Սեպուհ Արք. Չուլճեանի վախճանման առթիւ

ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔ. ՊԷՔՃԵԱՆ

Ամէն ոք, իւ­րա­քան­չիւր հո­գի ար­ժէ­քաւոր է ու սրբա­զան։ Կաս­կած չկայ այս մա­սին։ Ծնած ամէն երե­խայ անա­ղարտ է ու մա­քուր։ Նո­րածի­նի ինչպէս չա­փահաս մը ըլ­լա­լու որո­շիչը ըն­տա­նիքն է, ստա­ցած ու­սումը, շրջա­պատը, պայ­մաննե­րը եւ անոնց հա­մադ­րութիւ­նը կազ­մող հա­ւատա­լիք­նե­րը, խոր­հուրդներն են։ Անոնք են որ կը ձե­ւաւո­րեն ինքնու­թիւնը։

Այս ազ­դակնե­րը եր­բեմն ի ծնէ կը մնան ան­փո­փոխ, կը ձե­ւաւո­րեն մար­դուս հո­գին ու նկա­րագի­րը։ Եր­բեմն ալ մար­դը կը գե­րազան­ցէ այս բո­լորը ու ինք կը կեր­տէ իր նկա­րագի­րը։ Եթէ այդպէս չըլ­լար նոյն պայ­մաննե­րը բաժ­նող մար­դոց մի­ջեւ տար­բե­րու­թիւն չէր ըլ­լար։

Սե­պուհ Սրբա­զան այս երկրորդ տե­սակէն մարդ մը եւ հո­գեւո­րական մըն էր։ Ու­ղիղ ու անա­րատ, մտե­րիմ ու յա­մառ էր։ Այս յատ­կութիւ­նով ան աս­տո­ւածա­բանա­կան գի­տելի­քով, գի­տակ­ցութեամբ ու ըն­կա­լու­մով միացու­լո­ւած եկե­ղեցա­կանէ մը ակնկա­լուած ար­ժա­նիք­նե­րու մարմնա­ցումն էր։

Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­կան աթո­ռի նախ­կին պատ­կա­րելի դէմ­քե­րուն՝ Գա­րեգին Արք. Խա­չատու­րեանի, Շնորհք Արք. Գա­լուստեանի, նա­խորդ տա­րուայ Մարտ ամ­սուն վախ­ճա­նած Մես­րոպ Արք. Մու­թա­ֆեանի ու­ղիին հե­տեւող, բա­րեխ­նամ, վճռա­կամ ու գի­տակից աւան­դութեան մը ներ­կա­յացու­ցիչն էր։

Զա­նազան դժո­ւարու­թիւննե­րով անցնող տե­ղապա­հու­թեան շրջա­նին կրկին հա­մոզո­ւեցայ թէ մօտ 10 տա­րի տե­ւող Պատ­րիար­քա­կան Ընդհա­նուր Փո­խանոր­դի շրջա­նէն ետք, հա­յու հա­մաշ­խարհա­յին գո­յոթեան կա­րեւոր օր­րաննե­րէն Պոլ­սոյ հա­յոց Պատ­րիար­քութեան հա­մար լա­ւագոյն թեկ­նա­ծուն ինքն է։ Եթէ հայ հա­մայնքի աջակ­ցութեամբ կա­րենա­յինք յաղ­թա­հարել մեր դի­մաց յա­րու­ցո­ւած ար­գելքնե­րը, իմ ալ թեկ­նա­ծու ներ­կա­յացո­ւած պատ­րիար­քա­կան ընտրու­թիւննե­րուն իմ նա­խընտրու­թիւնը պի­տի ու­ղո­ւէր Սե­պուհ Սրբա­զանին։ Պե­տու­թիւնը եւ հա­մայնքի շրջա­նակ­նե­րէն պե­տու­թեան խոր­հուրդներ փո­խան­ցողներ իմ տե­ղապա­հու­թեան ար­գելք հան­դի­սանա­լով նման զար­գա­ցու­մը կան­խե­ցումն։ Կամ ալ Սե­պուհ Սրբա­զանի ընտրու­թեան ար­գելք ըլ­լա­լու հա­մար իմ տե­ղապա­հու­թիւնը չե­ղեալ հա­մարե­ցին։

Բախ­տը ու­նե­ցայ զինք մօ­տէն ճանչնա­լու։ Կա­րիք չեմ զգար իր կեն­սագրու­թիւնը պատ­մե­լու։ Այդ գի­տելիք­նե­րուն կա­րելի է հան­դի­պիլ մա­մու­լի էջե­րէն կամ հա­մացան­ցէն։

Մի քա­նի նշում բա­ւարար է տես­նե­լու հա­մար ոչ միայն մեր եկե­ղեց­ւոյ, այլ հա­մայն հա­յու­թեան կո­րուստին մե­ծու­թիւնը։ Սե­պուհ Սրբա­զան կրօն­քի եւ բա­րոյա­գիտու­թեան մշա­կոյ­թը, այ­սինքն աս­տո­ւածա­բանու­թիւնը իւ­րա­ցու­ցած հո­գեւո­րական մըն էր։ Միաժա­մանակ կը գի­տակ­ցէր աշ­խարհի դրո­ւած­քին, մար­դու եւ մարդկու­թեան վի­ճակին։ Կը կա­րեւո­րէր բո­լոր ան­հատնե­րը. Գու­գա­րաց դէ­մի առաջ­նորդա­րանը ինք կա­ռու­ցեց։ Դէ­մը իր ջան­քե­րով տի­րացաւ աշ­խա­տավայ­րի ու բնա­կավայ­րի։

Իր պաշ­տօ­նավա­րած տա­րած­քին մէջ հիմ­նեց ամառ­նա­յին ման­կա­կան ճամ­բար մը։ Հոն մին­չեւ 14-15 տա­րեկան մա­նուկնե­րուն կամ պա­տանի­ներուն կը դա­սաւան­դէր մշա­կոյ­թի, կրօն­քի, բա­րոյա­գիտու­թեան նման գի­տելիք­ներ.։

Պրպտող էր, իմ մի այլ հո­գեւոր եղ­բօր՝ Մի­քայէլ Աջա­պահեանի հետ եր­կու ան­գամ այ­ցե­լած էր պատ­մա­կան Հա­յաս­տա­նի շրջան­նե­րը, ու­սումնա­սիրած մեր նախ­նեաց կեն­ցա­ղը։ Բազ­մա­ցու­ցին պատ­մութեան գի­տելիք­նե­րը, որոնց մի­ջոցաւ իրենք ալ հարստա­ցան։

Մէջ­բե­րում մը ընեմ Աջա­պահեան Սրբա­զանի մա­սին. Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւոր­չի աջ ձեռ­քը ար­ծա­թածակ պա­հարան կը գտնո­ւի եր­կու տեղ՝ մէ­կը Պէյ­րութ, Ան­թի­լիաս իսկ միւ­սը Հա­յաս­տան՝ Էջ­միածին. Ահա Մի­քայէլ Սրբա­զանի գեր­դաստա­նը այդ սրբա­զան աւան­դի պա­հապան­ներն էին, որու բեր­մամբ ստա­ցան «Աչ­ջա­պահեան» ազ­գա­նու­նը։

Իսկ ի՞նչ է Գրի­գոր Լու­սա­ւորի­չի նշա­նակու­թիւնը։ Ան կ՚ըն­դունո­ւի որ­պէս հայ քրիս­տո­նէու­թեան եւ Հա­յաս­տա­նեանց եկե­ղեց­ւոյ հիմ­նա­դիրը։ Աշ­խարհի չորս ծա­գերու հայ եկե­ղեցի­ներուն, մկրտու­թեան պա­հուն օծե­լի միւ­ռո­նի պատ­րաստո­ւած կաթ­սա­յի մէջ միւ­ռո­նը Գրի­գոր Լու­սա­ւոր­չի աջով է որ կը խառ­նո­ւի ու կ՚օրհնո­ւի։ Որ­պէս մա­սունք աջ ձեռ­քի ոս­կորնե­րը 1441 թո­ւին բե­րուած են Սի­սի կա­թողի­կոսա­րան, ապա 1921-ին ալ փո­խադ­րո­ւած են մէկ մա­սը Ան­թի­լիաս, իսկ մէկ մասն ալ Էջ­միածին։

Սե­պուհ Չուլճեան Սրբա­զանի Քո­վիտ- 19-ի հա­մավա­րակով մա­հանա­լը թէ եկե­ղեց­ւոյ եւ թէ հա­սարա­կու­թեան հա­մար մեծ կո­րուստ է։ Մարդկու­թիւնը կորսնցուց իրաւ հո­գեւո­րակա­նի մը կեր­պա­րը։ Կը մաղ­թեմ թէ ամէն ոք, յատ­կա­պէս եկե­ղեցա­կան­ներ սո­վորեն ու օրի­նակ առ­նեն իր­մէ։

Աստծոյ կ՚աղօ­թեմ իր հոգ­ւոյն խա­ղաղու­թեան համար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ