռիկ ու վսեմ նստած, իր «զի­նակից» ըն­կերնե­րուն հետ կը սպա­սէր «պա­տերազ­մը»։ Անոր զէն­քը աղեղ ու­նէր եւ նե­տերն էին ար­ծա­թէ։ Եւ ահա, հնչեց նա­խեր­գանքը։ Ինքնավստահ, երի­տասարդ աս­պե­տը իր աղե­ղով սկսաւ նե­տահա­րել։ Ար­ծա­թէ նե­տերը շան­թա­հարե­ցին դահ­լի­ճի նստող­նե­րը։

Մհե­րի զէն­քին՝ քա­ման­չա­յին ար­ծա­թէ նե­տերուն հե­տեւող շատ աչ­քեր որ­սա­ցի դահ­լի­ճին մէջ։ Ան կար­ծես մեր բո­լորի այդ ներ­դաշնակ միաս­նութեան մէ­ջէն մերթ ընդ մերթ առանձնա­նալով իր վար­պե­տու­թեամբ կը սա­ւառ­նէր։ Սլա­ցաւ ու սլա­ցաւ. սլա­ցանք բո­լորս, յա­նուն մեր պա­հան­ջի միացանք։

Բա­րոյա­կան այդ պա­տերազ­մին՝ բե­մին վրայ բո­լորս միասին էինք։ Բայց ոչ ար­ծա­թեայ նե­տերու, այլ իրա­կան փամ­փուշտնե­րու տակ ըն­թա­ցող պա­տերազմ Մհե­րը առան­ձին գնաց։ Մեզ­մէ ոչ մէ­կուն լուր տո­ւաւ։ Հոն նե­տերը ար­ծա­թեայ չէին ու զէն­քե­րը քա­ման­չա­ներ, քա­նոն­ներ ու սան­թուրներ չէին։ Բա­րոյա­կան մեր այդ պա­տերազ­մէն բո­լորս յաղ­թա­նակած իջանք բե­մէն, բայց իմ ըն­կերս, մեր եղ­բայրը՝ Մհե­րը իրա­կան, ան­գութ պա­տերազ­մին քա­ջաբար զո­հուե­ցաւ յա­նուն հայ­րե­նեաց։

Մհեր ճան, դուն ան­մա­հացար, յա­ւեր­ժա­ցար, քա­րացած խոր ցաւ մը թո­ղեցիր մեր սրտե­րուն մէջ ու անար­դար այս բե­մէն հե­ռացար։ Մենք ամէն մէկս, քու լուռ դա­գաղիդ շուրջը կանգնած, խոս­տումի մրմունջ մը ձգե­ցինք, աղօ­թեցինք ու հե­ռացանք։ Ար­դա­րու­թեան հաս­տա­տու­մով հա­յոց քա­ման­չան յա­նուն քու ան­մա­հու­թեանդ պի­տի հնչէ։

Մհեր ճան, ի պա­տիւ քեզ ու նման­նե­րուդ, դեռ գոր­ծեր կան կա­տարե­լու։ Սրտիդ մէ­ջէն ան­ցած այդ եր­կա­թէ հու­րէ կոյ­տը, մեր սրտերն ալ կի­զեց ան­ցաւ։ Ա՜խ երա­նի քու նո­ւագիդ հու­րով այ­րէր մեր սիր­տե­րը... մեր քա­ման­չան կոտ­րե­ցին, ի՞նչ օգուտ, հա­զար­նե­րով պի­տի նո­ւագենք, մեր եր­գը նո­րէն ող­բի վե­րածե­ցին, ի՞նչ օգուտ, մենք նո­րերը պի­տի եր­գենք, մեր տու­նե­րը աւերեցին, ի՞նչ օգուտ, աւե­լի ամուրնե­րը պի­տի կա­ռու­ցենք։

Գնա՛ եղ­բայր, ափ­սոս հա­զար ափ­սոս... գնա՛ այս անար­դար բե­մէն հե­ռու։ Ափ­սոս ու հա­զար ափ­սոս։ Թո՛ղ յա­ւեր­ժութեան ու­ղիդ պայ­ծառ ու լու­սա­ւոր ըլ­լայ... բայց գիտ­ցի՛ր, քեզ­մէ յե­տոյ հա­զարա­ւոր քա­ման­չա­ներ ալ քեզ եր­գեն, հա­զար Մհեր ալ ծնի, թէ­կուզ այս անար­դար, դա­ժան աշ­խարհի վրայ ար­դա­րու­թիւն ալ հաս­տա­տուի ու Փոքր Մհե­րը Ագ­ռա­ւաքա­րէն ալ ել­լէ՝ քու տեղդ ու­րիշ է ու ան­փոխարի­նելի։

Երե­ւան, Հա­յաս­տան

30.10.2020

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ