Եւորպայի քաղաքները ահաբեկչութեան թիրախ

Փարիզի մէջ ու­սուցի­չի մը չե­չեն ճի­հատա­կանի մը ձեռ­քով սպան­նո­ւելէն ետք Եւոր­պա­յի զա­նազան քա­ղաք­ներ իս­լա­մական ահա­բեկ­չութեան թի­րախը դար­ձած են։ Ոճի­րէն ան­մի­ջապէս ետք նա­խագահ Մաք­րո­նի հա­կազ­դե­ցու­թիւնը Թուրքիոյ նա­խագա­հի կող­մէ դի­տուած էր իբ­րեւ իս­լա­մաֆո­պիա եւ իս­լամ կրօ­նի դէմ ատե­լու­թիւն։ Այդ նկա­տու­մով Էր­տո­ղան ար­հա­մար­հա­կան ելոյթներ ու­նե­ցած էր Մաք­րո­նի հան­դէպ։ Խոր­հուրդ տո­ւած էր, որ Մաք­րոն հո­գեբու­ժա­կան դար­մա­նում մը տես­նէ։ Ֆրան­սա այս անար­գանքին պա­տաս­խա­նեց Ան­գա­րայի իր դես­պա­նը ետ կան­չե­լով։ Նոյն օրե­րուն Նիս ու Լիոն քա­ղաք­նե­րու մէջ նո­րանոր յար­ձա­կումներ կա­տարո­ւեցան եկե­ղեցի­ներու հան­դէպ։ Այսպէս Նի­սի մէջ Թու­նի­սէն եկած ճի­հատա­կան մը Նի­սի եկե­ղեցին խու­ժե­լով սպան­նեց երեք հա­ւատա­ցեալ­ներ, որոնք մո­մավա­ռու­թեամբ կ՚աղօ­թէին եկե­ղեց­ւոյ մէջ։

Շա­տերու հա­մար զար­մա­նալի երե­ւոյթ էր նման բնոյ­թի դէպ­քի մը Վիանա­յի մէջ կրկնո­ւիլը։ Այստեղ ալ զի­նեալ­ներ վեց տար­բեր կէ­տերէ կրա­կեցին քա­ղաքա­ցինե­րու վրայ ու սպան­նե­ցին երեք ան­ձեր, եր­կու այր եւ մէկ կին։ Վիանա­յի ոս­տի­կանա­պետը յայտնեց թէ յայտնա­բերո­ւած է յար­ձա­կող­նե­րէն միայն մէ­կը, այն ալ սպա­նուած ձե­ւով։ Միւս յար­ձա­կող­նե­րը յա­ջողած են փա­խուստի դի­մելու։ Աւստրիոյ Ներ­քին Գոր­ծոց Նա­խարար Քառլ Նե­համ­մեր յայտնեց, թէ դէպ­քը իրա­կանաց­նողնե­րը ՏԱԻՇ-ի հա­մակիր­ներ են։

Դէպ­քե­րը կ՚ար­դա­րաց­նեն հա­կառակ բե­ւեռ­ներ ներ­կա­յաց­նող եր­կու քա­ղաքա­կան գոր­ծիչնե­րու՝ Թուրքիոյ Նա­խագահ Էր­տո­ղանի եւ Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Փա­շինեանի այն հա­մատեղ հա­մոզու­մը, ըստ որու եւ­րո­պացի­ներ պի­տի չի կա­րենան փո­ղոց ել­լել եւ ահա­բեկ­չութիւ­նը պիտի վա­յելեն իրենց քա­ղաք­նե­րուն մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ