Արուեստի ծովին մէջ կաթիլ մը ըլլալու համար

ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ

Լեզո­ւական ստու­գա­բանու­թեան հա­մաձայն մարդ էակը բնո­րոշող «Ադամ» բա­ռի ծա­գու­մը կա­պուած է եփ­րա­յերէն «Ադա­մա» բա­ռի հետ, որ կը նշա­նակէ հող։ Սուրբ Գիր­քի պա­տու­մով մար­դը հո­ղեղէն է։ Չէ որ Աս­տո­ւած իր արար­չա­կան աշ­խա­տան­քին վեր­ջա­կէտը դրաւ ափ մը հո­ղին շունչ տա­լով ու Ադա­մը ստեղ­ծե­լով։ Թե­րեւս այդ է մար­դու եւ հո­ղի մի­ջեւ ան­հերքե­լի են­թարկո­ւածու­թեան գաղտնի­քը։ Չէ որ հող էինք եւ ի հող պի­տի դառ­նա­յինք։ Ու­րեմն եթէ իբ­րեւ մշակ հո­ղը մշա­կելով կազ­մե­ցինք քա­ղաքակրթու­թիւն, արո­ւես­տա­գէտն ալ այդ նոյն հո­ղը մշա­կելով ստեղ­ծեց գե­ղարո­ւես­տի նմոյշներ։

Իմ թա­ղի մէջ փոք­րիկ ցու­ցասրա­հի եւ աշ­խա­տանո­ցի մը պայ­մաննե­րով հո­ղը գե­ղարո­ւես­տի վե­րածող Սե­հեր Պե­ճելը կը ծա­նօթաց­նեմ ձեզ։

Նախ կը հե­տաքրքրո­ւիմ իր ու­սումով։ Կ՚իմա­նամ որ ան Լիւ­լէ­պուրկա­զի մէջ նախ­նա­կան եւ երկրոր­դա­կան ու­սումը ստա­նալէ վերջ յա­ճախած է Չու­քուրո­վա Հա­մալ­սա­րանի Կե­րամի­կայի բա­ժինը։ Իսկ աւելի ուշ մաս­նա­գիտա­ցած է նոյն ճիւ­ղի մէջ, այս ան­գամ Կա­զի Հա­մալ­սա­րանը։

Հա­պա ինչպէ՞ս եղած է նման ցու­ցասրահ մը կազ­մե­լու ոդի­սակա­նը։ Կը պատ­մէ նախ արո­ւես­տով զբա­ղելու դժուարու­թիւննե­րու մա­սին։ «Քան­դա­կը հա­մեմա­տաբար աւելի շատ գնորդ ու­նի, քան կե­րամի­կան։ Անոր հա­մար ալ ես արո­ւես­տա­գէտ­նե­րու մէջ խտրա­կանու­թիւն չեմ ըներ։ Մինչ այդ ու­սումով մաս­նա­գիտա­ցած­նե­րու կող­քին ին­քնուս արո­ւեսա­գէտ­նե­րու ալ առիթ ըն­ծա­յեցի իրենց գոր­ծե­րը ցու­ցադրե­լու հա­մար։ Ընդհան­րա­պէս դրա­մական պա­հանջ մը չեմ ու­նե­նար, այլ կը գո­հանամ իրենց գոր­ծե­րէն մէ­կը վար դնե­լով։ Մին­չեւ օրս մօտ 550 արո­ւես­տա­գէտի հետ աշ­խա­տեցայ, որոնց մէջ կան գե­ղան­կա­րիչ­ներ, քան­դա­կագործներ, կեր­պա­րաուես­տի զա­նազան ճիւ­ղե­րէ գոր­ծեր ար­տադրող­ներ։ Բո­լոր այդ գոր­ծե­րը կը ծա­նօթաց­նեմ նաեւ իմ www.sanatal.com կայ­քէ­ջէն։ Այժմ կը պա­տրաստո­ւիմ 1 Փետ­րո­ւար 2021-ին մեկ­նարկե­լի «Նո­ւէր Սի­րեցեալին» խո­րագ­րեալ ցու­ցա­հան­դէ­սին, որ պի­տի շա­րու­նա­կուի մին­չեւ 1 Մարտ 2021 եւ տեղ պի­տի գտնէ 25 արո­ւես­տա­գէտ­նե­րու գոր­ծե­րը»։

Հե­տաքրքրու­թիւնս աւել­ցած է։ Այս ան­գամ կ՚ու­զեմ իմա­նալ թէ Սե­հեր Պե­ճել իր կե­րամի­կաներն ալ կը ցու­ցադրէ՞։ Ու­րախ տրա­մադ­րութիւ­նով կը պա­տաս­խա­նէ թէ նա­խորդ տա­րուայ Դեկ­տեմբե­րին յատ­կա­պէս ալ Ամա­նորի ուղղեալ յա­տուկ ցու­ցադրու­թիւն մը ու­նե­ցած է, ուր վա­ճառ­քի հա­նած է մատ­չե­լի գի­ներով փոքր քան­դակներ։ «Հե­տաքրքա­կան էր իմ պա­տրաս­տած խնկա­մանը, որուն մէկ օրի­նակին վրայ խաչ կար եւ միւ­սին ոչ։ Վեր­ջա­պէս խունկ ծխե­լը միայն քրիս­տո­նեանե­րու յա­տուկ երե­ւոյթ չէ»։ Տես­նե­լով իր պա­տրաս­տած Զատ­կի հաւ­կիթնե­րը, կ՚ու­զեմ իմա­նալ թէ ուրկէ՞ կու գայ քրիս­տո­նէական ոճով զար­դա­րուես­տի նկատ­մամբ իր հա­կու­մը։ Կը խոս­տո­վանի որ մին­չեւ հինգ տա­րի առաջ շփում չէ ու­նե­ցած, ոեւէ քրիս­տո­նեայի հետ։ Բայց հի­մա բնա­կած թա­ղի Պա­քըր­գիւղի մէջ շատ քրիս­տո­նեայ ըն­կերներ ու­նե­ցած է։

«Հի­մա անոնց շնոր­հիւ ծա­նօթա­ցայ նաեւ եկե­ղեցի­ներու հետ։ Նոյ­նիսկ Սա­մաթիոյ Սուրբ Գէորգ եկե­ղեցին իմ ար­տադրած զատ­կի հաւ­կիթնե­րով շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնեց բա­րերար­նե­րուն։ Ին­ծի հա­մար կա­րեւոր եղա­ծը մարդկանց հա­ճելի բա­ներ ար­տադրելն է»։

Այս ան­գամ ու­շադրու­թիւնս կ՚ուղղուի Սե­հերի աշ­խա­տանո­ցին։ Կը պատ­մէ թէ առա­ւօտուն 09.00-էի մին­չեւ երե­կոյեան 19.00 անընդհատ կ՚աշ­խա­տի կե­րամի­կաներ ար­տադրե­լով։

Չէ որ տե­սած­ներս ընդհան­րա­պէս փոք­րա­կերտ գոր­ծեր էին կը հե­տաքրքուիմ, ար­դեօք մեծ ծա­ւալով գոր­ծեր ալ ար­տադրա՞ծ է։ Այո, կը պա­տաս­խա­նէ. «Յատ­կա­պէս ու­սա­նողու­թեան շրջա­նին հա­մալ­սա­րանը գոր­ծի փո­խարէն ցեխ կը տրա­մադ­րէր, որոնցմով մե­ծահա­սակ քան­դակներ սար­քած եմ»։

Այս զրոյ­ցով կ՚իմա­նամ որ Սե­հերը 42 խառն ցու­ցա­հան­դէսնե­րու մաս­նակցած է եւ 2009-2011 թո­ւական­նե­րուն Ան­գա­րայի մէջ եր­կու ան­հա­տական ցու­ցա­հան­դէսնե­ր։ Ան նաեւ եր­կու ան­գամ ալ խառն ցու­ցա­հան­դէսնե­րու մաս­նակցած է Փա­րիզի մէջ։

Ինչպէս միշտ կը պա­տահի այս զրոյ­ցով ալ նոր ու հե­տաքրքրա­կան ապ­րումի մը ծալ­քե­րէն ներս թա­փան­ցած եմ եւ ու­րախ կը զգամ Սե­հեր Պե­ճելը՝ անոր փոք­րիկ աշ­խա­տանո­ցը եւ ցու­ցասրա­հը թա­ղիս մէջ վայելելով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ