Կքած է դատական համակարգը

Եր­կար ժա­մանա­կէ ի վեր յա­ճախ կը խօ­սուի Թուրքիոյ մէջ իրա­ւական հա­մակար­գի քա­ղաքա­ցուած ըլ­լա­լու մա­սին։ Ար­դա­րեւ նա­խագահ Էր­տո­ղանի ձե­ւաւո­րած միահե­ծան կա­ռավա­րու­թեան ձե­ւաչա­փով վե­րացած է օրէնսդիր, գոր­ծա­դիր եւ դա­տական մար­միննե­րու ան­կա­խու­թիւնը։ Այդ պայ­մաննե­րու մէջ դա­տարան­նե­րը զրկո­ւած են ար­դար վճիռ­ներ կա­յաց­նե­լէ եւ ամ­բողջո­վին են­թարկո­ւած նա­խագա­հի ցուցմունքնե­րուն։ Վեր­ջին քա­նի մը օրե­րու ըն­թացքին յստակ երե­ւոյթներ կը պար­զո­ւին այս դժբախտ ըն­թացքը նշելու հա­մար։ Սե­լահատ­տին Տե­միր­թաշ, ընդդի­մադիր Ժո­ղովուրդնե­րու Ժո­ղովրդա­վարու­թեան Կու­սակցո­ւըեան նախ­կին հա­մանա­խագա­հը աւե­լի քան չորս տա­րի է, որ բան­տարկո­ւած է ճա­ղերու ետին։ Իր հետ նոյն ճա­կատա­գիրը կը կի­սէ կու­սակցու­թեան եւս ան­ցեալի հա­մանա­խագահ Ֆի­կեն Եիւքսեք­տաղ։

Գոր­ծա­տէր եւ հա­սարա­կական գոր­ծիչ Օս­ման Քա­ւալա ալ աւար­տեց իր բան­տարկու­թեան երեք տա­րինե­րը եւ կը շա­րու­նա­կէ ազա­տազրկո­ւած մնալ։ Այս օրե­րուս իր քա­ղաքա­կան ելոյթնե­րուն հա­մար ձեր­բա­կալո­ւեցաւ Ժո­ղովրդա­վարա­կան Շրջան­նե­րու Կու­սակցու­թեան հա­մանա­խագահ Լէյ­լա Կիւ­վեն։ Անոր ալ վի­ճակո­ւած է 22 տա­րի 3 ամ­սո­ւայ բան­տարկու­թիւն մը։ 22 Դեկ­տեմբե­րին կա­յացաւ նաեւ հան­րա­ծանօթ լրագ­րող Ճան Տիւնտա­րի դէմ յա­րու­ցո­ւած դա­տավա­րու­թեան վճի­ռը։ Տիւնտար եւս դա­տապար­տո­ւեցաւ աւե­լի քան 22 տա­րինե­րու ազա­տազրկման։

Թուրքիոյ դա­տական հա­մակար­գը նման վճիռ­ներ ար­ձա­կելու հա­մար կ՚օգ­տա­գոր­ծէ միայն Թուրքիոյ յա­տուկ յան­ցա­գոր­ծութիւններ։ Այսպէ­սով քա­ղաքա­կան գոր­ծիչնե­րը իրենց խորհրդա­րանի ամ­պիոնէն հնչե­ցու­ցած ճա­ռերուն հա­մար կը մե­ղադ­րո­ւին ահա­բեկ­չութեան քա­րոզ­չութեամբ։ Նոյնպէս լրագ­րողներ իրենց հրա­պարա­կած լու­րե­րուն հա­մար կը մե­ղադ­րո­ւին պե­տու­թեան գաղտնիք­նե­րը հրա­պարա­կելու եւ լրտե­սու­թեան նման յան­ցանքնե­րով։

Ի դէմ այս բո­լորին ԵՄԻԱ-ի վե­հաժո­ղովը ի հի­մանէ մեր­ժեց այս մե­ղադ­րանքնե­րը պատ­ճա­ռաբա­նելով թէ ընտրո­ւած քա­ղաքա­կան գոր­ծիչնե­րը իրենց ելոյթնե­րուն հա­մար օժ­տո­ւած են ան­ձեռնմխե­լիու­թեամբ։ Նոյնպէս կա­րելի չէ լրագ­րողնե­րը դա­տապար­տել իրենց խմբագ­րած լու­րե­րուն հա­մար, մա­նաւանդ երբ այդ լու­րե­րը յստակ իրո­ղու­թիւնը կը ներ­կա­յաց­նեն։ ԵՄԻԱ իր որո­շու­մով հրա­հան­գեց Թուրքիոյ իս­կոյն ազատ ար­ձա­կել Սե­լահատ­տին Տե­միր­թա­շը։ Նշենք որ Եւոր­պա­յի Մար­դու Իրա­ւունքնե­րու Դա­տարա­նը նա­խապէս ալ նման բնոյ­թով որո­շում մը կա­յացու­ցած էր, բայց Թուրքիոյ դա­տարան­նե­րը հնա­զան­դե­լով նա­խագահ Էր­տո­ղանի դժկա­մու­թեան իս­կոյն գոր­ծադրած էին տար­բեր դա­տի մը տնօ­րինած պա­տիժը։

Նոյ­նը պա­տահած էր Օս­ման Քա­ւալա­յի օրի­նակով, երբ դա­տարա­նը զինք ան­պարտ հռչա­կեց։ Իս­կոյն վեր­յի­շուե­ցաւ մի այլ հար­ցաքննու­թիւն եւ այդ հար­ցաքննու­թեան հե­տեւան­քով կրկին ձեր­բա­կալո­ւեցաւ Օս­ման Քա­ւալա։

Այժմ կը սպա­սուի թէ ի՞նչ հե­տեւանք պի­տի ու­նե­նայ ԵՄԻԱ-ի վեր­ջին որո­շու­մը, քա­նի որ Եւոր­պա­յի դա­տարա­նի վճիռ­նե­րը կը գե­րազան­ցեն Թրքա­կան ատեան­նե­րու վճիռ­ներուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ