Պատժել կ՚ուզեն «Շաբաթնօրեայ Մայրեր»ը

«Շաբաթ­նօ­րեայ Մայ­րեր»ու հեր­թա­կան հա­ւաքոյ­թը առա­ջին ան­գամ 25 Օգոս­տոս 2018 թո­ւակա­նին ընդհա­տուե­ցաւ ոս­տի­կանու­թեան բիրտ ու կո­պիտ մի­ջամ­տութեան հե­տեւան­քով։ Իս­թանպու­լի Մար­դու Իրա­ւունքնե­րու Միու­թիւնը նա­խապէս կոչ ուղղած էր հա­սարա­կու­թեան, 700-րդ մի­ջոցառ­ման մաս­նակցե­լու հա­մար։ Ար­դա­րեւ այդ շա­բաթ օր սո­վորա­կանէն աւե­լի բազ­մա­մարդ էր Կա­լաթա­սարա­յի Հրա­պարա­կը։

Եթէ ոս­տի­կանա­կան մի­ջամ­տութիւ­նը չըլ­լաը ըն­դա­մէնը կէս ժամ կամ 45 վայրկեան տե­ւող բո­ղոքի ցոյ­ցը պի­տի կա­յանար ու աւար­տէր առանձ խռո­վու­թեան։ Փայց Ներ­քին Գոր­ծոց Նա­խարա­րու­թիւնը նա­խընտրեց խռո­վու­թիւնը եւ ոս­տի­կան­ներ նախ շրջա­պատե­ցին ժո­ղովուրդը ապա փոր­ձե­ցին բեր­ման են­թարկել ցու­ցա­րար­նե­րը։ Այսպէ­սով այդ օր բեր­ման են­թարկո­ւեցան 46 ան­ձեր, որոնց մէջ է նաեւ «Ակօս»ի նախ­կին խմբագ­րա­պետ Ռո­պէր Քոփ­թաշ։

Այդ դէպ­քէն 27 ամիս անց Իս­թանպու­լի 21-րդ Հիմ­նա­կան Ատեանի մօտ պատ­ժի պա­հան­ջով դահ յարու­ցո­ւած է բեր­ման են­թարկո­ւող­նե­րու դէմ։ Դա­տական առա­ջին նիս­տի թո­ւակա­նը պի­տի յայ­տա­րարո­ւի յա­ռաջի­կայ օրե­րուն։ Մինչ այչ «Շա­բաթ­նօ­րեայ Մայ­րեր»ը յայ­տա­րարու­թիւնով մը բո­ղոքե­ցին Ար­դա­րադա­տական այս սկան­տա­լային գոր­ծո­ղու­թիւնը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ