Կողմերը գոհ են Մոսկովեան հանդիպումէն

9Նոյեմբեր 2010-ին ստո­րագ­րո­ւած տխրահռչակ եռա­կողմ պայ­մա­նագի­րէն ետք ՀՀ վար­չա­պետ Նի­կոլ Փա­շինեան, Ատրպէյ­ճանի նա­խագահ Իլ­համ Ալիեւ եւ Ռու­սիոյ Դաշ­նութեան նա­խագահ Վ­լատի­միր Փու­թին մէկտե­ղուե­ցան Մոս­կո­ւայի մէջ։ Փու­թի­նի հրա­ւէրով կա­յացող հան­դիպման աւար­տին եռեակը մամ­լոյ յայ­տա­րարու­թիւնով մը հան­դէս եկաւ։ Փու­թին նշեց թէ Ար­ցա­խի նիւ­թով կնքո­ւած հա­մաձայ­նութեան պայ­մաննե­րը ընդհան­րա­պէս կը յար­գո­ւին, լուրջ մի­ջադէպ­ներ չեն պա­տահած եւ Ռուս Խա­ղաղա­պահ Զօր­քը ամ­բողջո­վին կը կա­տարէ իր ստանձնած առա­քելու­թիւնը։ Փու­թին նաեւ նշեց, որ ար­դիւնաւետ հան­դի­պում մը կա­յացած է եւ այս պա­հուն Ար­ցա­խի տնտե­սական եւ փո­խադ­րա­կան խնդիր­նե­րու լուծման հա­մար երեք եր­կիրնե­րու վար­չա­պետ­նե­րու օգ­նա­կանի մա­կար­դա­կով նոր աշ­խա­տան­քա­յին խումբ մը պի­տի կա­յանայ։ Ապա ելոյթ ու­նե­ցաւ Իլ­համ Ալիեւ, որ Մո­կովեան հան­դի­պու­մը գնա­հատեց, իբ­րեւ կող­մե­րու Ար­ցա­խեան խնդրին լու­ծում գտնե­լու ջանք։ «Զի­նադա­դարէն եր­կու ամիս ետք կող­մե­րու Մոս­կո­վեան հան­դի­պու­մը ապա­ցոյց մըն է Սեպ­տեմբեր, Նո­յեմ­բեր շրջա­նի ապ­րո­ւած­նե­րու վրա­յէն գիծ մը քա­շելու հա­մար»։ Ան եւս կա­րեւո­րեց փո­խադ­րա­կան հա­մակար­գի վե­րակա­ռու­ցումը, նշե­լով թէ այսպէ­սով տա­րած­քաշրջա­նի զար­գացումը կա­րեւոր ոստում պի­տի արձանագրէ։

Փա­շինեան ալ իր կար­գին նշեց որ եռա­կողմ հան­դի­պու­մը պի­տի ծա­ռայէ տա­րած­քաշրջա­նի տնտե­սական պայ­մաննե­րուն բա­րելաւ­ման։ Ան նաեւ նշեց, որ մէկ հան­դի­պու­մով ան­կա­րելի է խնդիր­նե­րուն լու­ծում գտնե­լը։ «Ան­գամ մը եւս ընդգծել կ՚ու­զեմ թէ մե­զի հա­մար առաջ­նա­հեր­թութիւն կը պար­զէ մարդկա­յին խնդիր­նե­րը, մա­նաւանդ ալ 9 Նո­յեմ­բե­րին ստո­րագ­րո­ւած պայ­մա­նագ­րի ու­թե­րորդ յօ­դուա­ծը, որ կը վե­րաբե­րի ռազ­մա­գերի­ներու փո­խանակ­ման»։ Փա­շինեան նոյն միտ­քե­րը ար­տա­սանեց Փու­թի­նի հետ ու­նե­ցած առան­ձին հան­դի­պու­մի պա­հին ալ, նշե­լով որ ռա­զագե­րինե­րու փո­խանա­կու­մը, նա­հատակ­նե­րու դիակ­նե­րու յանձնու­մը եւ ան­յայտ կո­րած­նե­րու յայտնա­բերու­մը իրենց հա­մար առաջ­նա­հեր­թութիւն կը կազ­մեն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ