Ն.Ա.Տ. ՍԱՀԱԿ Բ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԱՄԱՆՈՐԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

Նոր Տա­րուայ սե­մին հա­սանք։ Մէկ տա­րի եւս աւել­ցաւ անցնող հա­զար ամեակ­նե­րու վրայ։ 2020-ը եղաւ մարդկա­յին պատ­մութեան խստա­շունչ ձմեռ­նե­րէն մէ­կը, դոհ ու բոհ պատ­ճա­ռելով բո­լոր սիր­տե­րուն։ Մենք որ չենք սի­րեր ժա­մանա­կի արա­գըն­թաց վազ­քը եւ միշտ կը դժգո­հինք տա­րինե­րու զար­մա­նալի հապ­ճէ­պէն ան­հե­տանա­լու ետեւ ետե­ւէ, այս ան­գամ միասիրտ աղօ­թեցինք որ 2020-ը ան­հետ կորնչի մեր կեան­քէն՝ իր հետ տա­նելով հրէ­շային հա­մաճա­րակը եւ անոր դժխեմ հե­տեւանքնե­րը։ Ար­ցա­խի ող­բերգու­թեան տա­րին է 2020-ը, որ պի­տի ար­ձա­նագ­րո­ւի Հա­յոց Պատ­մութեան էջե­րուն գոր­շա­գոյն գի­րերով։

Բայց չենք կրնար վի­ճար­կել տա­րինե­րուն հետ։ Անոնք որե­ւէ խոս­տում չու­նին մե­զի մի՛շտ բա­րին ու հա­ճելին մա­տու­ցա­նելու ինչպէս ծո­վը միշտ հան­դարտ ջու­րեր չի խոս­տա­նար դի­մացը անցնիլ ու­զողնե­րուն։ Ամէն ան­հատ ու ազգ իր ապ­րե­լու վար­պե­տու­թեամբ կուրծք տա­լու է ժա­մանակ­նե­րու մար­տահրա­ւէր­նե­րուն։

Եւ նաեւ իրա­զեկ դառ­նա­լու ենք։ 2021-ը եւս ամե­նուս գոհ ձգե­լիք լիակա­տար տա­րի մը շնոր­հե­լու խոս­տում չու­նի մե­զի, ալյ միայն մէ­կական օրե­րէն բաղ­կա­ցեալ 365 հատ կա­րելիու­թիւններ։

«Զհաց մեր հա­նապա­զորդ տու՚ր մեզ այ­սօր»։

365 թի­ւը մէկ տա­րիի վե­րաբե­րեալ մեր վե­րացա­կան մտայ­ղա­ցումն է եր­բեք չե­րաշ­խա­ւորո­ւած։ Ստի­պուած ենք միայն ա՚յս օրը ապ­րե­լու եւ անոր մէջ պա­րու­րե­լու ան­ցեալի հա­շուե­յար­դա­րը եւ ապա­գայի իղ­ձե­րը բո­լոր։

Այս նոր Տա­րիին նաեւ պի­տի ջա­նանք իրա­գոր­ծել մեր մարդկու­թիւնը իր բո­լոր երե­սակ­նե­րով։ Յոյս ու­նինք եւ յոյ­սը չ’ամչցներ եր­բեք։ Ար­դէն մեր լա­ւատես հա­յեաց­քով 2021-ի հո­րիզո­նը շա­տոնց ներ­կե­ցինք վար­դա­գոյն տե­սիլքնե­րով եւ եր­կինքի օրհնա­բեր կա­պոյ­տով։

Պա­հը կը հրա­ւիրէ մեզ ակա­մայ աւե­լի խո­րը մտա­ծելու մեր կեան­քի մա­սին եւ վե­րագտնե­լու մեր ապ­րե­լու իմաս­տը։ Ամէն նոր տա­րի նմա­նու­թիւնը ու­նի ան­հատնե­րու ծննդեան տա­րեդար­ձին։ Ծննդեան տա­րեդար­ձը ան­հա­տական՝ իսկ Նոր Տա­րին ամէ­նունն է։ Բա­ցուող ամէն նոր տա­րի սկզբնա­ւորու­թիւն մըն է, կեան­քի մէջ նոր ակօս­ներ բա­նալու եւ կեան­քի կրկին սկսե­լու։

Նոր Տա­րին առիթ մըն է փոր­ձե­լու, քննե­լու եւ հա­շուե­յար­դա­րի դնե­լու մեր ան­ցեալը՝ ներ­կա­յին հա­մար, ե՚ւ բաղ­ձա­լի ապա­գային։ Ժա­մանակն է ցու­ցադրե­լու այն բո­լորը, որոնք նա­խորդ տա­րինե­րուն մենք չենք կրցած կա­տարել։ Մաք­րել պէտք է փո­շիի տակ մնա­ցած մեր երազ­նե­րը եւ լու­սա­ւորել՝ մեր իտէալ­նե­րը։ Ժա­մանակն է շնոր­հա­կալ ըլ­լալ Աս­տուծոյ եւ մար­դոց, որոնք մեր հո­գիին ու սրտին մէջ իրենց մա­քուր ձեռ­քե­րով սեր­մեր ցա­նեցին եւ հարստա­ցու­ցին մեր կեան­քը։

Որ­պէսզի Նոր Տա­րին դառ­նայ իս­կա­պէս «նոր» պէտք է մէկ կողմ դրո­ւին ատե­լու­թիւնը, քի­նախնդրու­թիւնը, դժկա­մու­թիւնը եւ գի­տակ­ցիլ թէ ժա­մանակն է նե­րելու եւ մոռ­նա­լու թէ՛ մեր ան­ցեալի վրի­պումնե­րը եւ թէ՛ ու­րիշնե­րու բաց­թողումնե­րը մեր ան­ձի նկատ­մամբ, ու­նե­նալով վե­հանձն հո­գի մը՝ միշտ պատ­րաստ սրբագ­րե­լու հի՚նը եւ հիմ­նադրե­լու նո՛րը՝ թարմ երա­զան­քով։

Եթէ այս շնոր­հա­լի կե­ցուած­քը կրնանք ցու­ցա­բերել այս նոր տա­րուան ըն­թացքին, այդ ժա­մանակ է, որ մա­քուր խղճով, մար­դա­վայել զգա­ցու­մով եւ ան­կեղծու­թեամբ կրնանք ըսել.

Շնոր­հա­ւոր Նոր Տա­րի։

Ձեր բո­լորին եր­ջանկու­թիւն եւ առող­ջութիւն երկնա­ռաք լիակա­տար օրհնու­թեամբ։

29 Դեկ­տեմբեր 2020

Աղօ­թարար,

ՍԱ­ՀԱԿ Բ.

ՊԱՏ­ՐԻԱՐՔ ՀԱ­ՅՈՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ