ԶԵԿՈՅՑ

Պատրիարքական Աթոռոյ ի մասին Քորոնա ժահրի համավարակի տարածման պատճառաւ առնուած նոր միջոցառումներու

Ծանօթ է թէ Քո­րոնա Ժահ­րի Հա­մավա­րակի պատ­ճա­ռաւ առող­ջա­պահա­կան պա­տաս­խա­նատու­նե­րու թե­լադ­րութիւննե­րը նկա­տի ու­նե­նալով, 1 Յու­նիս 2020 թո­ւակա­նէն սկսեալ մեր եկե­ղեցի­ները աս­տի­ճանա­բար բա­ցուած էին հա­ւաքա­կան պաշ­տա­մունքի, Ս. Պսա­կի եւ Ս. Մկրտու­թեան խորհրդա­կատա­րու­թիւննե­րու եւ յու­ղարկա­ւորու­թեան արա­րողու­թիւննե­րու կա­րելիու­թիւն ըն­ծա­յելու առա­ջադ­րութեամբ, առող­ջա­պահա­կան ու գի­տական մար­միննե­րու որո­շած առող­ջա­պահա­կան դնչա­կապ (եիւզ մաս­քէ­սի) հա­կանե­խիչ­նե­րու գոր­ծա­ծու­թեան ու ըն­կե­րային հե­ռաւո­րու­թեան պա­հելու պայ­մա­նաւ։

Պատ­րիար­քա­կան Աթո­ռը վեր­ջերս հրա­պարա­կուած նոր մի­ջոցա­ռումնե­րու եւ ներ­նա­հան­գա­յին շրջա­նարու­թեան կա­նոնա­ւորումնե­րը նկա­տի ու­նե­նալով տնօ­րինած է ստո­րեւի կա­նոնա­ւորումնե­րը, ցնոր տնօ­րինու­թիւն ի զօ­րու ըլ­լա­լու պայ­մա­նաւ։

1. Մեր եկե­ղեցի­ները փա­կուած են կի­րակ­նօ­րեայ հա­ւաքա­կան պաշ­տա­մունքի, Ս. Պսա­կի եւ Ս. Մկրտու­թեան խորհրդա­կատա­րու­թեանց հա­մար։

2. Եկե­ղեցի­ներուն մէջ Սուրբ Պսա­կի արա­րողու­թիւննե­րը կրնան կա­տարուիլ եր­կուշաբ­թի, չո­րեք­շաբթի եւ ուրբաթ օրեր 15.00 եւ 17.00 ժա­մերուն առա­ջին աս­տի­ճանի ազ­գա­կան­նե­րու եւ ըն­տա­նեկան պա­րագա­ներու մաս­նակցու­թեամբ եւ սահ­մա­նափա­կուած՝ առ առա­ւելն երե­սուն հո­գիով եւ միշտ նկա­տի ու­նե­նալով նա­խասահ­մա­նուած պաշ­տօ­նական եւ առող­ջա­պահա­կան պայ­մաննե­րու տրա­մադ­րութիւննե­րը՝ առող­ջա­պահա­կան դնչա­կապի ու հա­կանե­խիչ­նե­րու գոր­ծա­ծու­թիւնը եւ ըն­կե­րային հե­ռաւո­րու­թեան պահ­պա­նու­մը։ Խնդակ­ցութիւն յայտնե­լու հա­մար կը թե­լադ­րո­ւի բա­ւարա­րուիլ լոկ ներ­կա­յու­թեամբ՝ հե­ռու մնա­լով ձեռ­նո­ւելէ։

3. Եկե­ղեցի­ներուն մէջ Սուրբ Մկրտու­թեան արա­րողու­թիւննե­րը կրնան կա­տարուիլ շա­բաթա­մէջի օրե­րուն առա­ջին աս­տի­ճանի ազ­գա­կան­նե­րու եւ ըն­տա­նեկան պա­րագա­ներու մաս­նակցու­թեամբ եւ սահ­մա­նափա­կուած՝ առ առա­ւելն երե­սուն հո­գիով եւ միշտ նկա­տի ու­նե­նալով նա­խասահ­մա­նուած պաշ­տօ­նական եւ առող­ջա­պահա­կան պայ­մաննե­րու տրա­մադ­րութիւննե­րը՝ առող­ջա­պահա­կան դնչա­կապի ու հա­կանե­խիչ­նե­րու գոր­ծա­ծու­թիւնը եւ ըն­կե­րային հե­ռաւո­րու­թեան պահ­պա­նու­մը։ Խնդակ­ցութիւն յայտնե­լու հա­մար կը թե­լադ­րո­ւի բա­ւարա­րուիլ լոկ ներ­կա­յու­թեամբ՝ հե­ռու մնա­լով ձեռ­նո­ւելէ։

4. Եկե­ղեցի­ներու եւ գե­րեզ­մա­նատու­նե­րու մէջ յու­ղարկա­ւորու­թեան արա­րողու­թիւննե­րը կրնան կա­տարո­ւիլ շա­բաթա­մէջի օրե­րուն առա­ջին աս­տի­ճանի ազ­գա­կան­նե­րու եւ ըն­տա­նեկան պա­րագա­ներու մաս­նակցու­թեամբ եւ սահ­մա­նափա­կուած՝ առ առա­ւելն երե­սուն հո­գիով եւ միշտ նկա­տի ու­նե­նալով նա­խասահ­մա­նուած պաշ­տօ­նական եւ առող­ջա­պահա­կան պայ­մաննե­րու տրա­մադ­րութիւննե­րը՝ առող­ջա­պահա­կան դնչա­կապի ու հա­կանե­խիչ­նե­րու գոր­ծա­ծու­թիւնը եւ ըն­կե­րային հե­ռաւո­րու­թեան պահ­պա­նու­մը։ Այս ար­տա­կարգ շրջա­նին կը թե­լադ­րո­ւի, ցա­ւակ­ցութիւն յայտնե­լու հա­մար բա­ւարա­րուիլ հե­ռակայ դրու­թեամբ, օգ­տա­գոր­ծե­լով հե­ռաձայ­նը եւ հա­մացան­ցա­յին մի­ջոց­նե­րը։

5. Նկա­տի ու­նե­նալով առող­ջա­պահա­կան պա­տաս­խա­նատու­նե­րու թե­լադ­րութիւննե­րը ՔՈ­ՎԻՏ-19 Ժահ­րի պատ­ճա­ռաւ մա­հացած­նե­րու յու­ղարկա­ւորու­թեան արա­րողու­թիւնը հար­կա­ւոր մի­ջոցա­ռումներ ապա­հովե­լէ յե­տոյ ան­յա­պաղ կը կա­տարուի միայն գե­րեզ­մա­նատու­նե­րու մէջ։

6. Յետ թաղ­ման կա­տարե­լի առտնին եւ կի­րակա­մուտքի արա­րողու­թիւննե­րը առ­կա­խուած են։

7. Վերստին կը յի­շեց­նենք թէ, եկե­ղեց­ւոյ սրահ­նե­րը ըն­դունե­լու­թեան եւ կամ ցա­ւակ­ցութեան հա­մար գոր­ծա­ծու­թիւնը յար­մար չէ նկա­տուած։

8. Կի­րակի օրե­րուն զու­գա­դիպող քա­ռասունքի եւ տա­րելի­ցի հո­գեհանգստեան արա­րողու­թիւննե­րը շա­բաթա­մէջի օրե­րուն առա­ջին աս­տի­ճանի ազ­գա­կան­նե­րու եւ ըն­տա­նեկան պա­րագա­ներու մաս­նակցու­թեամբ եւ սահ­մա­նափա­կուած՝ առ առա­ւելն երե­սուն հո­գիով եւ միշտ նկա­տի ու­նե­նալով նա­խասահ­մա­նուած պաշ­տօ­նական եւ առող­ջա­պահա­կան պայ­մաննե­րու տրա­մադ­րութիւննե­րը՝ առող­ջա­պահա­կան դնչա­կապի ու հա­կանե­խիչ­նե­րու գոր­ծա­ծու­թիւնը եւ ըն­կե­րային հե­ռաւո­րու­թեան պահ­պա­նու­մը։

Մեր ժո­ղովուրդի զա­ւակ­նե­րուն, թէ՛ իրենց եւ թէ՛ իրենց մեր­ձա­ւոր­նե­րուն առող­ջա­պահու­թեան հա­մար կը թե­լադ­րենք բծախնդրու­թեամբ հնա­զան­դիլ վե­րեւ նշո­ւած տնօ­րինու­թիւննե­րուն, որ­պէսզի կա­րիքը չմնայ այլ նոր մի­ջոցա­ռումնե­րու։

1 Դեկ­տեմբեր 2020

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ