Վերադարձ 90-ականներու բռնութեան

Թուրքիոյ քա­ղաքա­կան պատ­մութեան մէջ տա­րեթի­ւերը ու­նին խորհրդան­շաններ։ 1990-ական­նե­րու ամե­նաշատ յի­շուած խորհրդան­շանն էր «Սպի­տակ Թո­րոս» կո­չեալ ինքնա­շարժնե­րը, որոնք կը գոր­ծա­ծուէին պե­տու­թեան գաղտնի գոր­ծա­կալու­թիւննե­րու կող­մէ։ Յատ­կա­պէս քրտաբ­նակ տա­­րածքնե­­րու բնա­­կիչ­­նե­­­րը փոր­­ձա­­­ռու­­թեամբ գի­­տէին թէ սպի­­տաը Թո­­րոսով տա­­րուած­­նե­­­րը ետ չեն գար։ Պե­­տու­­թեան անվտան­­գութեան ծա­­ռայու­­թիւննե­­րը ու­­նէին նաեւ ոչ պաշ­­տօ­­­նական աշ­­խա­­­տանք, որու հա­­մար եր­­բեք հա­­շուա­­տու չէին։ Չէին, որով­­հե­­­տեւ պե­­տական մար­­միննե­­րը սկզբունքօ­­րէն կը մեր­­ժէին նման կա­­ռոյցնե­­րու գո­­յու­­թիւնը։

Այս օրե­­րուս յա­­ճախա­­կի կը յի­­շուին սպի­­տակ Թո­­րոս­­նե­­­րը, այն տար­­բե­­­րու­­թիւնով թէ այժմ նոյն առա­­քելու­­թիւնը կը կա­­տարեն սեւ թրանսփորթըրնե­­րը։

20 Յու­­նո­­­ւարին առա­­ւօտո­­ւայ ժա­­մերուն գոր­­ծա­­­տեղի եր­­թա­­­լու հա­­մար տու­­նէն դուրս եկող երի­­տասարդ հա­­մայ­­նա­­­վար մը Կէօք­­հան Կիւ­­նէշ առե­­ւան­­գո­­­ւեցաւ քա­­նի մը ան­­ձե­­­րու կող­­մէ, որոնք զինք հրե­­լով սեւ թրանսփորթրնե­­րի մը մէջ տա­­րին ան­­յայտ վայր մը։

Կիւ­­նէ­­­շի ըն­­տա­­­նիքը դէպ­­քը լսե­­լով ահա­­զանգ հնչե­­ցու­­ցին իրենց հա­­րազա­­տի առե­­ւան­­գումի մա­­սին։ Հինգ օր շա­­րու­­նակ ապար­­դիւն մնաց անոնց բո­­լոր դի­­մումնե­­րը եւ որո­­նումնե­­րը։ Վե­­ցերորդ օր առա­­ւօտո­­ւայ ժա­­մերուն Կէօք­­հան Կիւ­­նէշ ազատ ար­­ձա­­­կուե­­ցաւ զինք առե­­ւան­­գողնե­­րու կող­­մէ։ Նոյն օր յետ­­մի­­­ջօրէին Մար­­դու Իրա­­ւունքնե­­րու Միու­­թեան մէջ մամ­­լոյ յայ­­տա­­­րարու­­թիւնով մը լրագ­­րողնե­­րուն ներ­­կա­­­յացաւ ու պատ­­մեց այդ վեց օրե­­րու ըն­­թացքին իր ապ­­րածնե­­րը։

«20 Յու­­նո­­­ւարի առա­­ւօտուն էր, երբ մօ­­տեցած էի աշ­­խա­­­տատե­­ղին յան­­կարծ զիս շրջա­­պատե­­ցին չորս կամ հինգ ան­­ձեր եւ զիս հրմշտկե­­լով թխմե­­ցին ինքնա­­շար­­ժի մը մէջ։ Եր­­կուքը կող­­քիս նստան, ան­­մի­­­ջապէս գլխուս ան­­ցուցին սեւ պարկ մը եւ գլուխս ծղե­­ցին մին­­չեւ ծունկե­­րուս։ Չեմ գի­­տեր թէ ուր տա­­րին։ Բայց ըն­­դարձակ տա­­րածք մըն էր եւ հա­­ւանա­­բար հոն ինձ նման առե­­ւան­­գո­­­ւած ու­­րիշներ ալ կա­­յին։ Հինգ օր շա­­րու­­նակ տան­­ջանքնե­­րու են­­թարկո­­ւեցայ։ Յա­­ճախ ծե­­ծեցին մարմնիս ելեկտրա­­կան հո­­սանք տո­­ւին եւ մերթ ընդ մերթ ալ պաղ ջուր թա­­փեցին վրաս։ Պահ մը հար­­ցուցին թէ ար­­դեօք գի­­տեմ թէ իրենք ո՞վ են։ «Լրա­­քաղու­­թի՞ւն» հար­­ցուցի, իսկ իրենք պա­­տաս­­խա­­­նեցին։ «Մենք ան­­տե­­­սանե­­լիներն ենք»։ Ար­­դա­­­րեւ ան­­տե­­­սանե­­լինե­­րը վե­­ցերորդ առ­­տու զինք ազատ թո­­ղած են աչ­­քա­­­կապով եւ թե­­լադ­­րած որ ետ չնա­­յի։

Ան­­շուշտ այս ան­­ցուդար­­ձե­­­րը բա­­ցար­­ձա­­­կապէս տեղ չեն գտած իշ­­խա­­­նամետ ԶԼՄ-նե­­րու վրայ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ