ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ԳԱՅԼ՝ ԲԱՌ ՄԸ ՈՐ ԳԱԶԱՆԱՑԱՒ

Ե՞րբ գա­զանա­ցաւ գայ­­լը։ Ին­­չո՞ւ դադ­­րե­­­ցաւ հնա­­զանդ ու բա­­րի ըլ­­լա­­­լէ։ Չ՞է որ ան ան­­յի­­­շելի ժա­­մանակ­­նե­­­րուն կը բնա­­կէր մար­­դու կող­­քին, կ՛ապ­­րէր նոյն պայ­­մաննե­­րու մէջ, մրցա­­կիցն էր ադա­­մոր­­դիին ու կը կշտա­­նար նոյն որ­­սով։ Ե՞րբ եւ ին­­չո՞ւ գայ­­լը լե­­ցուե­­ցաւ կա­­տաղու­­թեամբ եւ զայ­­րոյթով ու անոր կէս­­գի­­­շերա­­յին ոռ­­նո­­­ցէն սկսանք սար­­սա­­­փիլ։ Այս հար­­ցումնե­­րուն պա­­տաս­­խա­­­նը, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, «գայլ» բա­­ռի մէջ թաք­­նո­­­ւած է։ Այ­­սօր, եկէք լուռ քայ­­լե­­­րով, զգօ­­նու­­թեամբ, պտը­­տինք «գայլ» բա­­ռի տա­­փաս­­տաննե­­րուն, եղէգ­­նուտնե­­րուն մէջ, -մի՛ վախ­­նաք, այժմ գե­­ղաջեայ մա­­րալէ մը հա­­գեցած՝ մռա­­փի մէջ է- ու հե­­տեւեինք հայ­­կա­­­կան գրա­­կանու­­թեան մէջ անոր թո­­ղած ոտ­­նա­­­հետ­­քե­­­րը, տես­­նե­­­լու հա­­մար, թէ վեր­­ջին 1500 տա­­րինե­­րուն ի՛նչ արա­­հետ­­նե­­­րէ ան­­ցեր է ան։

Բնիկ հայ­­կա­­­կան է «գայլ»ը։ Սերտ ազ­­գակցու­­թիւն ու­­նի յոյ­­նե­­­րու «լի­­քոս», լա­­տին­­նե­­­րու lupus (ֆր. loup, իտալ. lupa, ռում. lup, սպան. lobo), հիւ­­սի­­­սային ժո­­ղովուրդնե­­րու vulfs եւ wolf բա­­ռերու հետ։ Կը կար­­ծո­­­ւի, թէ անոր պար­­զա­­­կան ար­­մատն էր «ուէլ» (գի­­շատել), ուստի «գայլ» բա­­ռը բուն կը նշա­­նակէ «գի­­շատիչ»։ Առա­­ւելա­­բար, լե­­զուա­­գէտ­­նե­­­րը հա­­մոզո­­ւած են, թէ «աղո­­ւէս» բա­­ռը սե­­ռած է նոյն ար­­մա­­­տէն։ Այ­­նուհե­­տեւ մար­­դու մտա­­ծողու­­թեան մէջ «քա­­ջասիրտ» եւ «աներ­­կիւղ» ածա­­կան­­նե­­­րը վե­­րապա­­հուած են գա­­յին, իսկ «խո­­րամանկ» եւ «նենգ»ը՝ աղո­­ւէսին։

400-ական­­նե­­­րու սկիզ­­բը երբ Մես­­րոպ Մաշ­­տո­­­ցը եւ այլ թարգմա­­նիչ­­նե­­­րը հայ­­կա­­­կան բա­­ռերը գի­­րի կը վե­­րածէին, «գայլ» գո­­յականն ալ հան­­դէս եկաւ իր բնա­­ւորու­­թեան յա­­տուկ ար­­տա­­­յայ­­տութիւննե­­րով, ինչպէս՝ «գայլ յափշտա­­կող», «գայլ ծա­­րաւի», «ոչ­­խարս ի մէջ գայ­­լոց»։ Մար­­դը գի­­տէր, թէ գայ­­լը եւ գառ­­նուկը նման չեն իրա­­րու, ինչպէս նոյն չեն մե­­ղաւորն եւ ար­­դա­­­րը, եւ այլն։ Ահա այդ իմաս­­տուն միտ­­քը ըստ Աս­­տո­­­ւածա­­շունչի Ոս­­կե­­­դարեան թարգմա­­նու­­թեան. «Գայ­­լոյ ընդ գա­­ռին զի՞նչ նմա­­նու­­թիւն, սոյնպէս չի՚ք մե­­ղաւո­­րի ընդ ար­­դա­­­րոյ։ Բօ­­րէնի ընդ շան զի՞նչ հա­­ւասա­­րու­­թիւն, սոյնպէս չիք խա­­ղաղու­­թիւն աղ­­քա­­­տաց ընդ մե­­ծատան» Մեր ոս­­կեղնի­­կը ծա­­նօթ էր նաեւ գայ­­լի տե­­սակ­­նե­­­րուն՝ Բե­­ւեռա­­յին, Գորշ, Շի­­կահեր, Կար­­միր եւ Բա­­շաւոր։ Հին հա­­յերը այս բա­­ռով յօ­­րինե­­ցին ար­­տա­­­յայ­­տութիւններ. «Գայլ մա­­տակ», «Կո­­րիւն գայ­­լոյ», «Ցնկնիլ գայ­­լոյ» (ծնա­­նիլ, ձա­­գեր բե­­րել), «Ոռ­­նալ գայ­­լոյ» Հա­­րաւա­­յին կի­­սագունտի երկնա­­կամա­­րի վրայ նկա­­տեցինք հա­­մաս­­տե­­­ղու­­թիւն ու զայն անո­­ւանե­­ցինք «Գայլ»։ Հնա­­րեցինք նաեւ բու­­սա­­­կան անուններ. գայլվիզ, գայ­­լուկ, գայ­­լու ականջ, գայ­­լա­­­սոխ, գայ­­լասխտոր եւ գայլթաթ։


«Գայլ» բա­­ռը դեռ չչա­­րացած, եղաւ տե­­ղանուն։ Այդ անու­­նով կո­­չուե­­ցան Հայ­­կա­­­կան լեռնշա­­խար­­հի բազ­­մա­­­թիւ լեռ­­նե­­­րը, գե­­տերը, գիւ­­ղե­­­րը, նոյ­­նիսկ վան­­քե­­­րը։ Յի­­շեմ անոնք, որոնք այ­­սօր հե­­ռաւոր պատ­­մութիւն ըլ­­լալ կը թո­­ւին. «Գայլ»- գետ Եփ­­րա­­­տի աւա­­զանի մէջ, սկիզբ կ՚առ­­նէ Սե­­պուհ լե­­ռէն, կ՚անցնի Երզնկա քա­­ղաքէն, կը միանայ մայր գե­­տին, «Գայլ»- մէկ այլ գետ, սկիզբ կ՚առ­­նէ Վա­­րագ լե­­րան ստո­­րոտէն, կը հաս­­նի Վան քա­­ղաք ու կը թա­­փի Վա­­նայ լիճ, «Գալյփո­­սիկ» ամառ­­նա­­­վայր Կա­­րինի մօտ, Խո­­տորջրի շրջա­­նի մէջ։ Այս բա­­ռով շի­­նուած այլ տե­­ղանուններ են՝ Գայ­­լաբլուր, Գայ­­լա­­­զօր, Գայ­­լա­­­կալ, Կայ­­լա­­­կապ, Գայ­­լա­­­հովիտ, Գայ­­լա­­­ձոր, Գայ­­լա­­­սար, Գայ­­լա­­­քար, Քայլգետ (այժմ՝ Kelkit), Գայլգոմ, Գայ­­լիկ։ Թէեւ գայ­­լի ոռ­­նո­­­ցը նոյնն է ամէն թա­­ւուտք, սա­­կայն բա­­ռի հնչու­­մը կը տար­­բե­­­րէր գա­­ւառ» գա­­ւառ։ Ցա­­ւօք սրտի անոնց ձայ­­նա­­­յին կեն­­դա­­­նի ար­­ձա­­­նագ­­րութիւ­­նը չեմ կրնար ձե­­զի մա­­տու­­ցել, քան­­զի հայ­­կա­­­կան բար­­բառնե­­րու խօ­­սող ար­­դարնե­­րը գի­­շատիչ վոհ­­մակնե­­րուն զոհ գա­­ցին, ձե­­զի գէթ ցոյց տամ գրա­­ւոր ար­­ձա­­­նագ­­րութիւ­­նը (շնոր­­հիւ Հր. Աճա­­ռեանի աշ­­խա­­­տան­­քին)։ «Գայլ»ը Նոր Նա­­խիջե­­ւանի, Կար­­նոյ եւ Սե­­բաս­­տիոյ մէջ «գալ» էր, Հա­­ճընի, Ալաշ­­կերտի եւ Մշոյ մէջ «գէլ», Համ­­շէ­­­նի մէջ «կէլ», Վա­­նայ մէջ «կյէլ», Տիգ­­րա­­­նակեր­­տի մէջ «քէլ», Ագու­­լի­­­սի ան­­տա­­­ռուտ ձոր­­նե­­­րու մէջ «գյիւլ», իսկ Ար­­ցա­­­խի խոր կիր­­ճե­­­րու եւ կա­­ծան­­նե­­­րու մէջ «կիւլ»։ «Գայլ»ը, կը հա­­ւատա՞ք, օր մը մար­­դա­­­ցաւ։ Այո, հա­­յոց պատ­­մութեան մէջ «Գայլ» կո­­չեցինք այն այ­­րե­­­րը, որոնք աչ­­քի ին­­կած էին իրենց խի­­զախու­­թեամբ։ Պատ­­մա­­­կան այդ դէմ­­քե­­­րէն ամե­­նէն նշա­­նաւո­­րը Գայլ Վա­­հանն է, 7-րդ դա­­րու սպա­­րապետ, որ քաջ դի­­ւանա­­գէտ էր եւ հնա­­րամիտ զի­­նուո­­րահակ եւ անոր շուրջ ժո­­ղովուրդը հիւ­­սեց աւան­­դազրոյցներ։

Մա­­սամաբ գայլ անա­­սու­­նի բնա­­ւորու­­թեան շնոր­­հիւ եւ մա­­սամբ հա­­յու երե­­ւակա­­յու­­թեան, «գայլ» գո­­յակա­­նը ցնկնե­­ցաւ բազ­­մա­­­թիւ պատ­­կե­­­րալից ածա­­կան եւ բարդ բա­­ռեր։ Այդ բա­­ռերը մե­­զի այ­­սօր հնա­­րաւո­­րու­­թիւն կու տան, որ նկա­­րագ­­րենք ահա­­բեկիչ­­ներ եւ անօ­­րէն աս­­պա­­­տակող­­ներ, ինչպէս՝ գայ­­լա­­­բարոյ, գայ­­լանման, գայ­­լազգի, գայ­­լա­­­կերպ, գայ­­լա­­­տիպ, գայլ-գա­­զան եւ գայ­­լա­­­դէմ, հօ­­տապահ գամբռներ՝ գայլխեղդ եւ գայ­­լա­­­խող­­խող, ու հայ­­րե­­­նասէր ազա­­տամար­­տիկներ՝ գայ­­լա­­­սիրտ։ Բա­­ռը նաեւ պատ­­կե­­­րաւոր խօս­­քի առար­­կայ է. խիստ պատ­­կե­­­րալից են «գայլ» բա­­ռով շի­­նուած դար­­ձո­­­ւածքնե­­րը, ինչպէս՝ «Գայլ դառ­­նալ, կամ՝ կտրել» կատ­­ղիլ, ան­­կուշտ, ան­­հա­­­գուրդ դառ­­նալ, «Գայ­­լի ախոր­­ժակ» ան­­հա­­­գուրդ ախոր­­ժակ, չա­­փազանց շատ ու­­տե­­­լու փա­­փաք, «Գայ­­լի աչք» եր­­կիւղ ներշնչող բան, «Գայ­­լի աւե­­տարան՝ կամ շա­­րական» անօ­­գուտ խրատ, «Գայ­­լի գլխին աւե­­տարան կար­­դալ» անուղղե­­լի մար­­դուն խրատ­­ներ տալ, «Գայ­­լի բե­­րանն ին­­կած գառ­­նուկ» ան­­ճա­­­րակ, խեղ­­ճա­­­ցած, անօգ­­նա­­­կան դար­­ձած մարդ, «Գայ­­լի բե­­րան իյ­­նալ» մեծ փոր­­ձանքի հան­­դի­­­պիլ, «Գայ­­լի սիրտ ու­­տել» ան­­վախ դառ­­նալ, «Հին գայլ»- շատ փոր­­ձո­­­ւած, խո­­րամանկ մարդ, «Եր­­կո­­­տանի գայլ»- յափշտա­­կիչ մարդ։ Իսկ երբ շա­­համոլ մար­­դը յար­­մար ժա­­մուն կը սպա­­սէ իր նպա­­տակը իրա­­գոր­­ծե­­­լու հա­­մար՝ կ՛ըսենք՝ «Գայ­­լը ամպ օր կ՛ու­­զի, գո­­ղը մութ գի­­շեր»։

Կը յի­­շէ՞ք 7-րդ դա­­րը, երբ Գայլ Վա­­հանը ծնունդ տո­­ւաւ, ահա այդ օրե­­րուն է, որ հայ մա­­տենա­­գիր­­նե­­­րը «գայլ» բա­­ռը, հար­­կադրո­­ւած, ան­­բա­­­րոյ եւ անար­­դար ահա­­բեկող աս­­պա­­­տակող­­նե­­­րը նկա­­րագ­­րե­­­լու հա­­մար գոր­­ծա­­­ծեցին։ Միջ­­նա­­­դարու հա­­յը «գայլ» բա­­ռով կը հասկնար հա­­րաւա­­յին ազ­­գե­­­րը ու կը սար­­սա­­­փէր։ Այդ շրջա­­նի գրա­­կանու­­թեան մէջ յի­­շուած են հա­­յոց աշ­­խարհի մէջ տե­­ղի ու­­նե­­­ցած ար­­հա­­­ւիրքնե­­րը եւ արիւ­­նա­­­հոսու­­թիւննե­­րը։ Անոնց հետ­­քե­­­րը անջնջե­­լի կը մնան «գայլ»ով ստեղ­­ծո­­­ւած բա­­ռապա­­շարի մէջ... գայ­­լա­­­բարոյ, գայ­­լանման, գայ­­լազգի, գայ­­լա­­­կերպ, գայ­­լա­­­տիպ, գայլ-գա­­զան, գայ­­լա­­­դէմ։ Ահա թէ ին­­չու 11-րդ դա­­րուն Գրի­­գոր Նա­­րեկա­­ցին գրի առաւ հե­­տեւեալ նկա­­րագ­­րութիւ­­նը. Ըստ նմա­­նու­­թեան դի­­ւաց գի­­շերա­­մար­­տից / Եւ մէկ­­նա­­­կազէն բար­­բա­­­րոս գնդից խա­­ւարա­­սիրաց, / Եւ գա­­զանու­­թեամբ քա­­նասար գայ­­լոց արա­­բաց­­ւո­­­ցէ (քա­­նասար- [հին բա­­նաս­­տեղծա­­կան] գի­­շատիչ, գա­­զան) Թո­­ղահար գրիչ­­նե­­­րու ար­­ձա­­­նագ­­րած այլ տո­­ղիկ­­ներ են. «Գայլք արա­­բաց­­ւոց», «Ի սե­­ւադէմ եւ ՛ի գայ­­լա­­­կերպ գա­­զանա­­ձեւ ազ­­գաց», «Դա­­տաւորք գայ­­լա­­­ցեալք եւ գա­­զանա­­ցեալք», «Ի ձեռս այ­­լազգեացն գայ­­լա­­­պատառ կորնչել»։ Պետ­­րոս Դու­­րեանը ու­­զեց, որ Խրի­­մեան Հայ­­րի­­­կը իր հո­­վուա­­կան ցու­­պը ցոյց տայ նենգ գայ­­լե­­­րուն, որ­­պէսզի ազ­­գը ազատ քայլ առ­­նէ. «Փու­­թա՛, հո­­վուա­­պետ... / Փա­­րատի՛ սեւ ամպ, փայ­­լի՚ արդ արեւ / Ար­­դա­­­րեւ, / Փող­­փո­­­ղի՚ն դաշ­­տեր, ազատ առ­­նե՚նք քայլ, / Առ նենգ գայլ / Ցցո՛ւր ցուպդ» Բա­­ռը, ին­­չո՞ւ զար­­մա­­­նալ, անէծք ալ դար­­ձաւ։ Ահա միջ­­նա­­­դարեան եր­­կու գոր­­ծէ մէջ­­բե­­­րումներ. «Ով որ սի­­րոյ տէր մար­­դուն չո­­ղոր­­մի՝ թող զինքն մեռ­­նի, / Աղո­­ւէսն իւր լալ­­կան լի­­նի, գայլ ու ագ­­ռաւն՝ իւր հա­­բեղա­­նի» (ան­­յայտ գրող), «Արա­­բացի գայլ նմա­­նիս... / Քո բեր­­նին փրփուրն անի­­ծած» Մար­­տի­­­րոս Ղրի­­մեցի։

Այ­­սօր յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող յար­­մար կը տես­­նեմ յօ­­դուածս աւար­­տել գայ­­լե­­­րուն զոհ դար­­ձած մէկ այլ ար­­դա­­­րի՝ Ռու­­բէն Սե­­ւակի քա­­ռատող իմաս­­տա­­­լից խրա­­տակա­­նով մը.

Որով­­հե­­­տեւ դեռ հե­­ռո՜ւ է օրն այն,

Երբ գայլ ու գառ­­նուկ սի­­րո՜վ կ՚արա­­ծին…։

Թէ ապ­­րիլ կ՚ու­­զէ գառ­­նը նո­­րածին՝

Պէտք էր իր ակ­­ռան սրէ լռե­լեայն…։