«Պետութիւն մը, որ ոճրագործ մը չըլլալը փաստելու համար ուղղակի կը ջանայ փաստել, թէ յիմար մըն է…»

Թերթիս հիմնադիր եւ հրատարակութեան ընդհ. տնօրէն Հրանդ Տինք ոգեկոչուեցաւ սպանութեան 14-րդ տարելիցին առթիւ։ Ռաքէլ Տինք ամուսնոյն սպանութեան վայրը կատարած ելոյթին մէջ մատնանշեց պետութեան ոճրագործութեան մէջ ունեցած դերն ու պատասխանատուութիւնը։ Ստորեւ կարդալ Ռաքէլ Տինքի խօսքը.

Սիրելի բարեկամներ, 14 տարիէ ի վեր այստեղ ենք։

Այսօր այստեղ ենք համավարակի պայմաններուն տակ՝ իր ցաւերովն ու անորոշութեամբ։ Գիտեմ, որ բազմաթիւ են մարդիկ, որոնց սիրտը հոս կը բաբախէ։

Այստեղը վերածուեցաւ վայրի մը, ուր կը յիշուին ու կը յիշեցուին նիւթեր, զորս մոռցնել կ՚ուզեն։ Այստեղը վայր մըն է, ուր սորվեցանք ցաւերով եղբայրանալ, բաժնեկցիլ ցաւերը, առերեսուիլ։ Եղաւ վայր մը, ուր կը հաւաքուին մարդիկ, որոնք արդարութիւն ու ճշմարտութիւն կը փնտռեն, կը ցանկան։ Այստեղը վերածուեցաւ վայրի մը, ուր կը խօսուի անտարբերութեամբ, անգթօրէն անպատասխանի, անարդիւնք մնացած դատերուն, ոճրագործութիւններուն մասին, զորս գործած է պետութիւնը, որոնց իր աչքը փակած է ան։

Որպէս թոռը թուրի աւելցուկի մը, ո՛չ միայն ուրացան, մերժեցին դարերէ ի վեր մեր ապրած ցաւերը, այլ նաեւ իրենց սուտերը պսակեցին «այսպէս կոչուած ցեղասպանութիւն» եզրով։ Մտածա՞ծ էք երբեք, թէ արդեօք կը ցաւցնէք ոմանք, կը վիրաւորէք։ Հայու դէմ ա՛լ վերջ մը չունեցող ձեր թշնամանքը, ձեր հայհոյանքները, անարգանքը, ոխը, բարկութիւնը իրապէս յոգնեցուցիչ սկսած է դառնալ։ Իսկ դուք չյոգնեցա՞ք ալ։ Մե՜ղք… Լռելը, յոխորտալը ամօթ է։ Տէրը բոլորիս օգնական…

«Ով որ չի սիրեր եղբայրը, զոր կը տեսնէ, ինչպէ՞ս կրնայ սիրել զԱստուած, զոր չէ տեսած», կ՚ըսէ Աստուծոյ խօսքը։

Պատասխանատուութիւն, դիւրազգածութիւն, արդարութիւն ու ճշդիւ մորմոք հարկ է՝ որպէսզի չկրկնուի։ Հարկ է խոստովանիլ, ներում խնդրել, ապաշխարել։

Սիրելի բարեկամներ, այնքան վիշտ, կոտորած, ոճիր, սուգ, դատ կուտակուած է, որ կը քաշուինք մեր ցաւը արտայայտելէ։ Դժբախտաբար ունինք պետութիւն մը, որու խնդիրները չեն վերջանար իր քաղաքացիներուն հետ… Մինչդեռ ո՞վ, ի՞նչ շահած է սպանելէ, թշնամանքէ, պատերազմէ, բացի մահու, սուգի, ցաւի, սովի բազմապատկումէն։

Եթէ կայ Խաղաղութիւն, սէր, բարութիւն, առատութիւն, ուրախութիւն, ինչո՞ւ են պատերազմները, թշնամանքը, վատութիւնը, տանջանքը։ Այս բոլորը թշնամանք է նաեւ Աստուծոյ դէմ։ Այսպէ՞ս կ՚ըլլան մաքուր ձեռքերը։ Ո՞ր օճառով կարելի է մաքրել այս ժահրը։ Այսպէ՞ս կը պաշտպանուի մարդկային պատիւը։ Պետութիւնները, վարչութիւնները այսպէ՞ս է որ արժանապատիւ կը դառնան։

14 տարիէ ի վեր կը շարունակուի ամուսնոյս դատը։ Այս 14 տարուան ընթացքին ինչպէ՞ս է որ չկրցան լուծել ոճիրի մը դատը։ Չկրցան լուծել, որովհետեւ իրենց նպատակը այդ չէ։ Կը ջանան փակել դատը, սակայն ամէնուր այնպէս մը տարածուած է որ չեն կրնար ձեւով մը ծրարել։ Այլապէս ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել այսքան տարի ազդու հետաքննութեան մը չիրականացուիլը։ Ուրեմն ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել սպառնալիք ուղղած, թիրախ ցոյց տուած անձերուն նոյնիսկ անգամ մը չհարցաքննուիլը։ Շուտով պիտի փորձեն դատը վերջացնել, նոր վճիռ մը արձակելով։ Եթէ վստահ էք որ դատը աւարտած է, ուրեմն ինչո՞ւ կը մերժէք մեր փաստաբաններուն պահանջքները։ Ինչո՞ւ չէք հարցաքններ սպառնալիք ուղղած, թիրախ ցոյց տուած ու դրդած անձերը։

14 տարիէ ի վեր այս երկրին մէջ բազմաթիւ դաշինքներ կազմուեցան ու քանդուեցան։ Ըստ այդմ ալ մեր դատը անընդհատ գոյն փոխեց։ Անկարելի է չմտածել. արդեօք այս անգամ ո՞ր դաշինքի անդամներուն կ՚երկարի ծայրը։

Ըսենք յստակօրէն. ըսել, թէ Հրանդը ՖԷԹԷՕ-ն սպանած է՝ հաւասար է ըսելու. «Ես ըրած չեմ, այլ՝ ձեռքս»։ Ըսել, թէ Հրանդը «Էրքենեքոն»ը սպանած է՝ հաւասար է ըսելու. «Ես ըրած չեմ, այլ՝ ոտքս»։ Տարիներ շարունակ լեզուովդ պոռալով-կանչելով, ոտքովդ քալելով հասար հոս։ Եւ զէնքը երկու ձեռքովդ բռնած՝ բլթակը քաշեցիր։ Սպանեցիր Ջութակս։ Եթէ դուն ո՛տքդ, ձե՛ռքդ, լեզո՛ւդ չես՝ հապա ո՞վ ես։ Տարօրինակ պետութեան մը երեւոյթը կայ այդքա՜ն ուրացողներու, ամբաստանեալներու ու վկաներու ետին, որոնք 14 տարիէ ի վեր կը ջանան փաստել, թէ իրենց պարտականութիւնը ըստ արժանւոյն կատարած են։ Պետութիւն մը, որ ոճրագործ մը չըլլալը փաստելու համար ուղղակի կը ջանայ փաստել, թէ յիմար մըն է… Ձգեցէք թող փլչին պատերը, շէնքերը։ Այս ժողովուրդը աւելի լաւը պիտի շինէ։ Իսկ եթէ պիտի չկարենայ շինել՝ կը նշանակէ, որ աւերակ մըն է։
Աստուած կը զզուի եօթը բանէ։ Դժբախտաբար գոռոզութեան, սուտի վերջը չկայ։ Տեւական կը բազմանան մարդասպանները, խաբեբաները, անոնք, որոնք հաճոյք կը ստանան վատութենէ։ Եւ դժբախտաբար խտրական մտայնութիւնը կ՚աճի՝ նախանձ, թշնամութիւն ու սուտ շնչելով։ Կարելի է սգալ մեր երկրին համար, որովհետեւ այս բոլորը աւելիով կան։

«Վա՜յ անոնց, որոնք անօրէնութիւնը ունայնութեան չուաններով կը քաշեն ու մեղքը՝ սայլի փոկերով քաշելու պէս… Վա՜յ անոնց, որոնք չարին բարի կ’ըսեն ու բարիին՝ չար. որոնք խաւարը՝ լոյսի տեղ ու լոյսը խաւարի տեղ կը դնեն, որոնք դառնը՝ քաղցրի տեղ ու քաղցրը դառնի տեղ կը դնեն»։ Եսայի, Ե. 18, 20

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ