Հրանդ Տինք յիշատակուեցաւ

19Յու­նո­ւար երեք­­շաբթի սպա­­նու­­թեան 14 ամեակի առ­­թիւ «Ակօս»ի հիմ­­նա­­­դիր եւ խմբագ­­րա­­­պետ Հրանդ Տինք յի­­շատա­­կուե­­ցաւ առ­­ցանց դրու­­թեամբ։ Երբ աւե­­լի քան 13 տա­­րինե­­րէ ի վեր շա­­րու­­նա­­­կուող դա­­տավա­­րու­­թիւնը հետզհե­­տէ կը մօ­­տենայ իր աւար­­տին, Հրանդ Տինք յի­­շատա­­կուե­­ցաւ «Հոս ես Աղ­­բա­­­րիկ» բնա­­բանով։ «Հրան­­դի Ըն­­կերնե­­րը» հար­­թա­­­կը ի տար­­բե­­­րու­­թիւն նա­­խորդ տա­­րինե­­րուն «Հոս ենք Աղ­­բա­­­րիկ» կար­­գա­­­խօսին այս տա­­րի նկա­­տի ու­­նե­­­նալով առ­­ցանց դրու­­թեան ընդձե­­ռած կա­­րելիու­­թիւննե­­րը հա­­մաշ­­խարհա­­յին կոչ մը ընե­­լով յայ­­տա­­­րարե­­ցին թէ Հրանդ Տինք Պոլ­­սոյ քա­­միին մէջ, Արա­­րատի գա­­գաթի ամ­­պե­­­րուն, Մի­­ջին Արե­­ւել­­քի աղջնա­­կի մը ար­­ցունքին, Ափ­­րի­­­կեցի մշա­­կի մը ճակ­­տի քրտին­­քին մէջ է։ Ար­­դա­­­րեւ այս կո­­չի հետ կա­­յքէջին տե­­ղադ­­րո­­­ւած երկրա­­գունդի քար­­տէ­­­զի մը վրայ հրա­­ւիրե­­ցին բո­­լորը հպու­­մով մը իրենց տե­­ղը յայտնե­­լու։ Այսպէ­­սով կարճ ժա­­մանա­­կի ըն­­թացքին երկրա­­գունդի քար­­տէ­­­զին զա­­նազան կէ­­տերու վրայ յայտնուեցաւ «Հոս ես Աղ­­բա­­­րիկ» նշումնե­­րը։

Այս տա­­րի միայն Տինք ըն­­տա­­­նիքի ան­­դամնե­­րով սահ­­մա­­­նուած էր «Ակօս»ի նախ­­կին խմբագ­­րա­­­տան մուտքին կա­­տարուող յի­­շատա­­կու­­մը։ Ժա­­մը 15.00-ին Ռա­­քէլ Տինք այդ կէ­­տէն ար­­տա­­­սանեց այս տա­­րուայ հա­­մար շա­­րադ­­րո­­­ւած ելոյ­­թը։

Միւս կող­­մէ «Հրանդ Տին­­քի Ըն­­կերնե­­րը» հար­­թա­­­կէն Պա­­շաք Տե­­միր­­թաշ ար­­տա­­­սանեց այս տա­­րուայ մամ­­լոյ յայ­­տա­­­րարու­­թիւնը։ Առ­­ցանց մի­­ջոցառ­­ման աւար­­տին հար­­թա­­­կին առաջ­­նա­­­տար գոր­­ծիչնե­­րէն Պիւ­­լենթ Այ­­տըն Հրանդ Տին­­քի յի­­շատա­­կը յար­­գողնե­­րը յա­­ջորդ տա­­րուայ հա­­մար հրա­­ւիրեց այդ նոյն վայր, ուր նա­­խորդ տա­­րինե­­րուն զան­­գուածա­­յին մաս­­նակցու­­թեամբ յի­­շատա­­կուած էր Հրանդ Տինք։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ