Աբեղայական ուշացած ձեռնադրութիւն մը

Կրօնա­կան Ժո­­ղովի որո­­շու­­մով 20 Նո­­յեմ­­բեր, Ուրբաթ, ժա­­մը 16.00-ին, Ֆե­­րիգիւ­­ղի Ս. Վար­­դա­­­նանց Եկե­­ղեց­­ւոյ մէջ երե­­կոյեան ժա­­մեր­­գութեան աւար­­տին, խար­­տա­­­ւիլակ Գերպ. Տ. Թա­­թուլ Ծ. Վրդ. Անու­­շեան, օժան­­դա-կու­­թեամբ Արժ. Տ. Գրի­­գոր եւ Տ. Տրդատ Աւ. քա­­հանա­­ներու, եկե­­ղեց­­ւոյ գա­­ւիթէն դէ­­պի դաս ծնրա­­դիր առաջ­­նորդեց ըն­­ծա­­­յեալ Բրշ. Վա­­ղար­­շակ Սրկ. Սե­­րով­­բեանը։

Շա­­րական­­նե­­­րու եր­­գե­­­ցողու­­թեան հետ հան­­դի­­­սադիր Պատ­­րիարք Հօր կող­­մէ կա­­տարո­­ւեցաւ քա­­հանա­­յու­­թեան կոչ­­ման արա­­րողու­­թիւնը։

Իսկ 21 Նո­­յեմ­­բեր, Շա­­բաթ, Ս. Կոյս Աս­­տո­­­ւածա­­մօր Երից Ամաց Տա­­ճար Ըն­­ծայման տօ­­նին, Ս. Աս­­տո­­­ւածա­­ծին Աթո­­ռանիստ Մայր Տա­­ճարի մէջ հան­­դի­­­սաւոր Ս. Պա­­տարագ մա­­տոյց Ն.Ա.Տ. Սա­­հակ Բ. Պատ­­րիարք Հայ­­րը։

«Զի ողոր­­մած…» աղօթ­­քէն առաջ, խար­­տա­­­ւիլակ Հայր Սուրբն ու օժան­­դակ քա­­հանա­­ներ դա­­սուն մէ­­ջէն Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թեան առաջ­­նորդե­­ցին ըն­­ծա­­­յեալը։ Ծնրա­­դիր ու սաղ­­մոսնե­­րով գնաց­­քը կանգ առաւ մեր Հո­­գեւոր Պե­­տին առաջ, որու աղօթքնե­­րէն ու սուրբգրոց ըն­­թերցու­­մէն ետք, նո­­ւիրեալը որ­­պէս աշ­­խարհ ու­­րացման նշան ձե­­ռամ­­բարձ դար­­ձաւ դէ­­պի արեւ­­մուտք եւ եր­­գո­­­ւեցաւ «Աս­­տո­­­ւածա­­յին եւ երկնա­­ւոր շնորհ…» եր­­գը, որուն երիցս կը պա­­տաս­­խա­­­նէր երգչա­­խումբը. Ար­­ժա­­­նի է։

Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թիւնը նախ Վա­­ղար­­շակ Սրկ.ի ու­­րա­­­րը փո­­խակեր­­պեց փո­­րու­­րա­­­րի, ապա աղօթքնե­­րով հա­­գուե­­ցուց փի­­լոնը, սա­­ղաւար­­տը, շուրջա­­ռը, յանձնեց պա­­տարա­­գիչի զգեստնե­­րը։

Աւան­­դա­­­տան մէջ խար­­տա­­­ւիլակն ու սպա­­սար­­կողներ զգեստնե­­րը հա­­գուե­­ցու­­ցին ըն­­ծա­­­յեալին եւ «Խոր­­հուրդ խո­­րին» շա­­րակա­­նով բեմ առաջ­­նորդե­­ցին։

Խար­­տա­­­ւիլակ Գերպ. Տ. Թա­­թուլ Ծ. Վրդ. Անու­­շեան կա­­տարեց Ս. Միւ­­ռո­­­նի վե­­րաբե­­րու­­մը, որ­­մէ ետք Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թիւնը սկսաւ օծել նո­­րըն­­ծան։ Նախ օծեց ճա­­կատը եւ անո­­ւանեց զայն Տ. Յո­­վակիմ Քա­­հանայ։ Ապա օծեց նաեւ աջ եւ ձախ ձեռ­­քե­­­րը, տո­­ւաւ իրեն Ս. Պա­­տարագ մա­­տու­­ցա­­­նելու իշ­­խա­­­նու­­թիւն։

Յե­­տոյ Նո­­րըն­­ծան տո­­ւաւ իր առա­­ջին քա­­հանա­­յական ող­­ջոյնը. «Խա­­ղաղու­­թիւն ամե­­նեցուն»։

Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թիւնը այստեղ քա­­րոզեց, ապա «Պահ­­պա­­­նիչ» աղօթ­­քով օրհնեց նո­­րօծ Տ. Յո­­վակիմ Քա­­հանան եւ աւար­­տե­­­ցաւ օծ­­ման կար­­գը։

Կեն­­սագրու­­թիւն Հոգշ.
Տ. Յո­­վակիմ Աբղ. Սե­­րով­­բեանի

Ծնած է 1970-ին, Պա­­քըր­­գիւղ, Իս­­թանպուլ։ Որ­­դին է թերթիս հա­­յերէն էջե­­րու նախ­­կին աւագ խմբա­­գիր Սար­­գի­­­ս Սե­­րով­­բեանի եւ Մա­­նու­­շակ Էլ­­մաեանի։ Նախ­­նա­­­կան ու­­սումը ստա­­ցած է Պա­­քըր­­գիւղի Տատեան Վարժարանը՞ իսկ թաղի Ծնունդ Ս. Աս­­տո­­­ւածա­­ծին Եկե­­ղեցւոյ մէջ հայ­­կա­­­կան ձայ­­նագրու­­թեան դա­­սեր կ՚առ­­նէր Յով­­սէփ Պը­­տըլի­­կեանէ։ Ապա աւար­­տած է Կեդ­­րո­­­նական վար­­ժա­­­րանը, որմէ ետք յա­­ճախեց Եըլ­­տըզ Հա­­մալ­­սա­­­րանի ճար­­տա­­­րապե­­տու­­թեան բա­­ժինը։

Պա­­տանե­­կան տա­­րիք­­նե­­­րէ ի վեր կը հե­­տեւէր Մես­­րոպ Արք. Եպիս­­կո­­­պոսի կազ­­մա­­­կեր­­պած դա­­սըն­­թացքնե­­րուն եւ ար­­դէն նախ իբ­­րեւ ու­­րա­­­րակիր դպիր եւ ապա սար­­կա­­­ւագ մաս կը կազ­­մէր Պոլ­­սոյ Պատ­­րիար­­քա­­­կան Աթո­­ռի հո­­գեւո­­րակա­­նաց դա­­սուն։

Յո­­վակիմ Աբե­­ղայ Սե­­րով­­բեան որ­­պէս կազ­­մո­­­ւած մտա­­ւորա­­կան բա­­ւական բե­­ղուն աշ­­խա­­­տու­­թիւն ու­­նե­­­ցած է գրա­­կան եւ մա­­տենագ­­րա­­­կան ոլոր­­տէ ներս։ Աշ­­խա­­­տակ­­ցած է զա­­նազան հրա­­տարա­­կու­­թիւննե­­րու։ Ու­­շագրաւ է «Իս­­թանպու­­լի Հան­­րա­­­գիտա­­րան» անուն բազ­­մա­­­հատոր աշ­­խա­­­տասի­­րու­­թեան մէջ հա­­յապատ­­կան նիւ­­թե­­­րու խմբագ­­րութիւ­­նը։ Թրքե­­րէնով լոյս տես­­նող այս աշ­­խա­­­տասի­­րու­­թեան մէջ Յո­­վակիմ Աբղ. իր աւա­­զանի անու­­նով Վա­­ղար­­շակ Սե­­րով­­բեան հե­­ղինա­­կած է բազ­­մա­­­թիւ յօ­­դուած­­ներ։

Ան նաեւ խմբագ­­րա­­­կան աշ­­խա­­­տանք տա­­րած է պատ­­րիար­­քա­­­րանի մա­­տենա­­շարէն վեր­­ջերս հրա­­տարա­­կուած զա­­նազան գիր­­քեր։ Պատ­­րիար­­քա­­­րանի հրա­­տակ­­չութեան յանձնա­­խումբը Յո­­վակիմ Աբեղայի ձեռ­­նադրու­­թեան առ­­թիւ լոյս ըն­­ծա­­­յեց «Կա­­նոն Ձեռ­­նադրու­­թեան Քա­­հանա­­յի» խո­­րագ­­րեալ գրքոյկ մը։

Այս հա­­տորը եւս հրա­­տակու­­թեան պատ­­րաստո­­ւած է Յո­­վակիմ Աբղ. Սե­­րով­­բեանի կող­­մէ։

Հարկ է նշել թէ բա­­ւակա­­նին ու­­շա­­­ցած ձեռ­­նադրու­­թիւն մըն է կա­­տարո­­ւածը, որու շնոր­­հիւ Պատ­­րիար­­քա­­­կան Աթո­­ռը կ՚ու­­նե­­­նայ ար­­ժա­­­նի հո­­գեւո­­րական մը, որ իր բազ­­մաշնորհ յատ­­կութիւննե­­րով կը յու­­սադրէ պան­­ծացնել այս պատ­­մա­­­կան աթո­­ռի վեր­­ջերս բա­­ւական վի­­ճելի դար­­ձած փառքն ու պա­տիւը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ