Ցեղասպանութեան յիշատակումը պատժոյ նիւթ

Տիյար­պէ­քիրի Փաս­տա­բան­նե­րու Կա­ճառի նախ­կին նա­խագահ Ահ­մետ Էօզ­մեն եւ նա­խորդ վար­չութեան բո­լոր ան­դամնե­րը դա­տուե­ցան իրենց պաշ­տօ­նէու­թեան շրջա­նին Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան յի­շատակ­ման օրե­րուն կա­տարած յայ­տա­րարու­թիւննե­րուն հա­մար։ Փաս­տա­բան­նե­րը մեր­ժե­ցին իրենց ուղղեալ բո­լոր մե­ղադ­րանքնե­րը պնդե­լով, որ 1915-ին պա­տահած­նե­րը ցե­ղաս­պա­նու­թիւն էր եւ իրենք որ­դեգրած են եղա­ծը իր անու­նով կո­չելու սկզբունքը։

Կա­ճառի վար­չութեան ան­դամ փաս­տա­բան­նե­րը կը մե­ղադ­րո­ւին թրքու­թիւնը նա­խատե­լու վե­րաբե­րեալ տխրահռչակ 301-րդ յօ­դուա­ծով։ Այդ յօ­դուա­ծով դատ յա­րու­ցե­լու հա­մար անհրա­ժեշտ է ար­դա­րադա­տու­թեան նա­խարա­րին յա­տուկ թոյլտո­ւու­թիւնը։

Նա­խորդ շրջա­նի նա­խագահ փաս­տա­բան Ահ­մետ Էօզմէն լրագ­րողնե­րուն յայտնեց թէ կա­տարեալ հա­կասու­թիւն մըն է ար­դա­րադա­տու­թեան նա­խարա­րին եր­կու օր առաջ հրա­պարա­կած դա­տական բա­րեփո­խումնե­րու ծրա­գիրը եւ այս դա­տավա­րու­թեան ար­տօ­նու­թիւն տա­լու երե­ւոյ­թը։

Ահ­մետ Էօզ­մէն նաեւ յի­շեցուց, որ այդտեղ դա­տուո­ղը ոչ թէ ան­հա­տաբար իրենք են, այլ իբ­րեւ հաս­տա­տու­թիւն Տի­յար­պէ­քիրի Փաս­տա­բան­նե­րու Կա­ճառը։ Դա­տավա­րու­թիւնը յե­տաձ­գո­ւած է 17 Փետ­րո­ւար 2021 թո­ւականին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ