Կ՚ուզեն ծախել Պուրսայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը

Կալուած­նե­րու առու­ծա­խով զբա­ղուող ըն­կե­րու­թեան մը ծա­նու­ցումը վեր­ջերս բա­ւակա­նին ար­­ձա­­­գանգ գտաւ սոց­­ցանցե­­րու մէջ։ Ծա­­նու­­ցումը կը վե­­րաբե­­րէր նա­­խապէս հա­­յերու պատ­­կա­­­նող եկե­­ղեցիի մը, որ այժմ սե­­փակա­­նատէ­­րը կ՚ու­­զէր ծա­­խել 6 մի­­լիոն ԹԼ.-ի փո­­խարէն։ Աշ­­խարհի վրայ շատ մը եր­­կիրնե­­րու հա­­մար ան­­հա­­­ւատա­­լի երե­­ւոյթ է եկե­­ղեցիի մը ան­­հա­­­տական սե­­փակա­­նու­­թիւն ըլ­­լա­­­լը։ Բան մը, որ Թուրքիոյ մէջ բո­­լորո­­վին սո­­վորա­­կան կը դի­­տուի, քա­­նի որ Օս­­մա­­­նեան շրջա­­նէ Հան­­րա­­­պետա­­կան տա­­րինե­­րու անցնե­­լու ընթացքին բազ­­մա­­­հազար տա­­ճար­­ներ, դպրոց­­ներ, վան­­քեր եւս մատ­­նո­­­ւած են ան­­տէ­­­րու­­թեան եւ բաշ­­խո­­­ւած են երկրի մահ­­մե­­­տական հա­­սարա­­կու­­թեան։ Լրա­­տուու­­թիւնը տես­­նե­­­լով փոր­­ձե­­­ցինք լրա­­ցու­­ցիչ տե­­ղեկու­­թիւննե­­րու հաս­­նիլ, որու հե­­տեւան­­քով պար­­զո­­­ւեցաւ թէ վա­­ճառ­­քի նիւթ դար­­ձողը Հայ Կա­­թողի­­կէ Հա­­մայնքի պատ­­կա­­­նող Սուրբ Գրի­­գոր Լու­­սա­­­ւորիչ եկե­­ղեցին է, որ կա­­ռու­­ցո­­­ւած է 1839 թո­­ւին Պօ­­ղոս Մա­­նու­­շեան Արք. Եպիս­­կո­­­պոսի գա­­հակա­­լու­­թեան շրջա­­նին։ Եկե­­ղեցիի օծու­­մը կա­­տարո­­ւած է ձե­­ռամբ Ան­­տո­­­նեան Միաբա­­նու­­թե­­­նէն Հայր Պօ­­ղոս Վար­­դա­­­պետ Հա­­ճըեանի՝ որ ծա­­գու­­մով Փրքնիկ­­ցի էր եւ ժա­­մանած էր Լի­բանա­նէն։ Եկե­ղեցին 1862 եւ 1893 թո­ւական­նե­րուն կ՚են­թարկո­ւի վե­րաշի­նու­թեան, որուն ծախ­սե­րը կ՚ապա­հովո­ւի ժո­ղովրդա­կան հան­գա­նակու­թիւնով։ Բո­լոր այս տե­ղեկու­թիւննե­րը ար­ձա­նագ­րո­ւած են 1913 թո­ւակիր տո­մարի մը մէջ ձե­ռամբ Յով­հաննէս Վրդ. Չեր­քեշլիեանի։ Այս տո­մարի մէջ կը նշո­ւի նաեւ մին­չեւ 1913 թո­ւական Պուրսա քա­ղաքի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած մկրտու­թիւննե­րը, պսա­կադ­րութիւննե­րը եւ թա­ղումնե­րը։

Մինչ այդ Թուրքիոյ Հայ Կա­թողի­կէ Հա­մայնքի վի­ճակա­ւոր ար­հիապա­տիւ Լե­ւոն Գե­րապայ­ծառ Զէ­քիեան կապ հաս­տա­տած է վա­ճառ­քը ստանձնող ըն­կե­րու­թեան հետ եւ կար­ծի­քի փո­խանա­կումներ ու­նե­ցած է եկե­ղեց­ւոյ ապա­գայի շա­հագործման եղա­նակ­նե­րու մա­սին։

Հայ Կա­թողի­կէ Պատ­րիար­քա­րանէ ստա­ցուած լու­րե­րու հա­մաձայն հա­ւանա­կան է, որ Գե­րապայ­ծառ Զէ­քիեան Մարտ ամ­սո­ւայ մէջ հան­դի­պում ու­նե­նայ Պուրսա քա­ղաքի իշ­խա­նու­թիւննե­րու հետ, դար­ձեալ եկե­ղեց­ւոյ ապա­գային մա­սին կար­ծի­քի փո­խանա­կումներ ու­նե­նալու առու­մով։

Եկե­ղեցին ան­ցեալին եւս մա­մու­լի օրա­կար­գին էր դար­ձեալ վա­ճառ­քի մը հա­ւանա­կանու­թեամբ, որու մա­սին «Ակօս»ի թղթա­կիցը Ֆա­թիհ Կէօք­հան Տի­լեր մեկ­նած էր Պուրսա եւ կա­տարուած­նե­րու մա­սին թղթակ­ցութիւն մը հրա­պարա­կած էր 2 Մարտ 2016 թո­ւակիր «Ակօս»ի էջերուն վրայ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ