Սուրբ Ծննդեան տաղաւարը կանխամիջոցներու մէջ

Ամանո­րեայ առա­­­ջին ժա­­­մերուն կա­­­տարո­­­ւելի գո­­­հաբա­­­նական աղօթ­­­քին զան­­­ցա­­­­­­­ռու­­­մէն ետք երեք­­­շաբթի երե­­­կոյեան ճրա­­­գալոյ­­­ցի արա­­­րողու­­­թիւննե­­­րը մեծ ոգեւորու­­­թիւն ստեղ­­­ծե­­­­­­­ցին։ Յատ­­­կա­­­­­­­պէս հա­­­յաշատ թա­­­ղերուն մէջ խուռնե­­­րամ բազ­­­մութիւն մը ներ­­­կայ եղաւ կատա­­­րուած արա­­­րողու­­­թիւննե­­­րուն։ Տպա­­­ւորիչ պատ­­­կերներ գո­­­յացան մա­­­նաւանդ խա­­­ւարի մէջ պլպլա­­­ցող մո­­­մերու շնոր­­­հիւ։ Ար­­­դա­­­­­­­րեւ այդ նկար­­­նե­­­­­­­րը նաեւ տա­­­րածուեցան «Թո­­­ւիթը­­­րի» կամ Դի­­­մատետ­­­րի նման սոց­­­ցանցե­­­րու մի­­­ջոցաւ։

2021-ի Սուրբ Ծննդեան Տօ­­­նակա­­­տարու­­­թեամբ Հայ Առա­­­քելա­­­կան Եկե­­­ղեցին իր հինգ տա­­­ղաւար­­­ներն ալ ապ­­­րած եղաւ կան­­­խազգու­­­շացման պայ­­­մաննե­­­րու մէջ։ Ինչպէս պի­­­տի յի­­­շուի նա­­­խորդ տա­­­րուայ Սուրբ Ծնունդին թէեւ յայտնո­­­ւած էր պսա­­­կացեւ ժահ­­­րը, բայց տա­­­կաւին չէր գտած այն լայ­­­նա­­­­­­­ծաւալ շրջա­­­նարու­­­թիւնը, որու հե­­­տեւան­­­քով Առող­­­ջութեան Հա­­­մաշ­­­խարհա­­­յին Կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պութիւ­­­նը նո­­­րայայտ փոր­­­ձանքը դա­­­սեց իբ­­­րեւ հա­­­մավա­­­րակ։ Այդ իսկ պայ­­­մա­­­­­­­նաւ 2020 թո­­­ւակա­­­նի ըն­­­թացքին Սուրբ Զա­­­տիկը, Սուրբ Աս­­­տո­­­­­­­ւածած­­­նի Վե­­­րափոխ­­­ման Տօ­­­նը, Տէառ­­­նընդա­­­ռաջը եւ Սուրբ Խա­­­չի տա­­­ղաւար­­­նե­­­­­­­րը կամ կա­­­տարո­­­ւեցան առ­­­ցանց հա­­­ղոր­­­դումնե­­­րով եւ կամ եկե­­­ղեցի­­­ներէ ներս գոր­­­ծադրո­­­ւած կան­­­խարգիլ­­­ման խիստ մի­­­ջոց­­­նե­­­­­­­րով։

Տա­­­րեմու­­­տին ան­­­մի­­­­­­­ջապէս յա­­­ջոր­­­դող այս առա­­­ջին տա­­­ղաւա­­­րին ալ հա­­­ւատա­­­ցեալ­­­նե­­­­­­­րու հա­­­մատա­­­րած մաղ­­­թանքն էր առ­­­կայ փոր­­­ձանքի շու­­­տա­­­­­­­փոյթ վե­­­րացու­­­մը եւ եկե­­­ղեցա­­­կան տօ­­­նակա­­­տարու­­­թիւննե­­­րուն իրենց դա­­­րերու ըն­­­թացքին գո­­­յացու­­­ցած աւան­­­դա­­­­­­­կանու­­­թեան կա­­­տարու­­­մը։ Ցան­­­կութիւն մը՝ որ կը բաժ­­­նեն շա­­­տեր, բայց միայն քի­­­չեր են որ կը հա­­­ւատան իրա­­­կանաց­­­ման։ Վեր­­­ջա­­­­­­­պէս հարկ է նշել թէ հա­­­մավա­­­րակի երկրորդ ալի­­­քը ալ աւե­­­լի սաս­­­տիկ եկած էր եւ հի­­­մա կ՚ապ­­­րինք նոյն ժահ­­­րի նոր բնոյթ ու յատ­­­կութիտւն ստա­­­ցած տար­­­բե­­­­­­­րակին պար­­­տադրած սպառ­­­նա­­­­­­­լիքին ծանր հո­­­գեբա­­­նու­­­թիււնը։

Պսա­­­կացեւ ժահ­­­րը իբ­­­րեւ ծագ­­­ման կէտ հաս­­­ցէագ­­­րո­­­­­­­ւած էր Չի­­­նաս­­­տա­­­­­­­նի Ուան քա­­­ղաքին։ Այդ իսկ պատ­­­ճա­­­­­­­ռաւ ԱՄՆ նախ­­­կին նա­­­խագահ Թրամբ նո­­­րայայտ այս վտան­­­գը սի­­­րած էր անո­­­ւանել «Չի­­­նական վի­­­րուս»։ Իսկ այժմ այդ նոյն ժահ­­­րի այ­­­լա­­­­­­­սերած ու նոր յատ­­­կութիւններ ստա­­­ցած տար­­­բե­­­­­­­րակը կը տա­­­րածո­­­ւի Մեծ Պրի­­­թանիոյ կղզիէն, որու դէմ ու­­­ղե­­­­­­­ւորու­­­թեան շրջա­­­փակում կը կա­­­տարեն աշ­­­խարհի բազ­­­մա­­­­­­­թիւ եր­­­կիրներ։

Հա­­­մաշ­­­խարհա­­­յին մարդկու­­­թիւնը պատ­­­մութեան մէջ թէեւ փոր­­­ձո­­­­­­­ւած էր զան­­­զան հա­­­մավա­­­րակ­­­նե­­­­­­­րով, բայց խոս­­­տո­­­­­­­վանինք թէ ան­­­պատրաստ գտնո­­­ւեցանք այս վեր­­­ջի­­­­­­­նին հան­­­դէպ եւ բա­­­ցարո­­­ւած չէ թէ նո­­­րանոր անակնկալ­­­ներ եւս կրնան խան­­­գա­­­­­­­րել մեր բնա­­­կանոն կեան­­­քը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ