Մահ՝ Օշին Չիլինկիրի

«Ակօս»ի առա­ջին տա­րինե­րու աշ­խա­տակից­նե­րէն, Հրանդ Տին­քի մտե­րիմ բա­րեկամ, եր­բեմնի «Տե­մոք­րաթ» թեր­թի գրող Օշին Չի­լին­կիր 10 Յու­նո­ւարին, 76 տա­րեկան հա­սակին մա­հացաւ իր տան մէջ։ Օշին Չի­լին­կի­րի թա­ղու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ 12 Յու­նո­ւար երեք­շաբթի Փան­կալթըի Լա­թին Կա­թողի­կէ Գե­րեզ­մա­նատան մէջ։

Օշին Չի­լին­կիր որ­պէս հան­քա­յին ճա­րատա­գէտ աշ­խա­տած էր արհմիու­թիւննե­րու մէջ, մաս­նակցած էր ձա­խակող­մեան պայ­քա­րի եւ Ճի­հան Աթէշ կամ Եալ­չըն Չի­լին­կիր կեղ­ծա­նուննե­րով յօ­դուած­ներ գրի առած «Տե­մոք­րաթ» թեր­թի էջե­րուն վրայ։

«Արաս» հրա­տարակ­չութիւ­նը 2002-ին հրա­տարա­կեց անոր «Ակօս»ի մէջ լոյս տե­սած յօ­դուած­նե­րու հա­ւաքա­ծոն «Իչի­միզ­տե­քի Գա­րա Տե­լիք» խո­րագի­րով։

Ծնած էր 1945-ին Տի­յար­պե­քիր, ուր աւար­տած էր նաեւ Սիւ­լէյման Նա­զիֆ նա­խակրթա­րանը։ Նոյն տա­րի ըն­տա­նեօք գաղ­թե­ցին Իս­թանպուլ, ուր Օշին Չի­լին­կիր 1963-ին շրջա­նաւարտ եղաւ Սուրբ Խաչ Դպրե­վանք վար­ժա­րանէն եւ 1969-ին ալ Իս­թանպու­լի Թեք­նիք Հա­մալ­սա­րանի Հան­քա­գիտու­թեան բաժ­նէն։ Իբ­րեւ Հան­քա­յին ճար­տա­րագէտ զա­նազան գոր­ծունէու­թիւններ կա­տարեց հան­քարդիւ­նա­բերու­թեան արհմիու­թիւննե­րու մէջ եւ նաեւ զբա­ղեցաւ լրագ­րո­ղու­թեամբ։

Նա­խորդ տա­րի ծննդեան 75 ամեակին առ­թիւ Նա­զար Պիւ­յիւմ, Նա­տիրէ Մա­թեր, Ժաք­լին Չե­լիք եւ Գա­րին Գա­րագաշ­լը իրենց գրու­թիւննե­րով «Ակօս»ի էջե­րուն վրայ ող­ջունե­ցին անոր վաս­տա­կը։

Օշին Չի­լին­կի­րի վեր­ջին յօ­դուած­նե­րէն մէ­կը կը կրէր «Գրի­գոր Զոհ­րա­պէ Հրանդ Տինք 100 ամեայ մե­նու­թիւնը» խո­րագիրը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ