Նոր շրջան ամերիկեան քաղաքականութեան մէջ

Թերթիս տպագրութեան պատրաստուած ժամերուն ԱՄՆ-ի մէջ կը կայանար նախագահական պաշտօնի փոխանցում առանց նախորդ նախագահի մասնակցութեամբ։ Արդարեւ Տանըլտ Թրամբ առաջին օրէն սկսեալ մերժած էր իր կրած պարտութիւնը եւ 6 Յունուարին իր հրահրած խառնակութիւններէ ետք յայտարարած էր թէ պիտի չմասնակցի պաշտօնի փոխանցան արարողութեան։ Այդ իսկ պատճառով նախկին նախագահը երդման արարողութենէն ժամեր առաջ լքեց Սպիտակ Պալատը։

ԱՄՆ-ի արկածախնդիր նախագահը իր անհաշտ բնազդին զոհը դարձաւ եւ ամօթալի պատկերներ պարզելով հեռացաւ քաղաքական դաշտէն յուսախաբ ընելով իր բազմամիլիոն համակիրները։

Նորընտիր նախագահ Պայտընի առաջնահերթութիւնները պիտի ըլլան Թրամբի աւերածներու վերամշակումը։ Այդ ծիրէն ներս Պայտըն խոստացած էր թէ ԱՄՆ շուտով կը վերադառնայ Փարիզի Կլիմայի յանձնաժողովին, վերստանձնելով իր երկրի խոստացած եւ Թրամբի օրով չեղեալ համարուած պատասխանատուութիւնները։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ