Ռատիօ Երեւան դեռ կենդանի է

Մօտ ու­­թը ամիս­­ներ առաջ «Քիւրտ-Գեր­­ման Մշա­­կոյ­­թի Ինստու­­տուտ»ի նա­­խաձեռ­­նութեամբ վերահրա­­տարա­­կուած էր Երե­­ւանի ձայ­­նասփիւ­­ռի ար­­խիւ աւե­­լի քան 900 ձայ­­նագրու­­թիւններ։ Քրտա­­կան ժո­­ղովրդա­­կան երաժշտու­­թեան այդ օրի­­նակ­­նե­­­րէն առանձնա­­ցուեց ու­­թը եր­­գեր, որոնք «Տի­­սա» (Կրկին) խո­­րագի­­րով ծրագ­­րի մը վե­­րածո­­ւելով մշա­­կուե­­ցան ար­­դի դա­­սական երաժշտու­­թեան ձե­­ւաչա­­փով ու տե­­ղադ­­րո­­­ւեցան ինստու­­տուտի «Եու­­թուպ»ի կա­­յանին։ Այդ ութնի մէջ տեղ կը գտեն հայ երաժշտու­­թեան մե­­ծանուն եր­­գիչ Յով­­հաննէս Պա­­տալեանի կա­­տարու­­մով չորս եր­­գեր։ «Հոյ Նա­­րէ», «Լէյ­­լօ Խա­­նէ», «Քե­­լեշօ» եւ «Ռո­­մանի»։ Պե­­մալէ Քե­­քօ՝ «Նա­­վէ Լե­­նին», Տա­­ւիթէ Խի­­լօ՝ «Լէպ Ճա­­նէ», Աս­­լի­­­քա Քա­­տիր՝ «Քե­­ւեն Կէօզել» եւ Սու­­սի­­­քա Սի­­մօ «Լե­­նին Ռե­­պու Էն ­­Ռիզկար ­­Պուն» եր­­գե­­­րը։ Էօզ­­քան Էօզ­­թա­­­շի նա­­խաձեռ­­նութեան երաժշտա­­կան ղե­­կավարն է ջու­­թա­­­կահար Եու­­սուֆ Եալ­­չըն։ Կա­­տարումնե­­րը վստա­­հուած են «Նա­­զըմ Ան­­սամպլ»ին։

Այս մա­­սին Էօզ­­քան Էօզ­­թաշ «Պի­­յանեթ»ին կը ներ­­կա­­­յաց­­նէ հե­­տեւեալ բա­­ցատ­­րութիւննե­­րը։ «Եր­­գե­­­րը ընտրե­­լու պա­­հուն ու­­նե­­­ցանք երեք չա­­փանիշ։ Առա­­ջինը քրտա­­կան մշա­­կոյ­­թի եւ պատ­­մութեան առու­­մով կա­­րեւո­­րու­­թիւն ու­­նե­­­ցող­­ներ։ Երկրոր­­դը քա­­ղաքա­­կան տար­­րեր պա­­րու­­նա­­­կող­­նե­­­րը։ Օրի­­նակի հա­­մար՝ կարգ մը եր­­գե­­­րուն մէջ կը յի­­շուի Լե­­նինի անու­­նը։ Այս ալ Երե­­ւանի ռա­­տիոյն իրա­­յատ­­կութիւննե­­րէն է։ Ընտրու­­թեան եր­­րորդ չա­­փանի­­շը ձայ­­նագրու­­թիւնը դա­­սական արաժշտու­­թեան յար­­մա­­­րաց­­նե­­­լու դրու­­թիւնն էր։ Այս երեք չա­­փանիշ­­նե­­­րու հի­­ման վրայ նախ զար­­տե­­­ցինք 40 գոր­­ծեր եւ ապա զատե­­ցինք ու­­թը օրի­­նակ­­նե­­­րը»։

«Տի­­սա» ծրա­­գիրը ան­­ցեալի վե­­րակեն­­դա­­­նաց­­ման առու­­մով խիստ ու­­շագրաւ աշ­­խա­­­տու­­թիւն մըն է, որ առիթ կու տայ ռա­­տիոյի ար­­խիւնե­­րուն մէջ մո­­ռացու­­թեան մատ­­նո­­­ւած այդ գո­­հար­­նե­­­րու վե­­րայայտնու­­թեան։ Ծնունդով ուրմիացի Յով­­հաննէս Պա­­տալեանի քրտե­­րէն կա­­տարումներն ալ յայտնու­­թիւն մը ըլ­­լալ կը թո­­ւի հայ եր­­գի սի­­րահար­­նե­­­րուն հա­­մար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ