Ռազմագերիներու մասին մտահոգութիւն

Հայաստա­նի մա­մու­լին մէջ տեղ գտած լու­րե­րու հա­մաձայն Նա­խագահ Ար­մէն Սարգսեան Ռու­սիոյ Դաշ­նութեան Նա­խագահ Փու­թի­նին դի­մած է նա­մակով մը, պա­հան­ջե­լով Ար­ցա­խեան պա­տերազ­մի ըն­թացքին գե­րեվա­րուած զի­նուոր­նե­րու տուն դար­ձին հա­մար միջ­նորդու­թիւնը։ Սարգսեան նշած է նաեւ մա­հացող­նե­րու դիակ­նե­րուն ալ յանձման մա­սին։ Խնդի­րը նաեւ Ռու­սիոյ Դաշ­նութեան Արտ. Գործ. Նա­խարար Լաւ­րո­վին ալ օրա­կար­գին է։ Վեր­ջինս այս մա­սին ըսաւ հե­տեւեալն. «Այս մարդկա­յին հար­ցի ժամ առաջ լու­ծո­ւիլը կը ցան­կանք։ Խա­ղաղա­պահ ու­ժե­րը ար­դէն իսկ ձեռ­նարկած են որոշ աշ­խա­տանքնե­րու։ Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Նի­կոլ Փա­շինեանի, Ռու­սիոյ Նա­խագա­հին հետ ու­նե­ցած հե­ռախօ­սազ­րոյցնե­րուն ալ այս նիւ­թը կ՚ար­ծարծո­ւի»։

Մինչ այդ Կար­միր Խա­չի յանձնա­խումբն ալ կը շա­րու­նա­կէ դիակ­նե­րու փո­խանցման հա­մար աշ­խա­տու­թիւննե­րը։

Ռու­սա­կան կող­մը նա­խորդ օրե­րուն մի­ջազ­գա­յին Կար­միր Խա­չի նա­խագահ Փե­թեր Մո­րերի հետ հա­մաձայ­նած էր։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ