Օքան Շիմշէք ձերբակալուած

Հրանդ Տին­քի սպա­նու­թեան մա­սին դա­տավա­րու­թիւնը վեր­ջերս որո­շում կա­յացուցած էր ոճի­րի թո­ւակա­նին Տրա­պիզո­նի Ոս­տի­կան Զօ­րաց հրա­մանա­տարու­թեան մէջ Լրա­քաղութեան բաժ­նի աշ­խա­տակից են­թասպայ Օքան Շիմ­շէ­քի ձեր­բա­կալ­ման մա­սին։ Դա­տարա­նը այս որո­շու­մը կա­յացո­ւցած էր 8 Յու­նո­ւարի նիս­տին, նկա­տի ու­նե­նալով որ ան նա­խապէս տե­ղեակ եղած էր կա­տարուելիք ոճի­րէն, բայց չէր փո­խան­ցած իր հրա­մանա­տար­նե­րուն։ Շիմ­շէք բեր­ման են­թարկուած է Մա­նիսա­յի մէջ։ Նա­խորդ նիս­տին ձեր­բա­կալ­ման որո­շում կա­յացուած եւ նոյն կազ­մի մէջ աշ­խա­տող Վէյ­սել Շա­հին ալ ձեր­բա­կալո­ւած էր Ատա­նայ։

Դա­տավա­րու­թիւնը պի­տի շա­րու­նա­կուի 15 Յու­նո­ւար ուրբաթ օր։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ