Եկեղեցի մը եւս փլեցին

Նախորդ շա­բաթ այս էջե­րու վրայ անդրա­դար­ձած էինք Պուրսա­յի մէջ վա­ճառ­քի հա­նուած Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւորիչ եկե­ղեց­ւոյ մա­սին։ Այդ լրա­տուութեամբ անդրա­դար­ձած էինք նաեւ Թուրքիոյ մէջ ան­հատնե­րու սե­փակա­նու­թիւն դար­ձած եկե­ղեցի­ներու գո­յու­թեան տա­րօրի­նակու­թեան։ Ար­դա­րեւ այս շա­բաթ վրայ հա­սած է Կու­տի­նայի հայ­կա­կան Սուրբ Թորոս եկեղցւոյ իր սե­փակա­նատի­րոջ ձեռ­քով փլուզման լու­րը։ 1600-ական տա­րեթի­ւերուն թո­ւար­կո­ւած եկե­ղեցին նա­խապէս օգ­տա­գոր­ծո­ւած էր հարսնի­քի հան­դի­սու­թիւննե­րուն հա­մար։

ՀՏՓ կու­սակցու­թեան պատ­գա­մաւոր Կա­րօ Փայ­լան մշա­կոյ­թի նա­խարա­րին հար­ցումնա­գիր մը յղած է հարցնե­լով թէ ի՞նչ պա­ժամի­ջոց­ներ կը մտադ­րո­ւին եկե­ղեցին փլող կա­լուա­ծատի­րոջ հան­դէպ, քա­նի որ այդ շի­նու­թիւնը գրան­ցո­ւած էր նա­խարա­րու­թեան մշա­կու­թա­յին ար­ժէք ներ­կա­յաց­նող կա­ռոյցնե­րու ցան­կին։

Փայ­լան նաեւ կը նշէ եկե­ղեց­ւոյ իբ­րեւ յի­շողու­թեան վայր նշա­նակու­թիւնը, քա­նի որ հոն մկրտո­ւած է Կո­միտաս վար­դա­պետ։

Եկե­ղեցիի փլու­զումը ար­ձա­գանգ գտած է նաեւ մա­մու­լի էջե­րուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ