Նզովք

ՌՈՒԲԷՆ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ

«Մեր ունեցածը՝ ըստ արժանաւորն

չենք գնահատում բայց վա­յելում ենք,

իսկ երբ կորցնում ենք, յայտնա­բերում

ենք այն ար­ժէքնե­րը որ չէինք տե­սել»

Շեքսպիր

Կը Կար­ծեմ, թէ աշ­խարհաս­փիւռ հա­յերու հիմ­նա­կան մտեծ­մունքը ոչ միայն 44 օրեայ նզո­վալ պա­տերազմն էր, այլ նաեւ անոր հե­տեւանքնե­րը եւ ապա­գայի անորոշու­թիւնը։ Միայն պար­զա­միտ­ներ են որ նոյ­նը չկրկնե­լու տար­բե­րակը չեն տես­ներ ինչպէս որ չտե­սան Յու­լիս ամ­սին Նա­խիջե­ւան տե­ղի ու­նե­ցող զի­նավար­ժութիւ­նը։ Այդ մէ­կը նա­խազ­գուշա­ցեմ էր, առանց նա­խապայ­մա­նի հա­մաձայ­նո­ւիլ Լաւ­րո­վի ծրագ­րին եւ յանձնել տա­րածքնե­րը առանց դի­մադ­րութեան։ Այս պայ­մա­նը որ տաս­նա­մեակ­ներ շա­րու­նակ կը կրկնուէր, բայց մե­րոնք չէին ցան­կա­նար հա­մակեր­պիլ այդ սկզբունքին։ Փու­թի­նի թե­ւի տակ պատսպա­րուե­լով կը կա­րողա­նային յե­տաձ­գել կամ ձգձգել խար­խուլ վի­ճակը առանց որե­ւէ առար­կա­յական լու­ծում գտնե­լու։ Միւս կող­մէ Մինսկեան խմբա­կի հա­մանա­խագահ­նե­րը բո­լոր հան­դի­պումնե­րու ըն­թացքին կառ­չած էին այդ նոյն սկզբունքին։

Այ­սօր եւս Կար­սի տա­րած­քին, թուրք-ազե­րի զօր­քե­րը մեծ ծա­ւալի նոր զի­նավար­ժութեան կը պատ­րաստո­ւին, մե­րոնք ան­դեօք կը նկա­տեն, որու դէմ է այդ գոր­ծո­ղու­թիւնը։ Մեր հիմ­նա­կան թշնա­մին կը շա­րու­նա­կէ կրկնել, որ Երե­ւանը եւ Սիւ­նի­քը հայ­կա­կան չեն, առանց դա­դրեց­նելու որոշ ոտնձգու­թիւններ սահ­մա­նին վրայ։ Իսկ մեր տհաս ընդդի­մադիր այ­րե­րը կը կա­րողա­նան միաս­նա­բար իրենց պե­տութեան դէմ ցոյ­ցեր կազ­մա­կեր­պել՝ իրար յօ­շոտե­լու ախոր­ժա­կով։

Խոս­տո­վանինք թէ վա­ղուց կորցրած ենք իրա­տես ըլ­լա­լու բնա­կան մեր ու­նա­կու­թիւնը։

Հա­յաս­տանցի­ներու օտա­րամո­լու­թիւնը տես­նե­լու հա­մար հե­ռադի­տակի կա­րիք չի կայ։ Այս պա­հուն կը յի­շեմ Կոլ­տա Մէ­յերի պատ­գամը իր հայ­րե­նակից­նե­րուն։

«Ու­ժեղ պե­տու­թիւն կա­ռու­ցե­լու հա­մար անհրա­ժեշտ է որ , օտա­րու­թեան մէջ բնա­կուող­նե­րը վե­րադառ­նան եր­կիր, ապա­գայի հո­գատա­րու­թիւն չու­նե­նալու պայ­մա­նով։ Երկրէն դուրս ել­լեն միայն ար­ձա­կուրդի առի­թով որուն հա­մար անհրա­ժեշտ պայ­մա­նան­ներն են։

-Կա­շառ­քը հա­մարո­ւի դա­ւաճա­նու­թեան հա­մազօր եւ բո­լորը պե­տական այ­րե­րու հետ մէկ­տեղ դա­տուին օրէն­քի խստու­թեամբ՝ երբ կա­շառո­ւած են։ Զի­նուո­րական­նե­րը, բժիշկնե­րը մա­նակա­վարժնե­րը անհրա­ժեշ­տա­բար բարձր գնա­հատո­ւին։

-Աշ­խա­տիլ, աշ­խա­տիլ եւ աշ­խա­տիլ քան­զի մեզ­մէ բա­ցի՝ ոչ ոք պատ­րաստ է հո­գալ եւ մեզ պաշտպա­նել, սնել եւ կա­ռավա­րու­թեան բա­րեկե­ցու­թիւնը ապա­հովել»։

Այս պատ­գա­մը նմա­ն է Հա­յաս­տա­նի չա­փերով կա­րուած շքեղ հա­գուստի եւ ճիշդ կ՚ըլ­լար որ բո­լորը տե­ղեկա­նային այս իրո­ղու­թեան։

Յա­ճախ կը կաս­կա­ծիմ տես­նե­լով երկրի տի­րող երե­ւոյթնե­րը՝ դրա­կա՞ն թէ բա­ցասա­կան է մեզ հա­մար ան­կա­խու­թիւնը։ Դժո­ւար է կողմնո­րոշո­ւիլ, քա­նի որ երեք տաս­նա­մեակ սխալ­ներ կու­տա­կած ենք բո­լոր ոլորտնե­րուն։ Չենք ստեղ­ծած հա­մահայ­կա­կան մտքի առանցք, որ ըլ­լար մեր ու­ղե­ցոյց հա­ւատամ­քը՝ իւ­րա­քանչիւր քայ­լի հա­մար։ Ընդ հա­կառակ ան­բա­րոյ, անգրա­գէտ կե­ցուած­քը համա­տա­րած բնոյթ ստա­ցած է։ Զանց չառ­նե­լով ազ­գա­յին ար­ժէքնե­րու՝ պե­տակա­նու­թեան, դի­ւանա­գիտու­թեան, բա­նակի, կրթու­թեան, մշա­կոյ­թի, գի­տու­թեան եւ տնտե­սու­թեան աւե­րու­մը, նշենք նաեւ ար­դիւնա­բերու­թեան կա­տարեալ, տար­րա­լու­ծումը, ոչնչա­ցումը։ Այս նզո­վեալ վի­ճակի հե­ղինա­կը մէկ հո­գի չէ, անոնք բա­զում են եւ տար­բեր տրա­մաչա­փի։

Եթէ Փա­շինեանի գա­լուստը նախ­կիննե­րէն փրկո­ւելու մի­ջոց է եւ շա­տերը ծա­փահա­րեցին ապա այն չե­ղաւ մեծ վե­րակա­ռու­ցում։ Թե­րեւս ան­փորձու­թիւնը թոյլ չէր տո­ւած ձեր­բա­զատո­ւիլ թաւ­շեայ թիկ­նո­ցէն, դառ­նա­լով որոշ սխալ­նե­րու ակունք, որ դա­ւաճա­նու­թիւն որա­կել՝ մեր հա­մոզ­մամբ թիւ­րա­տեսու­թիւն է եւ անի­րաւ, չնա­յած ին­քը եւս կը փոր­ձէ ան­ցեալի սխալ­նե­րու թա­փան­ցիկ շղար­շի ետե­ւը թաք­նո­ւիլ։

Մէ­կի կամ միւ­սի սխա­լը մա­տի փա­թաթան ընե­լը պայ­քար չէ, խնդրի լու­ծում եւս չէ։ Մա­նաւանչ որ սխա­լէն բան սոր­վի­լը եւս հա­յոց մշա­կոյ­թի մաս չի կազ­մեր։ Ու­րեմն մե­րօրեայ հրա­մայա­կանը ինչ ձե­ւով վե­րականգնելն է, որու հա­մար պէտք է ազ­գով սթա­փինք, արթնա­նանք եւ լուրջ ու­ղի­ներ փնտռենք ցոյ­ցե­րու փո­խարէն։

Բա­զում այլ խնդիր­նե­րու կող­քին կա­րելի է մտա­ծել եւ ձեռ­նարկել մեր երկրէ ներս պսա­կաձեւ ժահ­րի դէմ եւ այլ պա­տուաս­տի ար­տադրու­թեան կեդ­րո­նի ստեղ­ծումը։ Ամ­բողջ աշ­խարհ այդ խնդի­րով հե­տաքրքիր է եւ այս մար­զէ ներս մեծ յա­ջողու­թիւն գրան­ցած է «Մո­տեր­նա» ըն­կե­րու­թիւնը, որու տնօ­րէնն է Նու­պար Աֆէ­յեանը։ Ին­չո՞ւ անոր դի­մելով չփոր­ձենք։ Թե­րեւս յա­ջողո­ւի։ Նման բնոյ­թի քայ­լե­րու պէտք է դի­մենք զի­նամ­թերքի ար­տադրու­թեան վե­րաբե­րեալ։ Տաս­նա­մեակ­ներ է, որ եր­կի­րը անար­դիւնա­ւետ սպա­սար­կութեամբ եւ հան­քեր մշա­կելով կը յա­ռաջա­նայ, որ հե­ռու է շա­հաւէտ ըլ­լա­լէ։ Չեմ բաժ­ներ պար­տութիւ­նը վեր­ջա­կէտ հա­մարող կար­ծի­քը։ Ան պի­տի ըլ­լայ մեր վե­րափոխ­ման սկիզ­բը։ Պայ­մա­նաւ որ պատ­րաստ ըլ­լանք քա­ղաքա­կան կար­գա­պահու­թիւնը եւ ժո­ղովուրդի ան­կիրթ կե­ցուած­քը բարձրաց­նե­լով մենք եւս յաղ­թա­կան կը դառ­նանք, վստահ եմ։

Պէտք չէ մո­ռանալ որ մեր եր­կի­րը չամ­րա­ցուած պատ­նէշ է բան-իս­լա­մական վա­րակիչ տա­րած­ման ծրագ­րի դի­մաց։ Մեր դե­րը հսկա­յական է քա­ղաքա­կիրթ եր­կիրնե­րը այդ չա­րիքէն փրկե­լու գոր­ծին մէջ։ Թէեւ շա­տերը գի­տեն, բայց ոմանք չտես­նել կը ձե­ւաց­նեն։ Մեր ու­սե­րուն դրո­ւած ակա­մայ պար­տա­կանու­թիւնը պա­տուով իրա­գոր­ծե­լու եւ մեզ վրայ ծան­րա­ցած նզով­քէն ազա­տուե­լու հա­մար զգօն, իրա­տես, ար­թուն պի­տի ըլ­լանք մին­չեւ որ գայ մեր օրը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ