ԱՄՆ Քոնկրէսը ընդունեց Թուրքիոյ դէմ պարտադրանքները

ԱՄՆ-Թուրքիա յարաբերութիւններու մէջ մեծ խոչընդոտ մը ստեղծած էր Ռուսական S400 օդային պաշտապանութեան սարքերու գնումը։ Այդ գնումի հետեւանքով Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ նախատեսող բանաձեւը ընդունուեցաւ Ներկայացուցիչներու Տան ջախջախիչ մեծամասնութեան ձայներով։ 335 կողմ եւ 78 դէմ ձայներով բանաձեւը ընդունուեցաւ Ներկայացուցիչներու Տան 2/3 աւելի համեմատութեամբ։ Եթէ ծերակոյտն ալ բանաձեւը ընդունի կէսէն աւելի ձայներով նախագահ Թրամբ պիտի զրկուի որոշումը չեղեալ համարելու իրաւունքէն։

Կ՚ակնկալուի որ բանաձեւը այս շաբթու մէջ կը քուէարկուի Ծերակոյտի մէջ։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ