ԵՄԻԱ հայ ռազմագերիներու համար շտապ կարգադրութիւն պահանջեց

Հայաստանի լրատուամիջոցներու համաձայն Եւրոպայի Մարդու Իրաւունքներու Ատեանը (ԵՄԻԱ) 23 հայ ռազագերիներու համար շտապ կարգադրութեան որոշում կայացուց։

Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Զէյնալեան եւ իրաւապաշտպան Սիրանոյշ Սահակեանին փոխանցած տեղեկութեան համաձայն Մարդու Իրաւունքներու Ատեանը 27 Սեպտեմբերին ծագած պատերազմի ընթացքին գերի առնուած 23 հայ զինուորներու համար շտապ կանխամիջոցներու դիմելու որոշում կայացուցած է։ Կատարուած յայտարարութեան համաձայն Ատրպէյճանի կառավարութենէն կը պահանջուի ռազմագերիներու բանտարկութեան պայմաններու եւ բժշկական խնամքի կարիքներու մասին փաստացի տեղեկութիւններ։ Դատարանը այդ տեղեկութիւնները ապահովելու համար ճշդած է 7,9,10,11,12,14 Դեկտեմբեր թուականները։

Զէյնալեան եւ Սահակեան կ՚ըսեն թէ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը Եւորպայի դատարանի անցեալին ուղղած հարցումներուն թերի ու պակասաւոր պատասխաններ տուած, յատկապէս խուսափած էր հայ ռազմագերիներու գտնուած վայրի, մատնուած պայմաններու մասին բաւարար պատասխաններ փոխանցելէ, խոստանալով այդ պատասխանները փոխանցել մօտ ապագային։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ