Պատրիարքարանի զեկոյցը Ամանորեայ ու Սուրբ Ծննդեան արարողութիւններու մասին

Պատ­րիար­քա­րանը նկա­տի ու­նե­նալով հա­մավա­րակի հետ առնչո­ւած ար­գե­լափա­կումնե­րը զե­կու­ցեց թէ զանց կ՚առ­նո­ւի 31 Դեկ­տեմբեր 2020-ի կէս գի­շերո­ւայ եւ 1 Յու­նո­ւար 2021 ուրբա­թի առա­ւօտեայ գո­հաբա­նական պա­տարաք­նե­րը։ Ճրա­գալոյ­ցի Պա­տարա­գը կը կա­տարուի 5 Յու­նո­ւար երեք­շաբթի երե­կոյեան ժա­մը 17.00-18.30-ի մի­ջեւ։ Իսկ Ս. Ծննդեան Պա­տարա­գը չո­րեք­շաբթի առա­ւօտուն 10.30-12.30 ժա­մերու ըն­թացքին։ Այս տա­րի ջնջո­ւած են հա­մայնքա­յին հաս­տա­տու­թիւննե­րու ներ­կա­յացու­ցիչնե­րու, քոյր եկե­ղեցի­ներու եւ տիկ­նանց յանձնա­խումբե­րու Սուրբ Ծննդեան առ­թիւ շնոր­հա­ւորա­կան այ­ցե­լու­թիւննե­րը։ Մե­ռելո­ցի առ­թիւ այ­ցե­լու­նե­րու հա­մար գե­րեզ­մա­նատ­նե­րը բաց են ժա­մը 11.00-էն սկսեալ։ Պատ­րիար­քա­կան զե­կոյ­ցին մէջ հա­սարա­կու­թիւնը ան­գամ մը եւս կը զգու­շա­ցուի եկե­ղեցի այ­ցե­լու­թիւննե­րու ըն­թացքին դի­մակ կրե­լու ֆի­զիքա­կան հե­ռաւո­րու­թիւն պա­հելու եւ հա­կանե­խիչ­ներ գոր­ծա­ծելու առու­մով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ