Կոպելեանի մահուան 10-ամեակի առթիւ

«Ակօս»ի հա­յերէն էջե­րու վրայ թեր­թիս հիմ­նարկու­թեան տա­րինե­րէն սկսե­լով իր դրոշ­մը դրած անուննե­րէն մէկն է ար­ձա­կագիր Երո­ւանդ Կո­պելեան։ Շատ եր­կար տա­րիներ ծա­ռայած էր հայ մա­մու­լին սրտա­ռուչ յօ­դուած­ներ հրա­տարա­կելով, թէ Պոլ­սոյ եւ թէ Լի­բանա­նի թեր­թե­րու էջե­րուն։

Բա­րեբախ­տութիւն կը հա­մարենք կեան­քի վեր­ջին տա­րինե­րուն «Ակօս»ի մէջ ալ իր ներդրու­մը վա­յելած ըլ­լա­լու փաս­տը։

Յետ Եղեռ­նեան շրջա­նի պոլ­սա­հայ գրա­կան կեան­քի մէջ յայտնո­ւած գրչի մշակ­նե­րը տար­բեր բնոյ­թի յատ­կութիւննե­րով կազ­մե­ցին նաեւ տար­բեր բե­ւեռ­ներ։ Կա­յին աչ­քա­ռու­ներ, եւ կա­յին նաեւ ստո­ւերի մէջ մնա­ցած­ներ։ Կո­պելեան չէր պատ­կա­ներ աչ­քա­ռու­նե­րու խմբա­կին։ Մա­սամբ պայ­մաննե­րու բե­րու­մով, մա­սամբ նա­խասի­րու­թիւննե­րու հե­տեւան­քով կը մնար ստո­ւերի մէջ։ Գի­տէր ու կը յա­ջողէր այդ ստո­ւերէն լոյս ար­ձա­կել իր միտ­քով ու գրի­չով։ Կո­պելեան «Մար­մա­րա»ի երկրորդ էջի վրայ «Քա­ղաքա­կան» խո­րագ­րեալ սիւ­նա­կի ներ­քեւ իւ­րա­քան­չիւր եր­կուշաբ­թի կը վեր­լուծէր հա­մաշ­խարհա­յին քա­ղաքա­կանու­թեան զա­նազան զար­գա­ցումնե­րը, որու շնոր­հիւ ըն­թերցո­ղը իրա­զեկո­ւած կըլ­լար դէպ­քե­րէն։

Բա­ցի լրագ­րո­ղի յատ­կութե­նէ հե­ղինա­կած էր բազ­մա­թիւ պատ­մո­ւածքներ։ Յար­գանքով կը խո­նար­հինք իր գրա­կան վաս­տա­կին եւ բա­րի յի­շատա­կին առջեւ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ