Աւարտեցաւ ատելութեան եւ խտրականութեան ձօնուած բանախօսութիւնը

Հրանդ Տինք Հիմ­նարկը 11 եւ 12 Դեկ­տեմբեր թո­ւական­նե­րուն առ­ցանց կա­տարո­ւած «Ատե­լու­թեան Պատ­գամ եւ Խտրա­կանու­թեան Բա­նախօ­սու­թիւն» խո­րագ­րեալ եր­կօ­րեայ բա­նախօ­սու­թեան աւարտին ամ­փոփ նկա­րագ­րա­կան մը հրա­պարա­կեց կա­տարո­ւած աշ­խա­տան­քի մա­սին։ 11 նիս­տե­րու ըն­թա­քին 26 զե­կոյցնե­րու ար­տա­սանուած բա­նախօ­սու­թեան բա­ցու­մը կա­տարեց Հրանդ Տինք Հիմ­նարկի նա­խագահ Ռա­քէլ Տինք։ Ապա Ֆրե­տերիխ Նու­ման Հիմ­նադրա­մի Թուրքիոյ ներ­կա­յացու­ցիչ Ռո­նալտ Մէյ­նարտուս եւ Շո­ւէտի Իս­թանպու­լի աւագ հիւ­պա­տոս Փե­թեր Էրիք­սոն ար­տա­սանե­ցին իրենց բաց­ման ու­ղերձնե­րը, ընդգծե­լով կա­տարո­ւած նա­խաձեռ­նութեան կա­րեւո­րու­թիւնը։ Ապա բա­նախօ­սու­թեան գի­տական խոր­հուրդի նա­խագահ Եասէ­մին Ին­ճէօղ­լու անդրա­դար­ձաւ ատե­լու­թեան պատ­գա­մի եւ խտրա­կանու­թեան երե­ւոյթնե­րուն, շրջա­նային եւ հա­մաշ­խարհա­յին դրսե­ւորումնե­րուն։ Ընդգծեց այդ երե­ւոյ­թի դէմ պայ­քա­րելու անհրա­ժեշ­տութիւ­նը։

Բա­նախօ­սու­թեան առա­ջին օրը կա­տարուած զե­կոյցնե­րու ըն­թացքին քննար­կո­ւեցաւ մե­տիայի դե­րակա­տարու­թիւնը, ցե­ղապաշ­տութեան քա­ղաքա­կան ելոյթնե­րու մէջ զբա­ղեցու­ցած տե­ղը, հա­մավա­րակի ատե­լու­թեան պատ­գամնե­րու առնչու­թեամբ գոր­ծա­ծու­թիւնը եւ Սու­րիոյ ներ­քին պա­տերազ­մէն փա­խած գաղ­թա­կան­նե­րու դէմ ատե­լու­թեան օրի­նակ­նե­րը։

Երկրորդ օրո­ւայ զե­կոյցնե­րուն լու­սարձա­կի տակ առ­նո­ւեցան ատե­լու­թեան եւ խտրա­կանու­թեան ար­տա­յայ­տութիւննե­րը իրա­ւաբա­նական տե­սան­կիւնով։ Օրի­նակ­ներ տրո­ւեցան կրթա­կան հա­մակար­գէ եւ սոց ցան­ցե­րէ ներս անոր կի­րար­կումին մա­սին։ Փակ­ման ճա­ռը ար­տա­սանեց այս մա­սին բա­ւակա­նին հրա­տարա­կու­թիւններ ու­նե­ցած Ա. ւան Տիյք։ Ան նշեց որ ատե­լու­թեան պատ­գամնե­րը բա­ցի զգա­ցու­մի մը ար­տա­յայ­տութե­նէ պէտք է տե­սնել իր գա­ղափա­րական եւ գա­ղափա­րախօ­սական երե­սակ­նե­րով։

Քա­նի որ հա­մավա­րակի պայ­մաննե­րը ար­գելք եղած էին մաս­նա­կից­նե­րու Իս­թանպու­լի մէջ հան­դի­պու­մին, բա­նախօ­սու­թեան յայ­տագրին մէջ տե­ղադ­րո­ւեցաւ նաեւ քա­ղաքի բազ­մա­շերտ մշաու­թա­յին ժա­ռան­գը ներ­կա­յաց­նոյ վայ­րե­րու եւ «23,5 Հրանդ Տինք յի­շողու­թեան վայր»ի կարճ շրջա­գայու­թիւն մը։

Բա­նախօ­սու­թիւնը թրքե­րէն եւ անգլե­րէն լե­զու­նե­րով հիմ­նարկի կայ­քէ­ջէն նաեւ «Թո­ւիթըր», «Դի­մատետր» եւ «Ինստեկ­րամ»ի մի­ջոցաւ ու­ղիղ եթե­րի դրու­թեամբ հե­ռար­ձա­կուե­ցաւ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ