Լեւոն Տէր Պետրոսեան կը զգուշացնէ

Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան յետպատերազմեան զարգացումները նկատի ունենալով քաղաքացիական պատերազմի մը կործանարար յատկութիւնները նկատի ունենալով յայտարարութիւն մը կատարեց։ «Քաղաքացիական պատերազմը բացի թուրք-ատրպէյճանական դաշինքին մեծագոյն նուէր մը ըլլալէ զատ կործանարար կ՚ըլլայ, թէ Արցախի, թէ Հայաստանի եւ թէ ողջ հայութեան համար։ Կ՚ուզեմ յուսալ որ ազգի ճակատագրով մտահոգ կուսակցութիւնները հասարակական-քաղաքական խումբերը, ուժային կառոյցները մտաւորականութեան հեղինակաւոր ներկայացուցիչները եւ ընդհանրապէս պատասխանատուութեան զգացում ունեցող բոլոր ուժերը կ՚օգտագործեն իրենց ողջ ազդեցութիւնը՝ նման աղէտալի հեռանկարէ մը խուսափելու համար» ըսաւ Տէր Պետրոսեան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ