Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահի, ՀՀ վարչապետի եւ ԱՀ նախագահի յայտարարութեան ոչ-պաշտօնական թարգմանութիւնը

Մենք, Ատրպէյ­ճա­նի նա­խագահ Իլ­համ Հէյ­դա­րի Ալիեւս, Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետ Նի­կոլ Վ. Փա­շինեանս եւ Ռու­սաստա­նի նա­խագահ Վլա­տիմիր Վ. Փու­թի­նը կը յայ­տա­րարենք հե­տեւեալի մա­սին.

Յայ­տա­րարում է ամ­բողջա­կան կրա­կի դա­դարե­ցում բո­լոր տե­սակի մար­տա­կան գոր­ծո­ղու­թիւննե­րու՝ Ղա­րաբա­ղեան հա­կամար­տութեան գօ­տիին, սկսած Նո­յեմ­բե­րի 10-ի 00։00-ից, ըստ Մոս­կո­ւայի ժա­մանա­կի։ Ատրպէյ­ճա­նական Հան­րա­պետու­թիւնը եւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թիւնը, յե­տագա­յում կը մնան իրենց գրա­ւուած դիր­քե­րու վրայ։

Աղ­դա­մի շրջա­նը եւ տա­րածքնե­րը, որոնք կը հսկո­ւին հայ­կա­կան կողմէ Ղա­զախի շրջան, վե­րադար­ձո­ւին Ատրպէյ­ճա­նին մին­չեւ Նո­յեմ­բե­րի 20-ը։

Շփման գծի եր­կայնքով Լեռ­նա­յին Ղա­րաբա­ղի, եւ Լա­չինի մի­ջանցքին կը հաս­տա­տուի ռու­սա­կան խա­ղաղա­պահ ու­ժեր 1960 զի­նուո­րակա­նի չա­փով, հրա­զէնա­յին զէն­քով, 90 զրա­հատ­րանսպոր­տա­յին եւ 380 ինքնա­շարժնե­րով եւ յա­տուկ տեխ­նի­կայով։

Ռու­սա­կան խա­ղաղա­պահ զօ­րակազ­մը կը տե­ղակա­յուի հայ­կա­կան ու­ժե­րու դուրս բեր­մա­նը զու­գա­հեռ։ Խա­ղաղա­պահ­նե­րը կը մնան հինգ տա­րի ժա­մանա­կով, ինքնա­բար եր­կա­րաց­ման հնա­րաւո­րու­թեամբ յա­ջորդ հինգ տա­րուայ հա­մար, եթէ կող­մե­րը ժամ­կէ­տի լրա­նալէ վեց ամիս առաջ չեն յայ­տա­րարած, որ կը դա­դարեց­նեն այս դրոյ­թի կի­րառու­թիւնը։

Ար­դիւնա­ւէտու­թեան եւ վե­րահսկողու­թեան հա­մար կող­մե­րու մի­ջեւ պայ­մա­նաւո­րուա­ծու­թիւննե­րու կա­տար­ման, կը հաս­տա­տուի կրա­կի դա­դարեց­ման խա­ղաղա­րար կեդ­րոն։

Հա­յաս­տա­նը մին­չեւ Նո­յեմ­բե­րի 15-ը Ատրպէյ­ճա­նին կը վե­րադարձնէ Քել­բա­ջարը, մին­չեւ Դեկ­տեմբե­րի մէ­կը՝ Լա­չինի շրջա­նը, թող­նե­լով մի­ջանցք 5 քմ լայ­նութեամբ, որը ապա­հովե­լու է Հա­յաս­տա­նի կա­պը, սա­կայն չի շօ­շափե­լու Շու­շին։ Կող­մե­րու հա­մաձայ­նութեամբ, առա­ջիկայ երեք տա­րուայ ըն­թացքին կա­ռու­ցո­ւելու է նոր ճա­նապարհ Լա­չինով, որը կը կա­պի Ստե­փանա­կեր­տը Հա­յաս­տա­նի հետ, յե­տագա­յում խա­ղաղա­պահ­նե­րու՝ այդ ճա­նապար­հը հսկե­լու հա­մար տե­ղակայ­ման նպա­տակաւ։

Ներ­քին տե­ղահա­նուած­նե­րը եւ փախստա­կան­նե­րը կը վե­րադառ­նան ԼՂ եւ յա­րակից շրջան­ներ՝ ՄԱԿ Փախստա­կան­նե­րու հար­ցե­րով բարձր յանձնա­կատա­րի հսկո­ղու­թեան ներ­քոյ։

Կ՚իրա­կանա­նայ ռազ­մա­գերի­ներու փո­խանա­կու­թիւն եւ միւս պա­հուող ան­ձե­րու փո­խանա­կու­թիւն։

Կ՚ապաար­գե­լափա­կուին բո­լոր տնտե­սական եւ փո­խադ­րա­յին կա­պերը շրջա­նին։ Հա­յաս­տա­նը կ՚ապա­հովէ փո­խադ­րա­յին կապ Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջան­նե­րու եւ Նա­խիջե­ւանի ինքնա­վար Հան­րա­պետու­թեան մի­ջեւ։ Տրանսպոր­տա­յին այս կա­պը կը հսկեն ՌԴ Անվտանգութեան Դաշնակցութեան Ծառայութեան սահ­մա­նապահները։ Կող­մե­րու հա­մաձայ­նութեամբ, կա­ռու­ցո­ւելու է տրանսպոր­տա­յին ու­ղի՝ Նա­խիջե­ւանն ու Ատրպէյ­ճա­նի արեւմտեան շրջան­նե­րը իրար կա­պելու հա­մար։

«ԼՐԱ­ԳԻՐ»

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ